«Հայք» քառեակը ելոյթ ունեցաւ Մոնթրէալի Սիմֆոնիք նուագախումբի ծրագրով

Սեպտեմբեր 2-ին, Մոնթրէալի Փլաս Տէ Զար համերգասրահին մէջ կայացաւ Մոնթրէալի Սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Քէնթ Նականոյի նախաձեռնած ձայնային Acapella համոյթներու համերգը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հայք» քառեակը՝ Յասմիկ Գասպարեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արթիւր Մարկոսեանի։

Համերգին մասնակից հինգ համոյթներէն առաջինը ելոյթ ունեցաւ «Հայք»ը եւ իր երգացանկի առաջին երգով ներկայացուց Կոմիտասի «Տէր կեցո՛ դու զհայս»։ Միւս համոյթներն էին Le Chœur de L’art Neu, Ensemble Vocal Katimavik, La Petite Bande de Montréal, Modulation։

Համերգի աւարտին, Մոնթրէալի Սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Քէնթ Նականոյի ղեկավարութեամբ հինգ համոյթները միասնաբար երգեցին Պեթհովէնի Ode to Joy-ը։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.