Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցը արծարծեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօտի Ուիլսըն Ռէյպոլթի հետ

Հոկտեմբեր 7-ին, Գանատսյի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան Վանգուվըրի մէջ հանդիպեցան Գանատայի Խորհրդարանի անդամ եւ Արդարութեան նախկին նախարար Ճօտի Ուիլսըն Ռէյպոլթի հետ, վերջինիս Վանգուվըրի ընտրական գրասենեակին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախ-Գանատա Յարաբերութիւնները զարգացնելու յարաբերութիւնները։ Տիկին Ռէյպոլթին յանձնուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատրաստած նախընտրական թղթածրարը։

Նշենք, որ Ճօտի Ուիլսըն Ռէյպոլթ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը մասնակցի իբրեւ անկախ թեկնածու։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.