ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ Արցախի շարք մը զօրամասեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մարտ 25-ին Արցախ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին այցելած են Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասեր, եւ ծանօթացած են զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, ինչպէս նաեւ հանդիպած են զինուորներու ծնողներուն հետ։ Անոնք ներկայ գտնուած են նաեւ զօրամասերէն մէկուն մէջ հայկական էսդրատային երգիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած համերգին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.