Հարցազրոյց ամերիկահայ կերպարուեստագէտ Եուրոզի հետ

Վերջին երկու տարիներուն Եուրոզի ստեղծագործական վարկն ու համբաւը աւելի եւս բարձրացան ու տարածուեցան սկսեալ Սինկափուրէն ու Պէյճինկէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելոս: Այս միջազգային գնահատման մէջ կենսական դեր ունեցաւ Symbiosis նկարաշարը, որուն առիթով իր հետ կայացած հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ: Ըթերցելէ ետք այս զրոյցը ի յայտ կու գայ, թէ ի՛նչ որակի գեղարուեստական նորութիւններով կ’օժտէ արուեստը եւ ինչո՛ւ Միջազգայնօրէն կ’նդունուի ու կը գնահատուի Եուրոզի արուեստը: Զրուցավար Փանտորա Փէնկ «Մոսօ արդ» արուեստի հաստատութեան տէրն ու հիմնադիր տնօրէնն է միաժամանակ:

Արուեստագէտի մը կեանքին ենթահողը, որուն փորձառութիւնը կ’ունենայ գլխաւոր գործի մը ստեղծուելէն անմիջապէս առաջ կամ մինչեւ այդ պահը՝ խոր կերպով կ’ազդէ անոր յղացքներուն վրայ: Երբ առաջին անգամ ակնարկ մը նետենք «Սիմպիոսիս» հաւաքածոյին վրայ, կը թուի, թէ Եուրոզ լրիւ կերպով անջատուած է իր նախկին ոճէն եւ թեմայէն, սակայն իսկութեան մէջ, Եուրոզ կը վերադառնայ իր գլխաւոր թեմային՝ մարդկային վիճակին, այս անգամ նոր անկիւնէ մը դիտելով զայն, միաժամանակ մարդկութեան հանդէպ իր սէրը կը դրսեւորէ ստեղծագործական նոր ոգեշնչումով: Ինչ որ չէինք գիտեր՝ այն է, թէ այս գործընթացը 20 տարի առաջ սկսած էր արդէն:

Փէնկ.- Ի՞նչն էր, որ քեզ ներշնչեց եւ մղեց ստեղծելու վերացական ծառերու այս գեղեցիկ հաւաքածոն:

Եուրոզ.- Տարին 1994-ն էր: Իմ ծննդեան տարեդարձիս օրը, երկրորդ անգամ ըլլալով հայր եղայ, եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ՝ որդիս ծնաւ: Աչքս չէի կրնար հեռացնել անոր հրեշտակային դէմքէն: Եւ երբ զայն թեւերուս մէջ առի, միակ բառով որով կրնամ բացատրել այդ զգացումը՝ այն «երկնային» բառն է: Զինք ամուր գրկեցի՝ ապահովութեան զգացում տալու համար, մինչ ան կը քնանար թեւերուս մէջ: Անոր շնչառութեան կշռոյթը եւ նորածիններու յատուկ քաղցր բոյրը լրիւ գրաւեցին զգայարանքներս, եւ մոռցայ նոյնիսկ, թէ հեռատեսիլը միացուած է: Յանկարծ, Ամազոնի ապաանտառացման աղիտալի պատկերները ողողեցին պաստառը, բացայայտելով թէ ի՛նչ պիտի պատահէր կենսոլորտին՝ անտառներու չքացման հետեւանքով: Սկսայ որդիս աւելի սեղմել կուրծքիս, բնազդաբար, փափաքելով զայն պաշտպանել աշխարհէն, ուր այդպիսի ցնցիչ պատկերներ կրնային իրականութիւն դառնալ:

Փէնկ.- Ատիկա քսա՛ն տարիներ առաջ էր: Այս հաւաքածոն ի՞նչ իմաստ ունի քեզի համար, իբրեւ պատմող տեսողական բանաստեղծ, եւ քու դերդ իբրեւ հայր, որ կը փափաքի որդին պաշտպանել:

Եուրոզ.- Հայաստանի մէջ, ուր ապրեցայ 29 տարի՝ նախքան ԱՄՆ հասնիլս, հոն կրօնական գեղեցիկ տօն մը կը նշուէր գարնանամուտին: Ծիրանի ծառերը ամէն կողմ կը ծաղկէին: Հալող ձիւնին բոյրով եւ օդին մէջ շոգիացող գոլորշիին խոնաւութեամբ, տիրող բոյրը գրեթէ կենդանացնող եւ աշխուժացնող է: Ես այդ կը կոչեմ կեանքի բոյրը: Իւրաքանչիւր տարուան այդ շրջանին է, որ ծառ մը կը գնէինք եւ եկեղեցի կը տանէինք օրհնութեան համար:

