Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ ատրպէյճանական հակահայ բռնարարքները Գանատայի մէջ

Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Օգոստոս 1-ի երեկոյեան ժամը 10:30-ին, խումբ մը ատրպէյճանցիներ դիմած են սադրանքի եւ յարձակած խումբ մը հայ երիտասարդներու վրայ։

Յանձնախումբը խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանական այս հակահայ վարագիծը, զգօնութեան կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի ոստիկանութեան, որպէսզի յանցագործները ենթարկեն իրաւական հետապնդումի եւ երաշխաւորեն հայ համայնքի ապահովութիւնը։ Յանձնախումբը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի հայ համայնքին, որ չ՚ենթարկուին սադրանքներու եւ գրգռութեան արարքներու։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Յուլիս 12ին Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի գործադրած ռազմական յարձկակողապաշտ ընթացքէն ի վեր, Աշխարհի տարբեր երկիներու մէջ ատրպէյճանցիներ՝ թուրքերու աջակցութեամբ, կը փորձեն սադրանքներ հրահրել հայերու դէմ։

Հաղորդագրութիւնը կ՚ըսէ, որ վիրաւորական եւ անարգական երեւոյթ է նաեւ միջադէպէն անմիջապէս ետք ատրպէյճանական համայնքի ապատեղեկատուութիւն տարածելու այն վարքագիծը, ուր փորձ կատարուած է գանատահայերը նախայարձակ կողմ ներկայացնելու։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.