«Հայրենիք»-ի 120-ամեակի Առթիւ․- ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի Տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք»-ի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 85-ամեակի առիթներով։ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպեցին այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին հետաքրքրական զեկուցումներ ու զրոյցներ կատարուեցան։
Հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ Յակոբ Վարդիվառեան («Պայքար»-ի խմբագիր), Հրանդ Մարգարեան (գրագէտ, բեմադրիչ եւ յօդուածագիր), Անդրանիկ Գասպարեան («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր) եւ Թամար Շահինեան (Գանատայի «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի պատասխանատու)։
Նախքան բացումը, ներկաները բարձրացան եկեղեցի, ուր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան աղօթեց եւ պատարագեց մշակոյթի ամսուան առթիւ եւ յատկապէս ի յիշատակ հայ մամուլի նահապետ Հայր Յարութիւն Շմաւոնեանի, որուն ջանքերով, 1794-96 թուականներուն լոյս տեսած է հայկական առաջին պարբերականը՝ «Ազդարար» (Մատրաս, Հնդկաստան)։
Ապա, եկեղեցւոյ հովիւ հայր Մեսրոպ Լագիսեան բեմահարթակ բարձրանալով, բարի գալուստ յայտնեց եւ կատարեց բացումը, օրուան գիտաժողովին։ Բարեջան առաջնորդը յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոս այս տարին հռչակած է «Հայ Մամուլ»-ի տարի։ Այս առթիւ, արդէն իսկ անցեալ ամիսներուն գիտաժողով մը կայացաւ վեհարանէն ներս։ Նաեւ, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թեմերուն քաջալերած էր, որ այս առիթով 2019 թուականի ընթացքին հայ մամուլի պատմութիւնն ու դերը լուսաբանեն տարբեր ձեռնարկներով՝ դասախօսութիւններ, դասախօսական շարքեր, գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, եւ այլն։
«Ահաւասիկ, այսօր հաւաքուած ենք խօսելու, զրուցելու եւ քննելու հայ մամուլը մտահոգող զանազան հարցեր», ըսաւ Բարեջան Առաջնորդը, միշտ ալ շեշտելով անոր առաջնահերթ դերակատարութիւնը, հայ ազգային կեանքի տարբեր բնագաւառներէն ներս։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Խաժակ Մկրտիչեանը, որ ներկայացուց, արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը։ Ան յայտնեց թէ․-
Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակեց, հայ մամուլի նահապետ «Հայրենիք»-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-ամեակը եւ նոյն ոգեղէն հայրենիքի հարազատ ծնունդ հանդիսացող «Արմինիան Ուիքլի»ի՝ 85-ամեակը:
120 տարիներու վրայ երկարող «Հայրենիք» Հաստատութեան կատարած մեծ դերը կարելի չէ սեղմել քանի մը տողերու կամ էջերու մէջ: Նոյնիսկ, ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները չեն կրցած լիարժէք գնահատել պատմական այն դերը, որ «Հայրենիք»ը ունեցած է եւ դեռ կը շարունակէ ունենալ հայ կեանքին մէջ:
Փորձենք սեղմ գիծերու մէջ ամփոփել «Հայրենիք»-ի մեծ աւանդը եւ դեռ շարունակուող առաքելութիւնը:
-Իր հիմնադրութեան օրէն, «Հայրենիք»-ը, տարագիր ու հայրենազուրկ հայ բազմութեան համար, եղաւ այն ոգեղէն հայրենիքը՝ զիրենք կապելով հայրենի երկրին ու անոնց մէջ սերմանելով սեփական հայրենիք կերտելու երազանքը:

-Հայ միտքի տիտաններու ներդրումով «Հայրենիք»-ը եղաւ արեւմտահայերէնի զարգացման, բիւրեղացման ու կատարելագործման կռուան:
