ՀՀ ԱԳՆ Յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչներու Հանդիպման Վերաբերեալ

Մոսկուայի մէջ այսօր՝ Յունուար 14–ին, տեղի ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերդար Քըլըչի հանդիպումը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը։

«Կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած առաջին հանդիպման ընթացքին յատուկ ներկայացուցիչները իրենց նախնական մտքերը փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան միջոցով կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Կողմերը համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու։

Երկրորդ հանդիպման ամսաթիւն ու վայրը պիտի որոշուի պատշաճ ժամկէտի մէջ՝ դիւանագիտական ուղիներով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.