«Հայ-թրքական յարաբերութիւններ. պէտք է Հայաստան-Սփիւռք խորհրդակցութիւններ բանալ», կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

Փարիզի հայկական ռատիօ կայանի՝ «Այբ. Էֆ.Էմ.»-ի կլոր սեղանի իբրեւ հիւր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստան մուտքի իր դէմ արգելքը ունի զուտ քաղաքական բնոյթ, չկայ որեւէ իրաւական հիմք եւ տակաւին կը սպասէ եւ իշխանութիւններէն կը պահանջէ պաշտօնական բացատրութիւն, զոր ցարդ կը զլացուի:

Ֆրանսերէն լեզուով կատարուած շահեկան հարցազրոյցէն ստորեւ՝ թարգմանաբար կարեւոր կէտեր, զորս արտայայտեց ան.

-Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը զիս անբաղձալի տարր հռչակելու մեծ սխալ մըն է իր կողմէ, որովհետեւ առաւել կը խորացնէ փոսը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, առաւել կը շեշտէ բաժանումը, ինչպէս նաեւ առաւել կը հրահրէ լարուածութիւնը Հայաստանի մէջ՝ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ: Եւ վերջապէս, արտաքին աշխարհին առջեւ վատ պատկեր մը տուաւ ան Հայաստանի վարկին համար:

-Փաշինեան, որ 2018-ին իշխանութեան հասաւ ժողովրդավարութեան ախոյեանի դիմակով, այսօր Հայաստանը հաւասարեցուց հարեւան երկիրներու ժողովրդավարական վիրաւոր մակարդակին, երբ մինչ անցնող տարիներուն մենք միշտ ալ կը հպարտանայինք մեր առաւելութեամբ: Այսօր խօսքի ազատութեան իրաւունքը խնդրոյ առարկայ է, կ՛ոտնահարուին մարդկային տարրական տարբեր իրաւունքներ, հետեւաբար այս իրավիճակը մեզ ցաւօք կը հաւասարեցնէ շրջանային հարեւան երկիրներու ոչ նախանձելի մակարդակին:

-Շատ բնական կը գտնեմ, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը ըլլայ կարծր ու վճռական, որովհետեւ կը պայքարի ու կ՛ընդդիմանայ իշխանութեան եւ անձի մը դէմ, որ պատասխանատուութեան իր հսկայական բաժինը ունի 44 օրեայ պատերազմին եւ անոր պարտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր զոհերուն եւ ահաւոր կորուստներուն մէջ:

-Շատ հաւանաբար հայ-թրքական յարաբերութիւններու տուեալը նաեւ կրնայ կապ ունենալ Հայաստան մուտքի արգելքիս մէջ: Մենք 2009-էն ի վեր յստակ դէմ եղած ենք նախապայմաններով յարաբերութիւններու սկսման եւ մեր դիրքորոշումը փոխուած չէ, ինչ որ հաշտ չի դիտուիր այս իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք ոչ միայն կողմ են, այլեւ դրական կ‘ընկալեն զայն: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ հայ-թրքական յարաբերութեան բնականոնացման ուշացման մէջ հայկական սփիւռքը հիմնական արգելք է:

-Մենք ի սկզբանէ յայտնած ու կրկնած ենք, որ Փաշինեան եւ իր շրջապատը պատրաստ են ու եկած են Արցախը զիջելու Ատրպէյճանին եւ ամէն գնով Թուրքիոյ հետ սկսելու յարաբերութիւններ մշակել, ոչ միայն այլեւ դիւանագիտական, ինչ որ աղէտալի է անշուշտ: Շատեր նկատի չէին առներ մեր նախատեսութիւնը, չէին հաւատար, նոյնիսկ կը քննադատէին ու կը շարունակեն քննադատել մեզ, սակայն ահաւասիկ փաստը մէջտեղն է եւ ցաւօք մենք ճիշդ էինք:

-Հայ-թրքական յարաբերութիւններու սկսման որոշումը պէտք չէ տրուէր ու տրուի առանձին, մանաւանդ ՝ հապճեպօրէն, ինչպէս որ
կատարուեցաւ: Նման էական ու գերզգայուն օրակարգ ունի համահայկական, համազգային բնոյթ ու խորք, հետեւաբար նախքան անոր նախաձեռնումը կը կաօտէր համահայկական լայն քննարկումի, որմէ ետք միայն կրնար տրուիլ կամ ոչ համապատասխան որոշում:

Սփիւռքը իր խօսքը պէտք է ունենայ անպայման այս գծով: Որոշումը պէտք է տրուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան համաձայնութեամբ միայն, սակայն այդպէս չեղաւ այսօր եւ կը տեսնենք աղիտաբեր արդիւնքը. Հայաստան կը ներկայանայ ի սկզբանէ թոյլ ու տկար դիրքերէ, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ բնականաբար զիջում:

Հայաստան պարտաւոր է Սփիւռքի ուժեղ խաղաքարտը գործածելու, որպէսզի կարենայ դուրս գալ իր անել կացութենէն:

Ես այստեղ, այս սեղանէն կը պահանջեմ այս օրակարգով սկսիլ համահայկական լայն քննարկումի եւ բանավէճի, որմէ ետք միայն տալ հաւաքական որոշում:

Եւ վերջապէս ու անգամ մը եւս յայտնենք, որ մենք անպայմանօրէն դէմ չենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան սկսման, ինչպէս կը կարծեն շատեր: Ոչ: Բայց ատիկա պիտի ըլլայ երկուստէք առանց նախապայմանի, իսկ թրքական կողմը այդ մէկը շրջանցած է արդէն, դրած է իր պայմանները, եւ Հայաստան անհասկնալիօրէն ընդունած է զայն, ինքզինք դնելով տկար ու թոյլ դիրքի ու վիճակի մէջ: Ահաւասիկ այս շուտիկութիւնն է, այս մօտեցումը, զոր կը մերժենք: Հուսկ՝ այսօր Հայաստան պատրաստ չէ նպաստաւոր դիրքերէ ներկայանալու բանակցութեանց այդ սեղանին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.