-Գերմարդկային ճիգերու շնորհիւ, «Հայրենիք»-ը եղաւ հայ վշտի ու յաղթանակի լրաբեր վկան ու վաւերագիրը:
-Մտաւորական ու գաղափարական համոզումներով զինուած՝ «Հայրենիք»-ը հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւններու շուրջ կեցուածք արտայայտեց ու հայ միտք ձեւաւորեց:
-Իր ամսագրով, «Հայրենիք»-ը հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան եւ յուշագրութեան նոր որակ հաղորդեց:
-Տարագիր ամերիկահայութեան համար դարձաւ հոգեւոր տուն, մշակոյթի պահպանման կռուան, հայ կեանքը հունաւորող առանձք եւ ազգային գիտակցութեան պահպանման արթուն պահակ: Այս առաքելութիւնը կատարելու համար խօսեցաւ նաեւ իր հարազատ զաւակներուն համար հասկնալի լեզուով:
-Երիտասարդ գրողին ու մտաւորականին համար «Հայրենիք»ը դարձաւ գագաթներ նուաճելու ճանապարհ:
-Անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ «Հայրենիք»ը արժանացաւ իր հարազատ զաւակներու սիրոյ եւ աջակցութեան, որուն շնորհիւ զարգացաւ, գոյատեւեց, ծառայեց ու դեռ պիտի շարունակէ ծառայել:
120-ամեայ աւանդը ժառանգած ու իր փառաւոր անցեալով հպարտ «Հայրենիք»-ը հայեացքը ուղղած է նաեւ ապագային:
-Անգլերէն ու հայերէն էջերով կը շարունակէ մնալ այն ջերմ հոգեւոր տունը, որ հայրենիքէն հեռու ապրող հայը հաղորդակից կը դարձնէ հայրենի երկրի իրադարձութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու նուաճումներուն:
-Գիտակցելով, որ 120-ամեայ էջերը ինքնաճանաչման ու հայ պատմագրութեան համար անզուգական աղբիւր են, «Հայրենիք»-ը այդ էջերը նոր սերունդին հասանելի դարձնելու ժամանակակից միջոցներու ապահովումը նկատեց անհետաձգելի պարտականութիւն: Թուայնացման գործը սկսած է եւ պիտի շարունակուի բոլորիս աջակցութեամբ:
-«Հայրենիք»-ը կայացուցած է մամուլի ժամանակակից զարգացումներէն անմասն չմնալու որոշումը եւ իր ունեցած ողջ հնարաւորութիւնները ի գործ կը դնէ այդ որոշումի գործադրման համար: «Հայրենիք»ը լսատեսողական հնարաւորութիւններով օժտելու նիւթական ներդրում պահանջող ծրագրի նախնական քայլերը առնուած են:
-Հաւաստի ու սեփական աղբիւր ունենալը առաջնահերթային նկատելով, «Հայրենիք»-ը կարելի եղածին չափ կը փորձէ աշխատակիցներու սեփական ցանց ձեւաւորել:
Լիայոյս ենք, որ «Հայրենիք»-ի փառաւոր անցեալին հանդէպ եղած յարգանքին կը միանայ նաեւ «Հայրենիք»-ի ապագային հանդէպ մեծ հաւատը եւ այդ հաւատաւորներու աջակցութեամբ՝ «Հայրենիք»-ը իր երթը կը շարունակէ դէպի նոր հարիւրամեակներ:

Ապա, խօսք առաւ «Հայրենիք»-ի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան խօսք առնելով, ըսաւ․-
120 տարի առաջ, քանի մը խենթեր քով քովի գալով, երբ գաղափարը յղացան թերթ մը հրատարելու, բարեբախտաբար այդ օրերուն ո՛չ ե-նամակ կար, ոչ ալ ինստակրամ, դայլայլիչ՝թուիթըր եւայլն։ Այլապէս կարիքը պիտի չըլլար ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին։
Այսօր արդիականացած եւ կատարելագործուած աշխարհին մէջ, միայն մամուլի բնագաւառը չէ որուն մասին կ՛անդրադառնանք, այլ քարոզչականը այբէն ֆէ, գրել, կարդալ, լսել, դիտել, այսիքն լսատեսողական ոճով ըմբոշխնել, ունկնդրել…:
Կարկինը սեղմենք: Փրկենք թերթը, մամուլը, առողջ քարոզչական բնագաւառը, մանաւանդ որ գերադիական, ցանցային , համակարգչային կառոյցը փլած են սահմանները, սահմաններ որոնք Պերլինեան կամ մեր խելացի նախագահի մը շինելիք պատերուն հետ կապ չունին, այլ տրամաբանական ու բնական սահմաններ են:
