ՀՀ Ազգային ժողովի որոշումը Սահմանադրական դատարանի դատաւորական կազմը հանրաքուէով գործէ արձակելու մասին

Սահմանադրական իրաւունքի բնագաւառին մէջ, հիմնական նորմ է երեք տարանջատ իշխանութիւններու փոխ-յարաբերութեանց կայունութեան պահպանումը։ Եւ այդ կայունութեան երաշխաւորը Սահմանադրական Դատարանն է, որուն որոշումները անվերաքննելի են։

Ժողովրդավարական համակարգը պարտադիր կը դարձնէ, որ երկրի օրէնսդիր և գործադիր իշխանութիւնները գործեն իրենց սահմանադրական իրաւասութիւններու նախատեսուած սահմաններուն մէջ։ Անոնք հարկադրուած են յարգելու երրորդ իշխանութեան, այսինքն դատակա՛ն իշխանութեան անկախութիւնը։ Եւ հետևաբար՝ պարտաւորուած են ընդունելու դատական համակարգի տնօրինումները ԱՌԱՆՑ ԴՈՅԶՆ ԻՍԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԵԱՆ։ Ո ՛Չ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ, Ո ՛Չ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՍ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ, Ո ՛Չ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ Ո ՛Չ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԷՆ ՈՐԵՒԷ ՄԷԿԸ ԱՐՏՕՆՈՒԱԾ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ԽՌՈՎԱՐԿԵԼՈՒ ՀՀ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՁԱՆՑ ԴԷՄ։ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՈՐԵՒԷ ՔԱՅԼ ՔՐԷԱԿԱՆ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ Է ՀՀ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԽՍՏՕՐԷՆ ՊԱՏԺԵԼԻ։

Իսկ օրէնսդիր և գործադիր իշխանութեանց որոշումներու և պահուածքի (conduct) սահմանադրականութիւնը հաստատող միակ իրաւասու ատեանը ՀՀ Սահմանադրական Դատարանն է, որուն վրայ որևէ գերիշխանութիւն չունին և չեն կրնար ունենալ օրէնսդիր և գործադիր իշխանութեանց իշխանաւորները։ Եթէ դատական համակարգի գործիչներէն ոևէ մէկը մեղաւոր է փտախտով և զեղծարարութեամբ (ինչպէս մեծահագագ կը պնդեն ներկայ իշխանութեան համակիրներն ու ջատագովները), այդ ամբաստանութիւնը պէտք է մանրամասնօրէն հիմնաւորուի պետութեան համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ և հարցը լուծում գտնէ ՀՀ Սահամանդրութեան նախատեսած գործընթացներով միայն։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ գործընթացները աղմկարարութեամբ նախապաշարելու։ ԴԱՐՁԵԱԼ՝ ՆՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒՆ ԸՍԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻՆ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ՝ ՊՐ. ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՝Ի՛ՆՔ։ ԲԱՅՑ ՈՒՆԻՆ ԸՆԵԼԻՔ։ ԱՆՈՆՔ ԱՄԷՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔԱՅԼ ՊԻՏԻ ԱՌՆԵՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՊԱՀՈՒԻ ԽԱՂԱՂ ԵՒ ԱՆԽԱԹԱՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ԵՒ ՀԵՌՈՒ՛ ՈՐԵՒԷ ԱՄԲՈԽԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷ։

Այս բոլորէն կը հետևի, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի որոշումը ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի դատաւորական կազմը հանրաքուէով լուծարելու յարիր չէ ՀՀ Սահմանադրութեան սկզբունքներու էութեան։ Ան յստակօրէն կը ցոլացնէ քաղաքական մեծամասնութեան նեղ օրակարգը և երկրի սահմանադրական գործընթացը կը քաղաքականացնէ։ Առաւել ևս անընդունելի՛՝ որ այդ քաղաքականացումը տեղի կ՚ունենայ մեծամասնութեան ուժի չարաշահումով և առանց համազգային խորհրդակցութեան։ Որոշումը նաև կը խախտէ հիմնական օրինականութիւն մը։ Եթէ «մեղքեր» կան գործուած, այդ մեղքերուն հետ առընչուող մեղադրանքները — յետին մանրամասնութեամբ — պէտք է ուղղուած ըլլան իւրաքանչիւր ԱՆՀԱՏ դատաւորի, մինչդեռ որոշումը «կը լուայ բոլորն ալ նոյն ջուրով»…Եւ մանաւանդ ան ոտնակոխ կ՚ընէ իւրաքանչիւր դատաւորի անմեղութեան կանխավարկածը։ Դատաւորական այս կազմի դատաւորներէն ամէն մէկը — ներառեալ՝ Սահմանադրական Դատարանի ներկայ Նախագահը — ԱՆՄԵՂ է մինչև որ ՀՀ Սահմանադրութեան նախատեսած գործընթացով ապացուցուի անոնցմէ ամէն մէկուն կարծեցեալ մեղքը։ Ո՞ւր է Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը։ Եւ ո՞ւր կը մնայ Մեծարգոյ Պր. Վարչապետին հաւաստիացումը, թէ իր իշխանութեան օրով մարդու իրաւունքները տառացիօրէն պիտի յարգուին…

Ես տակաւին ըստ էութեան չխօսեցայ ՀՀ Սահմանադրական Դատարանին դէմ շղթայազերծուած այս խաչակրութեան մասին։ Այդ մէկը՝ ուրիշ առթիւ։ Մէկ բան կ՚ուզեմ յանձնել բոլորին ուշադրութեան։ Պատկերացուցէ՛ք, որ ամէն նոր իշխանութիւն, որ այս կամ այն ձևով խորհրդարանական մեծամասնութիւն կը ձևաւորէ և կը յայտնուի պետութեան ղեկավար դիրքերուն վրայ, ինքզինքին իրաւունքը տայ նոր հանրաքուէի միջոցով Սահմանադրական Դատարան փոխելու…Այսինքն՝ փոխելու այն իսկ մարմինը, որ յանուն հանրութեան պարտականութիւնը ունի իր վրայ հսկելու…Խնդրեմ ըսէք, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՚ըստացուի այս ընթացքով։ Ըսէք, թէ ինչպիսի՞ ծաղրանկարի կը վերածենք մեր երկրի տնօրէն օրէնքը, օրէնքներու օրէնքը, մեր ազգային միասնականութիւնը օրինագրող միակ փաստաղուղթը, մեր հաւաքական ինքնութեան վկա՛ն։ Վերջ տուէք, տիկնայք և պարոնայք։ Վերջ տուէք այս երթուդարձին։ Եւ կամ ըսէք հանրութեան, որ ի վիճակի չէք այս երկիրը իր սահմանադրութեամբ կառավարելու։

Կարօ Արմենեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.