Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «Պակսող էջերը» գիրքը կը պատմէ Զէյթունի Աւետարանին ոդիսականը

Շուտով լոյս կը տեսնէ Գալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան մասնագէտ-դասախօս Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփայի «The missing pages. The modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice» («Պակսող էջերը. Միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը՝ Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8 էջերուն:

Զէյթունի Աւետարանը 1256 թուականին ընդօրինակուած է Հռոմկլայի մէջ: Զայն գրած ու նկարազարդած է 13-րդ դարու լուսաւորիչ եւ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին՝ կաթողիկոս Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիի պատուէրով: Աւետարանը կը նկատուի հայկական մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն մէկը: Ան նկարազարդուած է խորաններով, աւետարանիչներու պատկերներով, լուսանցազարդերով եւ զարդագիրերով:

Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն մէկուն մէջ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն: Գաղթականներուն հետ երկար ճամբայ կտրած, երկուքի բաժնուած է: Ապա տարիներ ետք մատեանը հասած է Հայաստան եւ տեղ գտած՝ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանին մէջ: Այս միջոցին սակայն անկէ 8 էջեր կորսուած են:

Լոս Անճելըսի Կէթի թանգարանին մէջ յայտնուած են այդ 8 կորսուած էջերը, 1994-ին, երբ թանգարանը գնած է զանոնք ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկահայ ժառանգորդներէ: Հայ եկեղեցին դատի տուած էր Կէթի թանգարանը, պնդելով թէ ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը կ՚աւարտի փոխզիջմամբ, երբ Կէթի թանգարանը կ՚ընդունի հայոց եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ հայոց եկեղեցին որոշում կը կայացնէ մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրել թանգարանին:

Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը, Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, թէ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը կ՚արտացոլացնէ ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդին պատմութիւնը:

Գիրքին հրապարակումը նախատեսուած է Փետրուար 2019-ին: Նշենք, որ Հեղնար Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է « The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական քաղաքի մը պատկերը. Հալէպի ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Huffington Post»ի եւ «Los Angeles Times»ի մէջ:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

https://www.sup.org/books/title/?id=23162

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.