Հաւաք-Քննարկում` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ. Իշխանութիւնը Փոխելու Հանրային Պահանջ Կայ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ 12 փետրուարին տեղի ունեցաւ հաւաք-քննարկում, որուն ընթացքին Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այս հաւաքը շարժման հետ կապ չունի, ասիկա իր անձնական նախաձեռնութիւնն է, իսկ 20 փետրուարին մեծ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ:

«Հրատապ իրավիճակ եղաւ, պարզուեցաւ, թէ ի՛նչ կը կատարուի  Սիւնիքի մէջ, պարզուեցաւ, որ մեր մէջքին ետեւը նոր յանձնուողական պայմանագիր ալ կնքուած է, անոր աւելցաւ այն, որ որոշում ընդունուեցաւ, որ լրագրողներուն թոյլ չտան այդտեղ ազատ մեկնաբանեն, իսկ ատիկա կասկած կը յառաջացնէ, որ բացի վեց կէտերէն, կան ուրիշ պայմանագիրներ: Այսինքն` մեր հայրենիքը կը շարունակէ ճամբան` դէպի կործանում», ըսաւ ան եւ նշեց, որ իր կարծիքով ընտրութիւններ պիտի ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումէն ետք:

Ան դիտել տուաւ, որ ամէն ինչ պէտք է ընել համաժողովրդական շարժում յառաջացնելու համար` աւելցնելով, որ դժգոհողներ կան, սակայն անոնք փողոց իջնելով իրենց բողոքը չեն արտայայտեր: Ըստ Մանուկեանի, Փաշինեանը հեռացնելու համար պէտք է աշխատիլ անոր յենարաններուն հետ, որոնցմէ մէկը «Իմ քայլ»-ը խմբակցութիւնն է, երկրորդը` ոստիկանութեան բարձրաստիճան սպաները, իսկ եթէ այդ յենարանները փուլ գան, ինք եւս կը փլի:

Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ, թէեւ իրենց շարժման դադարը աւելի երկար տեւեց, քան անհրաժեշտ էր, բայց ասոր օգուտը այն էր, որ շատցան այն անձերը, որոնք չէին գիտեր, թէ ի՛նչ ահաւոր վիճակի մէջ են: «Ես յայտարարած եմ, որ ժողովուրդը իրաւունք ունի ապստամբութեան: Յեղափոխութիւնները կը նախապատրաստեն, իսկ ապստամբութեան պարագային դժգոհ ժողովուրդը ինք կ’ապստամբի, իմ կողմէս միշտ ալ կը խրախուսուի: Որեւէ միջոց, որ ֆիզիքական միջոցներու չի դիմեր մարդոց նկատմամբ, բայց կը նպաստէ իշխանութենէն ազատելու, ես զայն կը խրախուսեմ», շեշտեց ան:

Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, պետութեան համար չկայ աւելի վտանգաւոր տարբերակ, քան Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ըլլալը, մնացած բոլոր տարբերակները շատ աւելի մեղմ են: Ան նաեւ նշեց, որ կայ իշխանութիւնը փոխելու հանրային պահանջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Վազգէն Մանուկեան առանձինը չի գործեր, կար հրատապ հաւաքի անհրաժեշտութիւն, ուստի քաղաքացիներուն հետ բաց զրոյց կատարուեցաւ:

«Երբ Նիկոլ Փաշինեան կ’ըսէ` չկայ իշխանափոխութեան հասարակական պահանջ, ինք այդպիսով կը վիրաւորէ ժողովուրդը: Պահանջ կայ, եւ այդ պահանջը իշխող քաղաքական ուժը յառաջիկային իր անձնական կաշիին վրայ պիտի զգայ եւ տեսնէ: Մենք մեր մարտավարութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ, բնականաբար, պիտի ընենք, բայց ըսած ենք, որ այս իշխանութիւններուն հեռացումը համաժողովրդական ճնշման արդիւնքով պիտի ըլլայ, ոեւէ մէկը թող չկասկածի: Մեր ժողովուրդը այս չարիքի կառավարութեան դէմ ապստամբելու իրաւունք ունի, ատիկա իր բնական իրաւունքն է», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ շարժումները պիտի ըլլան անհնազանդութեան, բողոքի հետեւողական քայլերու ձեւով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.