ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին
13 Ապրիլ 2023-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղին։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ Յակոբ Բագրատունի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, թեմի մամլոյ պատասխանատու Ռուբէն Գէորգեան եւ ազգայիններ Արմէն Ուրֆալեան ու Սուրէն Վարդանեան։
Սապպաղ բարի գալուստ մաղթելով պատուիրակութեան նշեց, որ սուրիահայերը Սուրիոյ բնիկ քաղաքացիներն են եւ սուրիական բազմերանգ ընկերութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը կը համարուին։ Ապա, աւելցնելով ըսաւ որ անոնք, Սուրիոյ մնացեալ ժողովուրդին հետ, աշխոյժ դերակատարութիւն ունին Սուրիոյ բարգաւաճման եւ պաշտպանութեան մէջ, շեշտելով որ ներկայ փուլին սուրիահայերը ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի տալով նուիրուած են Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքին՝ Սուրիոյ իմաստուն նախագահին բարձր հովանաւորութեան ներքոյ։
Սապպաղ առանձնայատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներու պատմական, ջերմ յարաբերութիւններուն, որոնց լաւագոյն դրսեւորումը ի յայտ եկաւ Սուրիան ցնցած վերջին երկրաշարժին, երբ հայութիւնը օգնութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ ժողովուրդին։
Իր կարգին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ անդամներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դասապարտման համար։ Ապա դիտել տուաւ, որ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն անմիջապէա ետք ՀՅԴ Բիւրօն իր աշխարհասփիւռ կառոյցները զօրաշարժի ենթարկեց՝ փութալու Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան։
Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ Սուրիան իւրայատուկ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի ողջ հայութեան համար եւ աշխարհի որեւէ անկիւն կարելի է գտնել Սուրիոյ մէջ արմատներ, հարազատներ ունեցող հայեր, որոնք անխախտ պահած են իրենց կապը Սուրիոյ հետ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ պետութեան, որ ընդհանրապէս եւ մանաւանդ պատերազմի տարիներուն հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերած է հայ համայնքին եւ նեցուկ կանգնած անոր վերականգնումի աշխատանքներուն։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազգային ժողովին հետ Սուրիոյ պետութեան եւ խորհրդարանին յարաբերութիւնները
Եզրափակելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը գնահատէ պատերազմի տարիներուն նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի ղեկավարութեամբ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին պատուաբեր կեցուածքները, լաւ կը գիտակցի Սուրիոյ դէմ մղուած ապատեղեկատուական պատերազմին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ ճշմարիտ պատկերը հասցնելու աշխարհին։ Ապա մաղթեց, որ Սուրիան շուտով վերականգնի, իսկ ժողովուրդը վերագտնէ իր նախապատերազմեան բարօր ու խաղաղ կեանքը։
Հանդիպումին կը մասնակցէր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։
Comments are closed.