ՀՄԸՄի Օրուան Նուիրուած Տարեկան 2րդ Ձեռնարկին Պիտի Պարգեւատրուի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, ՀՄԸՄի Օրուան տօնախմբութիւնը գեղեցիկ սովորութիւն դարձնելու հեռանկարով, կազմակերպած է իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահը (3347 N. San Fernando Rd., Los Angeles 90065):

Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկին ընթացքին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ՀՄԸՄի «Արտակարգ» պատուանշանով պիտի պարգեւատրուի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը՝ առ ի գնահատանք ՀՄԸՄին հետ իր մշատական սերտ գործակցութեան: Աւելի՛ն, առաջնորդ հօր գլխաւորութեամբ է, որ ՀՄԸՄի սկաուտական  բաժանմունքը ունեցած է արի-արենոյշներու «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», իսկ գայլիկ-արծուիկներու՝ «Գայլ Վահան եւ Ս. Վարդան» կրօնական շքանշանները:

Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ Շրջանային վարչութիւնը ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանով պիտի պատուէ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն կարգ մը քոյր-եղբայրներ, որոնք տարիներ շարունակ անսակարկ նուիրումով գործած են այս կազմակերպութեան համար: ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշան պիտի ստանան հետեւեալները.

Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Սիւզի Մինոյեան,

Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն՝ Շահէն Աղաբաբեան,

Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն՝ Նշան Տէր Գալուստեան,

Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղէն՝ Արա Եսայեան,

Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն՝ Սօսի Սեմերճեան

Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն՝ Անդրէ Փա-շայի,

Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղէն՝ Զարուհի Տէր Դաւիթեան,

Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղէն՝ Օշին Յարութիւնեան,

Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղէն՝ Քուինթ Քեմնիթս,

Ինլընտ Էմփայրի «Ա-րազ» մասնաճիւղէն՝ Ռո-զին Սաղեան,

Սանթա Քլարա հովիտի «Անի» մասնաճիւղէն՝ Հրայր Թաշճեան,

Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղէն՝ Վարդգէս Շխըրտմեան,

Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղէն՝  Եոլանդա Ղազարեան,

Ֆինիքսի մասնաճիւղէն՝ Կապի Գուրիէ,

Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղէն՝ Արմինէ Ժամկոչեան,

Նորթ Հոլիվուտի «æաւախք» մասնաճիւղ՝ Համբիկ Շահինեան։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344-4300 թիւին:

Նաեւ, Կիրակի, Նոյեմբեր 13ի  առաւօտեան, յաւարտ Ս. պատարագի, շրջանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած  ՀՄԸՄականներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Comments are closed.