ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի հաւատարմագրի արարողութեան

Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը Յուլիս 9-ին  իր հաւատարմագրերը յանձնեց Գանատայի կառավարիչ Ժիւլի Փայեթին՝ Քեպէգ քաղաքին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։

Կառավարիչ Փայեթ շնորհավորեց Հայաստանի դեսպանին պաշտօնի ստանձնման համար եւ յոյս հայտնեց, որ դեսպանը իր գործօն ներդրումը կ՚ունենայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման և խորացման գծով:

Անահիտ Յարութիւնեանը իր կարգին վերահաստատեց Հայաստանի իշխանութիւններու և հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը Գանատայի կողմէ Հայոց Ցեղաս­պանութեան ճանաչման գծով, ինչպէս նաև Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու համար:

Արարողութեան ներկայ էին Գանատայի հայ համայնքը ներկայցնող պատուիրակութիւն մը, Բաբգէն Արք. Չարեան, Աբգար եպս. Յովակիմեան, Թորոնթոյի մօտ ՀՀ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան։ Ներկայ էր նաեւ դեսպանատան հիւպատոս Արա Մկրտչեան։

Արարողութենէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան շնորհաւորեցին դեսպանին եւ Գանատայի ՀՅԴ մեծ ընտանիքին անունով վերահաստատեցին ամբողջական զօրակցութիւն դեսպանատան աշխատանքներուն եւ դեսպանի առաքելութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.