ՀՅԴ-ականները այցելեցին Եռաբլուրի մէջ հանգչող Շուշիի ազատագրման ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն

Այսօր խումբ մը դաշնակցականներ այցելեցին Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Շուշիի ազատագրման համար իրենց կեանքը զոհած տղաներուն:

Արցախի ազատամարտի առաջին իսկ օրերուն Լիբանանէն Հայաստան ժամանած ու Շուշիի ազատագրման օրն ալ զոհուած ՀՅԴ-ական Վիգէն Զաքարեանի մասին խօսելով՝ Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ-ի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանը յիշեց, թէ ի՛նչ ըսած էր Վիգէնի հայրը, երբ տղուն մահուան քառասունքին օրը այցելեր էին Եռաբլուր: «Վիգէնը մինուճար տղայ էր, ու երբ քառասունքի օրը այստեղ եկանք, հայրը հետաքրքրական բան մը ըսաւ. «1969-ին զաւակ ունեցայ, որպէսզի տամ հայրենիքիս»: Այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի հասկնանք այն անձնազոհութիւնը, այն նուիրումը, զոր ունեցեր են մեր սփիւռքահայ ընկերները: Այս մէկը իսկապէս մատաղի պէս բան մըն էր՝ որդի ունեցեր են հայրենիքին համար: Առաջին իսկ առիթի պարագային, իսկ այդ առիթը Արցախեան պատերազմն էր, իրենց որդին ուղղակի նուիրաբերեր են հայրենիքին», ըսաւ Յարութիւնեան:

Ան նշեց նաեւ, որ Վիգէնը ծնողներէն ու ընկերներէն ծածուկ եկած էր` Արցախեան ազատամարտին մասնակցելու, եւ Երեւանի մէջ ոչ մէկ օր չէր մնացեր: «Վիգէնը կ՚ըսէր՝ այս չտեսայ, այն չտեսայ. օդակայանէն ետք ուղղաթիռով ուղիղ Արցախ եկած էր: Կ՚ուզեմ, որ յիշենք նման տղաքը, որոնք, գնդակ չարձակելով նոյնիսկ, արդէն իսկ հերոս են: Անոնք թողեցին իրենց հանգիստ կեանքը, եկան` օգնելու իրենց եղբայրներն ու քոյրերը: Իսկ այն, որ այսօր այստեղ՝ Եռաբլուրի մէջ, դուք՝ երիտասարդներդ, մեր կողքին կանգնած էք, այս մէկը կը նշանակէ, որ այս մարդոց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ», ըսաւ Յարութիւնեան:

Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ-ի անդամ Իգոր Սարգսեանի խօսքով՝ Մայիս 8-ն ուրախալի, բայց, միեւնոյն ժամանակ, նաեւ տխուր օր է: Ըստ իրեն՝ ուրախալի է, քանի որ փորձեցինք տարիներ ետք ազատագրել Շուշին, իսկ տխուր է, քանի որ ընկերներ կորսնցուցին: «Մենք կորսնցուցինք Վիգէն Զաքարեանը՝ ընկերը, որ Լիբանանի իր հանգիստ, խաղաղ կեանքը թողեր ու եկեր էր հայրենիքի պաշտպանութեան համար պայքարելու: Արդէն 26 տարի է՝ կ՚այցելենք Եռաբլուր, ծաղիկներ կը բերենք, կը կանգնինք լուռ ու կը մտածենք կեանքի մասին, մեր ըրածներուն ու ընելիքներուն մասին, կը մտածենք՝ մեր պայքարը իմաստ ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Այստեղ հաւաքուած երիտասարդ սերունդը կը վկայէ, որ պայքարը ունէր իմաստ, մենք ունինք շարունակութիւն, մենք ունինք զաւակներ, որոնք մեր գործը պիտի շարունակեն», ըսաւ Սարգսեան:

Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ-ի Հայաստանի ԳՄ ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեանը յիշեցուց, որ Մայիս 8-ին եւ 9-ին մենք ունեցանք 47 զոհ: Անոր խօսքով՝ մենք պարտաւոր ենք բոլորը յիշելու՝ անուն առ անուն: «Ի հարկէ, Շուշիի գումարտակի ՀՅԴ-ի վաշտէն մէկ զոհ էր՝ Վիգէնը, բայց կային այլ դաշնակցականներ, օրինակ` Արտաշատի ջոկատէն Վազգէնը եւ այլք: Պէտք է յիշենք բոլորը, փառք տանք անոնց, մենք զմեզ պարտաւորուած զգանք՝ անոնց գործը շարունակելու: Ներկայիս մարտահրաւէրները մեզմէ կը պահանջեն աւելի զգօն ու պատրաստ ըլլալ, որուն վառ ապացոյցն է ապրիլեան օրերուն ՀՅԴ-ի պահեստային առանձին գումարտակի ձեւաւորումը, որուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երիտասարդները: Մեր պարտքն է մեր ունեցած փորձն ու գիտելիքները փոխանցել անոնց, որովհետեւ ժամանակները կը փոխուին՝ ճանապարհը երիտասարդներունն է», ըսաւ Մխիթարեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.