Եթէ ժամանակին, կարելի էր հարց տալ, թէ օրական քանի ժա՞մ կամ վայրկեան թերթ կը կարդանք, այսօր դժուար է որ պատասխան կարելի է գտնել: Նոյնիսկ համակարգիչին հետ քիչ կապ ունինք, զանազան տեսակի բջիջայիններու ճամբով, կարելի է մամլոյ հետեւիլ: Կարդալ քալելու ժամանակ, վերը յիշեցի փոփ քորն եւ պիստակ…այս պարագային նոյնիսկ ճաշի ընթրիքի ժամանակ, քալելու ժամանակ, նոյնիսկ երբ քշելու ժամանակ ակնթարթ մը կարմիր լոյս է:
Դրական ձեւով կարելի չէ մօտենալ ընկերային ցանցերու իրավիճակին, որոնք նոյնիսկ կարելի է բաղդատել այն մարախներուն որոնք կը փճացնեն արտեր ու բերքառատ հողեր:
Պէտք է բաժնել, զանազանել , պեղել, բիւրեղացնել թացը չորէն, հունտը կեղեւէն, գործածուելիքը անգործածելիէն, բարեկամը թշնամիէն եւ կարդացուելիքը դիտուելիքն:
Այո՛… սիրելիներ կը դիտենք աւելի քան թէ կը կարդանք, կը բամբասենք քան բան մը կ՛ըսենք՝ կը բանն ասենք:
Դժուար է բջիջայինի այդ փոքր պաստառին վրայ կարդալ յօդուած, սակայն կարելի է:
Այլ վիճակագրական տուեալ մը, ցոյց կու տար, թէ աւելի կը լսենք քան կը կարդանք: Եղափոխութիւն մը, բարեշրջութիւն մը, որուն դէմ կարելի չէ պայքարիլ: Սակայն, հոս ալ պէտք է լաւը, ճիշտն ու լաւապէս պատրաստուածը պատրաստել: Այլապէս, յաջողութիւն այս գիտաժողովին։
Անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր՝ Լիզա Առաքելեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, թէ իրեն համար պատիւ է միանալ այս ընտանիքին։ Ան իր մանկութենէն յուշեր պատմեց, թէ որքան կառչած է հայ մամուլին։ Մանրամասնութիւններ՝ անգլերէն բաժնի մէջ։
Օրուան զեկուցաբերն էր Վարդան Մատթէոսեանը, որ ներկայացուց «Հայ դասական մամուլն ու առցանցային եւ ելեկրոնային լրատուական միջոցներն ու ընկերային ցանցերը», նաեւ անդրադառնալով հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան (լեզու եւ մշակոյթ) պահպանման եւ ազգային պահանջատիրութեան։
Մատթէոսեան յայտնեց, թէ միայն կլոր տարեդարձները առիթ պէտք չէ դառնան խորհրդածութեան եւ թերեւս խորհրդակցութեան։ Ան յայտնեց․- Մամուլ ըսելով, այս զեկոյցին ծիրին մէջ, պիտի հասկնամ սփիւռքահայ մամուլը, որուն անցեալին ու ներկային աւելի մօտէն ու անմիջականօրէն ծանօթ եմ, իսկ անոր մէջ՝ ընթացիկ, հայալեզու մամուլը։
Կ՚ուզեմ շեշտել, որ այստեղ լուծումներ եւ դեղատոմսեր չէ, որ պիտի տամ, այլ պարզապէս պիտի կատարեմ հպանցիկ մատնանշումներ, որոնք թերեւս նպաստեն զրոյց մը յառաջացնելու։
Սկսելու համար, կ՚արժէ մամուլի էջերը բանալ ու կարդալ «Հայրենիք» օրաթերթի 11 Փետրուար 1934ի թիւին մէջ “Hairenik Weekly”ի մօտալուտ հրատարակութեան լուրը։
Կ՚ուզեմ ընդգծել հետեւեալ տողը՝ «եւ աւելի լայն կերպով ընդ առաջ երթալու համար անոր ազգային դաստիարակութեան պահանջներուն»։ Այսօր կարելի՞ է ըսել, թէ թերթ մը կը հրատարակուի կամ պիտի հրատարակուի դաստիարակչական նպատակներով։ Ասիկա կ՚ենթադրէ փակ հանրութիւն մը փակ բաժանմունքներով (compartmentներով), ինչպէս որ էր 1930ական թուականներուն, երբ հայութեան մէկ հատուածը միւսին հետ պաշտօնական կապ չունէր կամ շատ քիչ ունէր, ներառեալ՝ մամուլը, թէ՛ Ամերիկայի մէջ եւ թէ՛ այլուր։ Վերջին 35 տարիներուն տեղի ունեցած արհեստագիտական յեղափոխութիւնը եւ քաղաքական վերափոխումը թէ՛ այդ փակ հանրութիւնը եւ թէ՛ այդ փակ բաժանմունքները սրբած-տարած են։
