ՀԱՅ ԱԶԳԻ «ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ» ՄԱՍԻՆ
Յ. Պալեան
Ո՞վ այսօր կրնայ իրատեսութեամբ եւ հիմնաւորումներով խօսիլ Հայ Ազգի «կացութեան» մասին, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն, նաեւ՝ սփիւռք(ներ). Արցախ, Եկեղեցի(ներ), կուսակցութիւններ, ոչ միայն հանրապետութեան երեք միլիոն ժողովուրդի, այլ նաեւ անորոշ միլիոններով (տա՞սը, քսան, երեսուն եւ թերեւս աւելի միլիոնններով Ազգի: Ո՞վ կրնայ խօսիլ եւ լսուիլ: Երբ իրենք զիրենք իրաւասու համարող ձայները բազմաթիւ են, անոնք չեն լսուիր, լսող չեն ունենար: CACOPHONY… Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը կ’ըսէ «չարանուագ», Հայաստան կ’ըսեն «կակոֆոնիա», որ կ’աճեցնէ նոյնինքն, «կակոֆոնիան: Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր, հասկնալի ձեւով ըսել՝ խառնիճաղանճային աղմուկ, աղմկակարութիւն: Նման կացութեան մէջ, ինչպէս ժողովրդական ձեւով կ’ըսուի, «շունը տէրը չի ճանչնար»:
Պետութեան պատասխանատուներ, տարին մէկ անգամ կամ կարեւոր պարագաներու, Ազգի Ներկայացուցչութեան առջեւ զեկուցումով, հաշուետուութեամբ եւ գնահատութեամբ, Երկրի Կացութեան (State of Nation, Etat de la Nation) մասին հանդէս կու գան: Տեղ մը, մէկը, կամ մարմին մը, հանգամանօրէն պիտի խօսի՞ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ մասին, որ չըլլայ տնավարի զրոյց, իրականութիւններէ խուսափելու սոփեստական ճապկում, logomachie, կամ պարզապէս՝ առճակատման հանդէս:
Ո՞ւր է Հայ Ազգը որպէս ընկերամշակութային եւ քաղաքական առարկայական տեսանելի ինքնութիւն եւ գոյութիւն: Ինչպէ՞ս զայն սահմանել որպէս նկատառելի ազդակ՝ մոլորակի ազգերու եւ ժողովուրդներու շարքին ներկայ եւ ճանաչելի որպէս ՄԷԿ ԵՒ ՆՈՅՆ: Ո՛Չ որպէս ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՈՉ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ:
Ո՞վ իրապէս ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆով բնորոշուող առարկայի մասին ամբողջական եւ գիտական պատկերացում կրնայ տալ, որպէս համրանք, մշակոյթ, լեզու, այլազան կարողականութիններ եւ պատկանելիութիւն-յանձնառութիւն: Ցարդ չենք յաջողած մասնակի(ներ)ը գերանցելով ՝ նուաճել ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ՝ որ պիտի ըլլար ԱԶԳը: Հետեւանքը այն է որ կը խարխափենք, կը գումարենք ձախողութիւններ, նահանջ եւ պարտութիւններ, քանի որ ցարդ չենք յաջողած նախ մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանիլ, չենք գիտցած թէ իրապէս Ի՞ՆՉ Կ’ՈՒԶԵՆՔ, ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ՈՒԶԵՆՔ, ՉԵՆՔ ԳԻՏՑԱԾ, Թէ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՈՒԶԵՆՔ: Արդիւնք. հայրենիք(ներ) կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք համրանք-մարդուժ, անհատական եւ հաւաքական կարողականութիւններ, եւ կը շարունակենք մնալ նոյն զառիթափին վրայ: Մասնակիի փառասիրութիւններ մշակելով կը կարծենք ԱԶԳ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԱԶԳ ՊԱՀԵԼ, այնպէս ինչպէս մանուկները «տուն-տունիկ» կը խաղանք: Կը բազմապատկենք դիրքեր եւ տիտղոսներ. նախագահ, վարչական, թաղապետ, երեսփոխան, տնօրէն: Միշտ կը յիշեմ մեր կազմակերպուած համայնքներէն մէկուն պարագան, ուր դպրոցի որպէս տնօրէն յայտնուած էր անձ մը՝ որ նոյն այդ դպրոցի վերի դասարանին աշակերտ չէր կրնար ըլլալ: Օրինակը կարելի է ընդհանրացնել ներազգային եւ ներհամայնաքային կեանքի բոլոր մակարդակներուն համար: Այսպէս, հայկական-համայնքային լրատուամիջոցի մը պատասխանատուի դիրքին վրայ յայտնուած էր անձ, որ ոչ հայերէնի կը տիրապետէր ոչ ալ հայոց պատմութիւն եւ ոչ ալ հայ գրականութիւն գիտէր, կարգախօսներ սորված էր: Կազմակերպման եւ գնահատման անհեթեթութիւնները չեն զարմացուցած եւ չեն զարմացներ: Այսպէս, հայ կրթական հաստատութեան մը պատասխանատուն, օր մը ֆրանսերէն աւանդող թերուս ուսուցիչի մը համար ըսաւ. «Ի՜նչ լաւ ֆրանսերէն գիտէ, քանի որ հայերէն չի գիտեր»…
Թէեւ այս զարտուղութիւնը մեզի յատուկ չէ: Ուրիշ տեղ, կրթական համակարգի բարենորոգման աշխատանքներու նախօրեակին, երբ ուսուցիչները քննութիւն պէտք է անցնէին, պետական բարձր պատասխանատուի մը պաշտպանեալը, «մենք ու մերոնքի» տրաբանութեամբ, քննութենէ խուսափելու համար քննիչ նշանակուած էր:
Արդ, որպէսզի վերականգնինք, որպէսզի տեւաբար չգտնուինք նահանջողի եւ կորսնցնողի դիրքերու վրայ, պէտք է յառաջացնել կազմակերպութիւն:
Ի՞նչ առարկայական տուեալներ, կռուաններ, կարողութիւններ եւ ուժեր ունինք, որոնցմով կարելի կ’ըլլայ վերականգնում իրականացնել: Նաեւ պէտք է անդրադառնալ մեր թերիներուն, հոգեբանական եւ ընկերային ախտերուն, զանոնք պատասխանատոութեամբ առանձնացնել եւ սրբագրել, առանց ազգը եւ անոր առաջնորդութիւնը դարձնելու ի վերուստ կամ աշխարհագրական ծննդական արկածով ստացուած հայր ու զաւակի, խնամի-փեսայի, դուռ-դրացիի շնորհ եւ իրաւունք:
Օր մը, Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը, մեր բազմանուն համաժողովները, գիտաժողովները, խորհրդաժողովները, միշտ բազմապատկուող, ՕՐԱԿԱՐԳ կը դարձնե՞ն ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ենթադրաբար ՄԷԿ, որպէսզի գիտնանք թէ Ի՞ՆՉ ԵՆՔ, Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ Ո՞ՒՐ ԵՆՔ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ ԿԱՄ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ԵՐԹԱԼ, ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս:
Պէտք է պատասխանել առանց ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու միտող բառային դատարկ կուտակումներու, որոնք կը տանին աւազախրումի: Կը յաղթահարուի՞ Կակոֆոնիան…
Comments are closed.