«Հայ Դպրոցը ձեր բոլորին տունն է». ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ,

Հոգեկան մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմ սիրով անգամ մը եւս  կ՚ողջունենք ձեզ 2019-2020 տարեշրջանի դպրոցական վերամուտին առիթով։

Վերամուտի այս օրերուն նոր ալիք մը կը բարձրանայ մեր շուրջ եւ  կը խանդավառէ մեզ, ըլլանք աշակերտ թէ՛ ուսուցիչ, տնօրէն կամ պատասխանատու, ծնողք կամ բարերար։

Վստահաբար շատ արագ անցաւ ամառը եւ արձակուրդը իր աւարտին հասաւ։ Սակայն, իւրաքանչիւր սկիզբ առիթ է նոր կենսունակութեամբ լծուելու նոր կրթական տարեշրջանի մը։

Դարձեալ նոր սկիզբ… նոր տարեշրջան։ Աշխատանք, դաս, զբօսանք, տօնական ոգեկոչումներ, մարզանք, խաղ, մէկ խօսքով՝ իրարու հետ ըլլալու ուրախութիւն եւ ժամանակը միասին արժեւորելու բախտաւորութիւն մեր հարազատ տան մէջ՝ Հայ դպրոցին մէջ։

Այս առթիւ, հայրական յորդորս է, որ Հայ Դպրոցը ձեր հարազատ տունը նկատէք եւ տան առողջ միջավայրին մէջ հաղորդ դարձէք մեր ազգի սքանչելի  գանձերուն՝ հայոց լեզուին ու պատմութեան։ Եղէք իսկական աշակերտներ, աշխատասէր, հնազանդ ու կարգապահ։ Այո,՛ Հայ Դպրոցը ձեր բոլորին տունն է, ուրախութեամբ մտէք ներս եւ սիրով ապրեցէք իրարու հետ։ Քաջ գիտցէք որ մենք ձեզմով հպարտ ենք եւ պիտի շարունակենք հպարտ մնալ այնքան ատեն որ յոյս կու տաք մեզի, որ դուք տէրն էք մեր ազգի արդար իրաւունքներուն ու պիտի շարունակէք ձեր նպաստը բերել ապահովելու մեր ժողովուրդի յարատեւ  գոյութիւնը։

Հետեւաբար, կը շնորհաւորեմ բոլորիդ նոր տարեմուտը մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտ-աշակերտուհիներ, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ համալսարաններու ուսանող-ուսանողուհիներ։

Այս առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ դպրոցներու կրթական պատասխանատու մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, ծնողական խորհուրդները, բարերարները եւ բոլոր անոնք, որոնք անվերապահօրէն կը զօրակցին հայ դպրոցի սրբազան առաքելութեան։

Օրհնաբեր տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին։

Ձեզ սիրող եւ Ձեզի համար միշտ աղօթող՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.