Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ «Միասին արցախահայութեան կողքին» հանգանակային համերգներ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ 

Տոքթ. Անի Հասըրճեան

«Միասին արցախահայութեան կողքին» նշանաբանով, շաբաթ, 2 մարտի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ (Armenian Evangelical Church of Toronto) մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին հանգանակային համերգը:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը՝ հիմնուած 1918-ին (Armenian Missionary Association of America AMAA ճանաչումով) եւ Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը՝ հիմնուած 1984-ին (Armenian Missionary Association of Canada – AMAC ճանաչումով), ունին նոյն առաքելութիւնը՝ «Աջակցիլ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներու բարելաւման, ոգեշնչելով եւ ծառայելով հայ ազգի զաւակներուն եւ կարօտեալներուն ամենուրէք»:

Մօտաւորապէս 70 տարիներ Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան, կրթական եւ մշակութային ծառայութիւններ կատարելու կողքին, երբ 1988-ի երկրաշարժէն եւ 1991-ի Հայաստանի անկախութենէն ետք, ընկերային եւ տնտեսական անկումով, մեր հայրենիքին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացան, Աւետարանչական ընկերակցութիւնը նկատեց, թէ անհրաժեշտ էր Հայաստանի մէջ մասնաճիւղ մը հաստատել։
Ընկերակցութիւնը համոզուած է, թէ ժողովուրդի բարոյական եւ հոգեւոր ամուր հիմերը կարեւոր են արդար հասարակութեան մը ձեւաւորման համար: Ժողովուրդի բարեկեցութեան նիւթապէս օժանդակելու կողքին՝ հոգեւոր, կրթական, բժշկական, մշակութային ծառայութիւններով եւ աշխատանք չունեցողներուն աջակցելով, Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը շարունակէ օգնել հայ ազգի զաւակներուն՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով երեխաներուն։

Բոլորս ծանօթ ենք 10 ամիսներ ծաւալող շրջափակումէն եւ սովի մատնուած Արցախի ժողովուրդի տառապանքէն ետք անսպասելին կատարուեցաւ։ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, Հայոց պատմութիւնը, 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, ամենէն տխուր էջը արձանագրեց, երբ Ազրպէյճանի վայրագ յարձակումով, այնքան արագ, բռնի կերպով արցախահայութիւնը տեղահան եղաւ՝ ետին թողելով դարերու ընդմէջէն իր արդար ժառանգութիւնը, բնակավայրերը, վանքերը, եկեղեցիները, կրթական, բժշկական, մշակութային տնտեսական հաստատութիւնները, ամէն բան, հայաթափելով Արցախը։ Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը 1995-ին հաստատուելով Արցախ, իր առաքելութեան մէջ մնաց մօտաւորապէս երեք տասնամեակ, մինչեւ վերջին կիրակին, երբ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Արցախին հրաժեշտ տալու պահն էր բռնի տարագրութեամբ։
Կոռնիձորի անցակէտով հազարաւոր արցախահայերու դէպի Հայաստան ներխուժելը ինքնաշարժներու շարաններով, 1915-ի տարագիրներու շարանին համազօր, մեր բոլորին մտքերուն մէջ յաւերժ փորագրուած պիտի մնայ, երբ երկու ժամ տեւող ճանապարհը տեւած էր երեք տառապալի օրեր շատերու համար։

Այս աննկարագրելի ցաւալի պահերուն Աւետարանչականը միշտ նեցուկ մնաց ու կը շարունակէ մնալ՝ օգնութեան ձեռք երկարելով Արցախահայութեան, վերաբնակեցման ծրագիրներ մշակելով։

Աւետարանչականը իւրաքանչիւր քայլափոխի կը ջանայ տարբեր քաղաքներու մէջ հասնիլ տեղահանուած ժողովուրդին ապաստանարաններ ճարելով։
Երեւանի մէջ, Բաղրամեան 18-ը Աւետարանչականի կեդրոնէն ներս արդէն «Արագ արձագանգման խումբ»-ը պատրաստած էր առաջին անհրաժեշտութեան տուփեր, որոնք կը պարունակէին սնունդ, դեղորայք եւ անձնական առողջական պիտոյքներ, անմիջապէս ցրուելու նոր ժամանող արցախահայութեան։

Հաստատ մնալով իր կոչումին՝ Աւետարանչականի ջանքերով եւ կամաւորներու օգնութեամբ Արցախի մեր հայրենակիցներուն անմիջապէս տրամադրուեցաւ տաք ճաշ Վայքի մէջ։ Հանքաւանի մէջ «Շողիկ» ճամբարի տարածքին ժամանակաւոր հաստատուածներուն տրամադրուեցաւ օրական 3 անգամ ճաշ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ։

