ՀՀ վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեցին Արցախի հիւսիսային հատուածի սահմանապահ դիրքեր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Նոյեմբեր 30-ին այցելած է Արցախի Պաշտպանական Բանակի հիւսիսային հատուածի սահմանապահ դիրքեր: Վարչապետ Փաշինեանին եւ նախագահ Սահակեանին ուղեկցած են ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան եւ ԱՀ Պաշտպանութեան նախարար-Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեան:

Սահմանապահ դիրքերու այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին եւ Բակօ Սահակեանին զեկուցուած են առաջնագիծի վրայ առկայ վիճակին, սահմանապահ դիրքերուն մէջ վերջին շրջանին իրականացած ճարտարագիտական սարքերու յագեցուածութեան ապահովման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին: ՀՀ վարչապետը եւ ԱՀ նախագահը ծանօթացած են զինծառայողներու կենցաղային պայմաններուն եւ զրուցած զինուորներուն հետ: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է Զինուած Ուժերու, ռազմարդիւնաբերութեան շարունակական զարգացումը եւ նշած, որ բանակը պէտք է դառնայ տնտեսութեան զարգացման մղիչ ուժը: Վարչապետը կարեւորած է Զինուած Ուժերուն մէջ սնունդի նոր կարգի ներդրումը եւ նկատած, որ այն կարող է խթանել նաեւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը, քանի որ գիւղմթերքը ձեռք կը բերուի ուղիղ գիւղացիէն:

Զինծառայողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է սահմանապահ դիրքեր այցելելու նպատակին, Զինուած Ուժերու զարգացման եւ այլ հարցերու:

Այնուհետեւ վարչապետը խրախուսական նուէրներ յանձնած է շարք մը զինծառայողներու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.