Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Ֆոնտը Արցախի Ուժերուն Կը Յանձնէ Զինուորական բժշկական 3000 Կազմածներ

205 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ կազմածներ կը բաժնուին Արցախի երկու ռազմավարական շրջաններու մէջ։ Այդ կազմածները մարտական վնասուածքներու խնամքի համակարգեր են‚ որոնց Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան բանակին շարքերուն մէջ մարտական մահերու կանխարգիլման մէջ 100 առ հարիւր ազդու ըլլալը փաստուած է։ Այս տարուան Մայիսէն ի վեր‚ Հայ վիրաւոր հերոսներու ֆոնտը (ՀՎՀՖ) ՀՀ կառավարական առչնակից իշխանութիւններուն հետ աշխատեցաւ այս ռազմավարական կարողականութիւնը ներմուծելու Հայաստանի մէջ եւ արդիականացնելու վիրաւորներու խնմաքի համակարգը։

Այս կազմածները պիտի կիրարկուին տեղակայմանը կողքին Բանակային բժշկական դպրոցի առաջին շրջանավարտներուն‚ որոնք Հոկտեմբերէն ի վեր ամերիկեան ոճի մարզումի կ’ենթարկուէին։

Միացեալ Նահանգներու Հայ բժշկական ֆոնտը արատաձեռն նուիրատուութեամբ մը մասնակից դարձաւ ծրագիրին՝ ֆինանսաւորելով կազմածներու առաքման գրեթէ կէսը։ Նաեւ Հայ օգնութեան ֆոնտը եւ Հայաստանի մէջ IDeA հիմնարկը իրենց նպաստը բերին կազմածները շփման գիծին վրայ զինուորներուն յանձնման օժանդակութեամբ։

Ըստ նախատեսութեանց‚ մարտական գործողութեանց ընթացքին մահերուն 90 առ հարիւրը կարելի է կանխարգիլել‚ եթէ զինուորներու տրամադրութեան տակ կը գտնուին անմիջական օժանդակութեան կազմածներ։ Յատկանշականօրէն այլապէս կանխարգիլելի մահերու երեք պատճառներ կան՝ մարմնի ծայրամասերու արիւնահոսութիւն‚ փնէօմոթորաքս ճնշում (պատռուած թոք) եւ շնջառութեան խողովակներու խցում։

Անմիջական օժանդակութեան որակը կրնայ կանխարգիլել‚ որ առատ արիւնահոսութեան‚ թոքերու գործունէութեան խափանման կամ այլ պատճառներով վերապրելի կամ դարմանելի վէրք մը վերածուի աւելի մնայուն վէրքի‚ անդամահատութեան կամ նոյնիսկ մահուան պատճառի։ Ահա թէ ինչու ամերիկեան բանակը բժիշկներուն եւ հիւանդանոցներուն բարձր որակի կազմածներ տրամադրելու կողքին իւրաքանչիւր զինուորի կը տրամադրէ բարձրորակ անմիջական խնամքի կազմած։ Ներկայիս Հայաստանի մէջ կազմակերպութիւններու հետ ՀՎՀՖ կ’աշխատի այս համակարգը տրամադրելու ճակատին վրայ հակամարտութեան ազդեցութեան ենթակայ ոեւէ անհատի։ Նաեւ անձնակազմի պաշտպանութեան ամերիկացի եւ իսրայէլացի մասնագէտներու հետ կը բանակցի ճշդելու համար լաւագոյն գործելաոճերը‚ վարձելու մարզիչներ եւ Հայաստանին ապահովելու մարտական վէրքի դարմանման յատուկ կազմածներ։

Այս կազմածին կարեւոր մէկ սեղմօղակ վիրակապն (tourniquet) է‚ որ հարիւրաւոր տարիներ օգտագործուած է մարմնի անդամներու արիւնահոսութիւնը զսպելու համար։ Այսօր սեղմօղակ վիրակապերու կը վերագրուի Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զինուրներու կեանքերու եւ մարմինի անդամներու փրկութիւնը։

Հայ վիրաւոր հերոսներու ֆոնտը ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է‚ որուն նպատակը հայ զինուոր հերոսներու ծառայութիւնն է‚ դժուար ժամանակներուն անոնց կողքին կանգնիլը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.