Այժմ գիտակից ըլլալով թէ 100 000-է աւելի մեր Արցախի եղբայրները եւ քոյրերը տակաւին կը բնակին իրենց հայրենի տուներէն հեռու, Աւետարանչական ընկերակցութիւնը REVIVE (Վերազարթնում) նախագիծ մը հաստատած է ուղղուած բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու կեցութեան եւ կենսապահովման բարելաւումին։ Այս նպատակով Աւետարանչականը կ’աջակցի տեղահան ընտանիքներուն, վերականգնելու իրենց բնականոն կեանքը եւ հոգալու երկարաժամկէտ կարիքները։

Revive-ը՝ «Կեցութեան եւ կենսապահովման» ծրագիրը, կ’ընդգրկէ հետեւեալը.

• Մէկ անգամուան նիւթական աջակցութիւն 500 կամ 1000 տոլարի նուէր քարտերով։

• Կեցութեան օժանդակութիւն, վարձքերու, վերանորոգութիւններու եւ կենցաղային պիտոյքներու ապահովումով։

• Կենսապահովում, գիւղատնտեսութեան, դասընթացքներու, կրթաթոշակներու, աշխատանքներու եւ փոքր ձեռնարկատիրութիւններու ծրագրեր
մշակելով։

• Ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւններ մատուցանելով:

Ընկերակցութեան հանգանակային համերգները Գանատայի մէջ
Ինչպէս հարցուցիք, այստեղ նշենք Գանատայի աւետարանչական ընկերակցութեան դերակատարութիւնը, որ կը շարունակուի օժանդակելու արցախահայութեան, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, ինչպէս նաեւ Քէմպրիճի համայնքներու ջանքերով, միշտ նիւթապէս եւ պարբերաբար անհրաժեշտ իրերու արկղներ (Container) ուղարկելով։ Քանի մը շաբաթ ետք Թորոնթոյի անդամներէն Խորեն Մարդոյան կը մեկնի Հայաստան նոր ուղարկուած նուէրները յանձնելու արցախահայութեան։

Գանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը այս տարի կ’ամբողջացնէ հաստատման 40-ամեակը եւ կը ծրագրէ շարք մը ձեռնարկներ, որոնցմէ առաջին երկուքը, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, տարբեր յայտագրերով, արցախահայութեան համար զօրակցական համերգներ են՝ օժանդակելու Revive՝ «Կեցութեան եւ կենսապահովման», ծրագրին։

«Միասին արցախահայութեան կողքին» նշանաբանով, շաբաթ, 2 մարտի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին հանգանակային համերգը եւ ուրբաթ, 15 մարտին, Մոնթրէալի մէջ։

Թորոնթոյի ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն թորոնթոհայ խումբ մը տաղանդաւոր ու սիրուած երաժիշտներ, ինչպէս՝ Սոնա Յովսէփեան, Թալին (Արթինեան) Գըլըպոզեան, Լին Իշնար (Lynn Isnar), Կարպիս Շահսուվար, Արթուն Միսքչիեան (Artun Miskciyan), տոքթ. Ռոբովդ Ապտալեան, տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան, տոքթ. Վէրոնիքա Ղազարեան, Յովիկ Կարապետեան, Սամուէլ Խաչատրյան, Գէորգ Մանուկեան, Նշան Փափազեան, Զարէհ Քենտիրճեան եւ «Սփիւռքի ձայն» քառեակը՝ Սեւակ Յարութիւնեանը, Նվէր Ղազարյանը , Թորոս Մայդոսեանն ու Լեւոն Գարակիւլեանը:

Յայտագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ, Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետյանը։ Ան ծնած ու հասակ առած է Արցախի մէջ։ 2018 թուականէն մինչեւ հիմա կը վառէ Աւետարանչականի ներկայացուցիչի պաշտօնը։ 2020-ին ականատես էր 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքին, ապա տաս ամսուան պաշարումին ու բռնի տեղահանութեան, իր կեանքը վտանգի տակ դնելով՝ հասնելու եւ օգնելու բոլորին։ Այժմ ան կը շարունակէ Հայաստանի մէջ իր աստուածահաճոյ աշխատանքը, յուսադրելով տեղահանուած արցախցիները:

Նաեւ համերգին օրը, յունուարին պատրաստուած վաւերագրական կարճ տեսահոլովակ մը պիտի ցուցադրուի, արցախահայութեան ներկայ կացութեան հետ առնչուած։

Comments are closed.