ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է զինուորական հիւանդանոց

Մայիսի 25-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը Դաւիթ Տօնոյեանը այցելած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։

Նախարարը մասնակցած է հիւանդանոցի ամբողջութեամբ վերանորոգուած բաժանմունքներու բացման արարողութեան։ Հիւանդանոցի վնասուածքաբանական և ընդհանուր վիրաբուժութեան բաժանմունքներու յարկերը առողջական խնդիրներ ունեցող զինծառայողներուն այսուհետև կ՚ընդունին նոր հիւանդասենեակներու եւ վիրակապարաններու մէջ։

Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շրջած է վերաբացուած բաժանմունքներուն մէջ, ծանօթացած է իրականացուած աշխատանքներուն, տեղադրուած նոր սարքաւորումներուն եւ օդափոխութեան համակարգերուն։

Պաշտպանութեան նախարարի անմիջական հսկողությամբ իրականացված վերանորոգումն ու վերազինումը կատարվել է մեկ փուլով, ինչը հնարավորութիւն է տվել առանց ժամանակ կորցնելու անցնել բուժսպասարկման։

Շրջայցի ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարը տեսակցած է վիրաւոր զինծառայողներուն հետ։ Այցելութեան ընթացքին կայացած է խորհրդակցութիւն՝ ռազմաբժշկական ծառայութեան ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձել է զինուած ուժերուն մէջ COVID-19-ի դէմ տարուող պայքարին, զօրամասերուն մէջ իրականացուող հակահամավարակային միջոցառումներուն և յառաջիկայ ծրագիրերներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.