Հարաւային Քալիֆորնիոյ Կատաղի Հրդեհները Տարհանեցին Հայ Ընտանիքներ Եւ Քանդեցին Տուներ Եւ Համայնքային Կառոյցներ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ զանազան շրջաններու մէջ 7 Յունուարին սկսած եւ 8  Յունուարին շարունակուած սաստիկ հովերուն պատճառով յառաջացած երեք մեծագոյն եւ կատաղի հրդեհները պատճառ դարձան տարհանման հազարաւոր հայ ընտանիքներու, որոնք ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն, ինչպէս նաեւ համայնքի կառոյցներու քանդումին, ինչպէս՝ Փասատինայի մէջ գտնուող Սահակ Մեսրոպ վարժարանը, որ դարձաւ հրդեհին զոհը:

Հրդեհները տեղական իշխանութիւնները առաջնորդեցին իրենց բնակարաններէն հեռանալու հրահանգներ արձակելու, երաշխաւորելու համար բնակչութեան ապահովութիւնը։

Ալթատինայի, Փասատինայի, Լա Քանիատայի, Քրեսենթա հովիտի եւ հիւսիսային Կլենտէյլի մէջ ապրող մեր համայնքներու հազարաւոր բնակիչներ ստիպուած եղան հեռանալու իրենց բնակարաններէն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յայտարարեց, թէ խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ գտնուող իր կեդրոնները բաց են հրդեհներուն պատճառով ապաստանի կարիք ունեցողներուն առջեւ։

Հրդեհներու վայրերուն մէջ գտնուող հայկական վարժարանները մնացին փակ, ներառեալ Փասատինայի մէջ Թաւլեան մանկամսուրը, որ վնասներ չէ ունեցած: Դպրոցին տնօրէնութենէն «Ասպարէզ»ին յայտնեցին, որ դպրոցը կարիքը ունի մաքրութեան հսկայ աշխատանքի մը: Յովսէփեան վարժարանը նոյնպէս փակ մնաց, եւ հաղորդուեցաւ անոր կառոյցին հասած վնասներու մասին:

Ալթատինայի Սահակ Մեսրոպ Քրիստոնեայ դպրոցը հրոյ ճարակ դարձաւ: Դպրոցը, որ հիմնուած է 1980ին, ունեցաւ կառոյցի հսկայ վնասներ՝ հաւասարելով գետինին:

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը առկախեց Թաւլեան, Թիւֆէնքեան եւ Փիլաւճեան Ազգային մանկամսուրներուն, ինչպէս նաեւ Շամլեան, Մեսրոպեան, Ալէք Փիլիպոս եւ Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարաններուն դասընթացքները:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին շրջանը եւս պարպումի հրահանգի վայրի մը մէջ կը գտնուէր: Առաջնորդարանէն յայտնեցին, թէ Գեղամ արք. Խաչերեան անվնաս մնալով՝ կը գտնուի ապահով վայրի մը մէջ:

Ազգային առաջնորդարանը եւս յայտարարեց, թէ Փասատինայի, Կլենտէյլի, Մոնթեպելլոյի եւ Էնսինոյի իր եկեղեցիները բաց են՝ ընդունելու համար այն ընտանիքները, որոնք ենթարկուած են տարհանման:

Comments are closed.