ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻԼ

19 Յունիսին Նիկոլ Դումանի տուն թանգարանին մէջ կազմակերպուած էր երդումի եւ խոստումի արարողութիւն։ Արարողութեան ընթացքին 4 նորագիրներ համալրած են ՀՅ Դաշնակցութեան, 31-ը՝ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, իսկ 56-ը՝ ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան շարքերը: Երդման արարողութեան կնքահայրը ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեանն էր, երիտասարդական միութեան խոստման արարողութեանը՝ Սերկէյ Շահուերտեանը։
 
Պատանեկան Միութեան խոստման արարողութեան կնքահայրներն էին ՀՅԴ Արցախի Մարտունիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Մասիս Սուլէյմանեան, ՀՅԴ Արցախի Ասկերանի շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սուրիկ Թովմասեան, դաշնակցականներ Շանթ Չարշաֆճեան, Գէորգ Իսքաճեան։
Աւանդոյթի ուժով, նաեւ կարգով, մինչեւ երդում տալը Ա․ Մոսիյեան նորագիրներուն հարցուց, թէ արդեօ՞ք պատրաստ են ամբողջովին նուիրուելու Դաշնակցութեան գաղափարախպսութեան, որուն ի պատասխան՝ նորագիրները անվարան պատասխանեցին՝ այո։
Պատերազմէն վերջ ՀՅԴ Արցախի կառոյցներու շարքերուն անընդհատ ընդլայնումը կը փաստէ, որ երիտասարդները Դաշնակցութեան հետ կը կապեն իրենց, հետեւաբար նաեւ հայրենիքի փառաւոր ապագան։
Դաժան ու դժուարին ճանապարհով դէպի հայ ժողովուրդի յարատեւութիւն, Ազատ, անկախ ու Միացեալ Հայաստան․ այս գիտակցութեամբ նորագիրները այսօր միացած են կառոյցներուն։
Արարողութենէն վերջ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Ալիոնա Գրիգորեան պատանիներուն ու երիտասարդներուն ծանօթացուցած է տուն-թանգարանը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Նիկոլ Դումանի գործունէութեան մասին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.