ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովի Յայտարարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր ժողովը` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու քայլին, խստօրէն կը դատապարտէ միջազգային օրէնքները ոտնակոխող այս անմարդկային արարքը:

Միութեանս գերագոյն ժողովին մասնակցող բոլոր անդամները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք այս պահուն պատնէշի վրայ կանգնած, հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական երդումին, իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան եւ ապահովութեան:

Մարդկութեան պատմութեան մէջ նորութիւն չէ թուրք-օսմանեան պետական այս քաղաքականութիւնը , որ դարերու ընթացքին միշտ սպառնացած եւ կործանած է ազգային փոքրամասնութիւններու պատմական արժէքներն ու մշակոյթները:

Առ այդ, յանուն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն, կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին, որ Թուրքիոյ պարտադրէ անյապաղ կասեցնել իր ներխուժումը եւ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ անմեղ քաղաքացիներու ազգային անվտանգութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ժողով

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.