Մարդիկ ծառ կը տնկեն իրեւ կեանքի խորհրդանիշ կամ կորսուած կեանքի մը յիշատակ: Ոմանք տարեդարձ մը, ծնունդ մը կամ կարեւոր դէպք մը նշելու համար ծառ կը տնկեն: Ծառ տնկելու օրհնութիւնը անձի մը կեանքէն անդին կ’երթայ: Ան երկրին կեանք եւ գեղեցկութիւն կը բերէ: Վերջին 30 տարիներուն այս երկրին մէջ, իբրեւ արուեստագէտ, գործովս զանազան հաստատութիւններուն համար դրամ հաւաքելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած եմ: Փնտռած ու զգացած եմ, թէ առանձին չեմ, եւ թէ շատեր կան, որոնք հաստատութիւններու միջոցով կը ջանան երկիր մոլորակին վերադարձնել անոր անտառները: Երբոր անդրադարձայ այս իրողութեան, որոշեցի ստեղծել նկարներու շարք մը՝ մասնակցելու համար թանգարաններու եւ հանրութեան բաց վայրերու ցուցահանդէսներու: Արուեստը հաղորդակցութեան ուժեղ միջոց մըն է եւ՝ դատի մը հանդէպ գիտակցութիւն արթնցնելու լաւագոյն բեմերէն մին: Մեր ջանքն է մարդոց հասնիլ եւ օգնել՝ տարբերութիւն մը յառաջացնելու համար: Օրինակի համար, կ’ուզեմ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս խմբակցութիւն մը հիմնելով, կամ խմբակցութեան մը հետ աշխատիլով՝ այս հաւաքածոյին շահէն բաժին մը տալով, պիտի օգնենք, որ մարդիկ ծառ տնկեն:

Փէնկ.- Հաւաքածոյին անունը ինչպէ՞ս որոշեցիր:

Եուրոզ.- Սիմպիոսիսը կ’արտայայտէ այն հոմակենսական յարաբերութիւնը, որ առկայ է մարդ արարածին եւ բնութեան միջեւ, ուր մեր գոյութիւնը կը սնանի բնութեամբ, եւ բնութեան գոյատեւումը կախեալ է մարդկային ցեղի վերաբերումէն: Այս փոխյարաբերութիւնը երկու կողմերն ալ իրարմէ կախեալ կը պահէ, եւ երկու կողմերն ալ ֆիզիքական մօտիկ կապով գոյութիւն ունին: Իրողութիւն մը՝ որ երկուքին ալ նպաստաւոր է:

Փէնկ.- Պիտի ուզէի՞ր խօսիլ Խաչաձեւում (Ինթէրսեքթ) շարքին մասին, որ ունի նոյնպիսի շարուածք, ուր սակայն իւրաքանչիւր նկար ունի իր յատուկ երանգապնակը:

Եուրոզ.- Իրականութեան մէջ հաւաքածոն ունի զգացական եւ հոգեկան եզրեր: Կը հաւատանք, թէ մարդուն մէջ կան եօթ Շաքրաներ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր գոյնով մը ներկայացուած է: Սանսքրիթ լեզուին մէջ Շաքրա կը նշանակէ անիւ: Եւ եթէ անիւի գաղափարը ընդլայնենք, մասնագէտներ կ’անդրադառնան այն իրողութեան՝ թէ անիւները, դառնալու ատեն դատարկութիւն մը կը ստեղծեն՝ կլոր շարժումով: Ապա իբրեւ դատարկութիւն՝ Շաքրա մը ֆիզիքական եւ մտաւոր մարտահրաւէրներ պիտի դնէ մարմնին մէջ՝ թրթռացումներով: Ընդհակառակը՝ ինչպէս որ լոյսը պրիսմակէն անցնելով եօթ գոյներու կը բաժնուի, երբոր բոլոր եօթը Շաքրաները միանան, մենք լուսաւորումի փորձառութիւնը կ’ունենանք: Մարդ կրնայ որոշ Շաքրաներ գործի լծել անոր համեմատող Շաքրայի գոյներուն նայելով: Կրնաս այս թեմային մասին պրպտումներ կատարել, սակայն անգամ մը որ սկսիս ուշադրութիւնդ կեդրոնացնել իմաստներու եւ եօթը Շաքրաներու ազդրեցութեան վրայ, կրնաս հաւասարակշռութիւն ստեղծել՝ Շաքրաները շիտակ շարքով շարելով, որպէսզի միասին աշխատելով ֆիզիքական, մտաւոր եւ զգացական խաղաղութիւն տան: Հիմնուելով այս հաւատքին վրայ, այս հաւաքածոյին երանգապնակն ու բաղադրութիւնը ընտրեցի:

