ՀՄԸՄ-Կամքի կրտսերները Մոնթրէալի կողովագնդակի մրցաշարքի ախոյեան

Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2017-ին, ՀՄԸՄԿամքի Մոնթրէալի կողովագնդակի տղոց կրտսերներու (14-15 տարեկան) խումբը, որ 8 յաղթանակ եւ 0 պարտութիւն արձանագրած էր, այս տարեշրջանին ախոյեանական խաղը աւարտեց 53-46 յաղթանակով՝ EB-Training-ի դէմԱյս յաղթանակով ՀՄԸՄը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Մոնթրէալի YBL-ի (Youth Basketball League) առաջնութեան:

Ախոյեան խումբի անդամներն են ԺանՓիէռ Արճեան, Անդրանիկ  Թիւթիւնճեան, Գէորգ Սապպա, Յարութ Քանդակեան, Ճոնի Գարամանլեան, Հրակ Աճէմեան, Շիրազ Սուլթանեան, Տիգրան Խանոյեան, իսկ մարզիչներն են Ճորճ Ճապրայեան եւ Կարօ Մանուկ:

Խաղի ընթացքին դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ծնողներուն եւ համակիրներուն քաջալերանքներն ու խրախուսական կանչերը, որոնց արդիւնքով մեր հերոսները կրցան գնդակի  արագ փոխանցումներով եւ Ժոնի Գարամանլեանի իւրայատուկ խոհեմութեամբ գնդակը հասցնել սակառին:

Շնորհիւ  մեր տղոց ներդաշնակ խաղարկութեան՝ բուռն մրցակցութենէ ետք  խաղը  աւարտեցաւ 53- 46  արդիւնքով՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-Կամքի:

Նշենք նաեւ, որ ԺանՓիէռ Արճեանը իր օրինակելի կեցուածքին առ ի գնահատանք ստացաւ Լաւագոյն մարզիկի MVP տիտղոսը. ԺանՓիէռը այս տարեշրջանին ապահոված էր 17.4 միջին.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.