ՀՄԸՄ-ի Վկայեալ կարգի տուչութիւն

Վկայեալ կարգի տուչութիւն

Վկայեալ կարգը, ՀՄԸՄ-ի կարգերէն մէկն է: Այս կարգին կարժանանան այն թեկնածուները, որոնք կրնան բաւարար գիտելիքներով ստանձնել սկաուտական խմբաւորման մը ղեկավարումը, ինչպէս նաեւ թեկնածուն ինքնաշխատութեամբ, գործօն մասնակցութեամբ եւ փորձարկումով կրնայ գործադրել իր ստացած բոլոր նիւթերը:

Նիւթերն են՝, միութենական, ազգային, սկաուտական, քաղաքացիական, հոգեբանական եւ կրօնական գիտելիքներ::

ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանային Սկաուտական Խորհուրդը կազմակերպեց այս տարուան վկայեալ կարգի աշխատանքը: Թորոնթոյի մասնաճիւղէն մասնակցեցան 15 քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց աշխատանքը:

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 7-ին, տեղի ունեցաւ կարգի բաշխումը: Վկայեալ կարգ ստացան քոյրեր՝ Ատրինէ Արթին, Արազ Տէր Օհան, Աննա Մութաֆեան, Թիթեռ Քարկոցեան, Նարօտ Տիշոսիփ, Բալիկ Մուրատեան, Մարալ Տէր Օհան, Լորա Տոնոյեան, Սիէնա Մարկորեան եւ նաթալի Մալաքեան: Եղբայրներ՝ Տարօն Տերտերեան, Էտվին Երիցեան, Քրիստ Մերճանեան, Ճորճ Պիուս եւ Հայկ Յարութիւնեան:

ՀՄԸՄ-ի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կը ցանկանք, որ իրենց աշխատանքով հասնին նաեւ Արարատեան կարգի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.