Փէնկ.- Նշեցիր, թէ գործերուդ մէջ կարեւորը միայն զօրութիւնը չէ, այլ նաեւ այն՝ որ ակնդիրները կ’ընկալեն նկարածդ եւ առիթը կ’ունենան բնութեան հետ ուղեւորութեանդ փորձառութիւնը ունենալու: Ի՞նչ ըսել կ’ուզես:

Եուրոզ.- Նկարչութիւնս անոր միայն մէկ մասն է: Ակնդիրները պէտք է իրենք իրենց արտօնեն զգալ եւ վստահիլ, որպէսզի կապ ունենան: Տես, ծառերուն, կոճղերուն եւ ճիւղերուն ձեւերը նետերու կը նմանին: Ակնդիրը կը հետեւի նետերուն, որոնք կը վերջանան հոն, ուր ուրիշներ կը սկսին: Մինչ ճիւղերը կը վերջանան, ուրիշներ կը սկսին նոյն տեղէն: Կը կանգնիս այս գեղանկարներուն առջեւ եւ անվերջ կը դիտես՝ գտնելու համար կեդրոնական կէտը: Պահ մը ետք, մեր գիտակից միտքը որոշ իմաստով կը դադրի իմաստ փնտռելէ: Ճիշդ այն ատեն է, որ ակնդիրը կը մտնէ զգացական ընկալումի ոլորտին մէջ:

Ասիկա կը պատահի, երբ այս նկարներուն գոյները կը գրաւեն մեր զգացումները եւ ջերմութիւն մը կը զգանք, երբ կը դիտենք կարմիրին խաչաձեւումը, եւ զգացումները հանդարտեցնող հաճելի զովութիւն մը՝ երբ կը դիտենք կանաչին խաչաձեւումը: Ասիկա իմ զգացական մարձումն է՝ տրուած ակնդիրին համակարգին, որպէսզի օգնէ ստեղծելու զօրաւոր դրոշմ՝ մեր զգացական առողջութեան համար:

Փէնկ.- Գեղանկար մը կը փնտռէի, երբ պատասխանատուն էի Նիւ Եորքի Արուեստի Հաւաքածոյին եւ այդ միջոցին էր, որ հանդիպեցայ 2006-էն «Հունձքը» գործին (զոր դուն ետքը տպել տուիր այլ շարքի մը մէջ): Ինծի համար հետաքրքրականը այն էր, որ անոր մէջ գտնեմ հետքեր՝ քու ճարտարապետական ծառերու վերացականութենէն: Առաջին անգամն էր, որ այս թանգարան հաւաքածոյէն նման հետքեր երեւցան գեղանկարներուդ մէջ:

Եուրոզ.- Վա՛յ: Անկեղծօրէն՝ գաղափար չունիմ: Հարցին այսպէս նայելով՝ հաւանաբար ճիշդ ես: Ատիկա իրապէս նախակարապետի կը նմանի, թէեւ բաւական թիւով գծագրութիւններ եւ սերտողութիւններ պէտք եղան, մինչեւ որ կրցայ հասնիլ «Պարող ծառերու» բիւրեղացման:

Փէնկ- Մեծ պատիւ կը զգամ, որ առիթը ունեցայ արուեստդ ներկայացնելու, մանաւանդ՝ որ կրցայ ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է Սիմպիոսիսին ծննդոցը:

Եուրոզ.- Կը ծրագրենք թանգարանի ցուցադրութիւնը բաց պահել եւ անոր աւելցնել եւս ուրիշ կտորներ, նպատակ ունենալով որ հաւաքածոն ճամբորդէ թէ՛ ԱՄՆ-ի մէջ եւ թէ՛ միջազգային առումով այլ արուեստի կեդրոն: Իսկապէս կը հաւատամ, թէ երբ որ արուեստասէրներուն առիթը տանք շրջապատուելու այս բովանդակութեամբ գործերով, ատիկա մեծապէս կ’ազդէ անոնց մարդկային ու գեղագիտկան ընբռնումներուն վրայ: Եւ եթէ շատ բան չփոխէ անոնց կեանքին մէջ, գոնէ կ’արթնցնէ մարդոց գիտակցութիւնը, եւ կը սկսի դիտարկումի. մտքի գործընթաց մը կամ զրոյց մը՝ մեր եւ բնութեան միջեւ եղած փոխյարաբերութիւններու մասին, բան մը որ շատ կարեւոր է մեր գոյատեւման համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.