․․․1990-ական թուականներէն ելեկտրոնային լուրերու տարածումը՝ առանց գաղափարական որեւէ խտիրի, կը ծառայէր մեր հանրութեան բացման։ Այլեւս լուրերը զտուած չէին գար՝ ըստ գաղափարական մէկ արժեչափի։ Ընթերցողը կրնար աւելի լայն ընտրանք մը ունենալ՝ իր լրատուական կարիքներուն գոհացում տալու համար։ Ու այլեւս որեւէ լրատուամիջոց՝ հին թէ նոր, չէր կրնար «ազգային դաստիարակութեան» աղբիւր ըլլալու յաւակնութիւններ ունենալ։ Ընթերցողը իր ձեռքը կ՚առնէր իր դաստիարակութեան գործը, եթէ կ՚ուզէք՝ ինքնուսուցումը։ Առաջ պարզ լուրերու տարածում էր, հիմա՝ աշխարհի հայ մամուլը մեր տրամադրութեան տակ կ՚անցնէր ո՛չ թէ գրադարաններու, այլ մեր տան, ապա՝ մեր գրպանին մէջ։
2000-ական թուականներուն, նախ կայքէջերու եւ ապա ընկերային ցանցերու զարգացումը ա՛լ աւելի կը խորացնէր գաղափարական ճգնաժամը։ Ամէն մարդ այսօր կրնայ իր անձնական լրատուական-հրապարակագրական կայքէջը ունենալ՝ առանց մասնաւոր դրամական ներդրում կատարելու (միայն՝ ժամանակի), եւ ամէն մարդ այսօր կրնայ մշտական ներկայութիւն ըլլալ՝ իր սեփական էջով թէ այլոց էջերու մէջ կարծիքներ յայտնելով, ընկերային ցանցերու մէջ։ Մէկ խօսքով՝ անհատը ազատ է իր գաղափարները տարածելու ուզած ձեւով։ Եթէ ժամանակին մէկը յօդուած կամ խմբագրութեան ուղղուած նամակ կը գրէր եւ այդ յօդուածը կամ նամակը չէին տպուեր՝ որեւէ յարգելի կամ ոչ-յարգելի պատճառով, այսօր չտպուած (փոխաբերական իմաստով) յօդուածներու եւ նամակներու հեղեղ մը կը լեցնէ համացանցն ու ընկերային ցանցերը՝ statusներու եւ commentsներու անունին տակ։ Անունները փոխուած են, բովանդակութիւնը՝ ոչ։
Այլ հարց, թէ այդ հեղեղը որքանո՞վ կարդացուելիք է, որքանո՞վ արժանի պիտի ըլլար op-ed էջերու կամ ընթերցողներու նամականիի մաս կազմելու։
Ելեկտրոնային մամուլի մրցակցութիւնը, ի հարկէ, կարեւոր դեր կը խաղայ տպագիր մամուլի բովանդակութեան մէջ։ Օրաթերթը եւ ա՛լ աւելիով շաբաթաթերթը կը դժուարանան իրենց զուտ լրատուական առաքելութեան մէջ, մանաւանդ երբ զայն վստահած են արդէն այլեւայլ ձեւերով ժամեր կամ օրեր առաջ այդ լուրը սփռած կայքէջերու արտատպումին։ Եթէ օրաթերթերը կամ երկօրեայ թերթերը տակաւին կրնան մասնակիօրէն տոկալ այդ մրցակցութեան, նոյնը չէ պարագան շաբաթաթերթերուն, որոնք արդէն մասամբ ցոյց կու տան շեղում մը դէպի հրապարակագրական դաշտ՝ թերթերը դարձնելով աւելի կարծիքի, մեկնաբանական օրկաններ, քան զուտ լրատուական։
Այս բոլորին մէջ, մամուլը՝ տպագիր թէ ելեկտրոնային, իր անցեալի լեզուական դերակատարութիւնը կը շարունակէ պահել։ Սակայն, գաղտնիք մը չէ, որ վերջին տասնամեակներուն, բազմաթիւ պատճառներով, որոնց քննարկումը բաւական հեոու պիտի երթար, արեւմտահայերէնով գրուած մամուլը ցոյց կու տայ մաշումի հետեւանքները։
Ժամանակին, աշխարհի չորս կողմը սերունդ ունեցանք, որ հայերէն սորված է՝ թերթ կարդալով։ Արդեօք այսօր կրնա՞նք հայ մամուլը յանձնարարել որպէս լեզուական ուսուցման աղբիւր։ Դժբախտաբար, առարկայական իրողութիւն է, որ այսօր կարելի չէ թերթ բանալ անվախօրէն։ Անշուշտ, խօսքը խմբագրական վրիպումներու կամ սրբագրական թերացումներու մասին չէ։ Ոչ ալ կը խօսինք վիճարկելի կամ սխալ քերականական-ուղղագրական կէտերու մասին, որոնք ժամանակին Հ. Արսէն Ղազիկեանի, Բենիամին Թաշեանի կամ այլոց հետազօտութեան եւ պարզաբանման կալուածը դարձած են ու մինչեւ այսօր կը դառնան։ Մեր խօսքը կը վերաբերի քանի մը հիմնական կէտերու, որոնք սփիւռքահայ մամուլի ներկային ու անմիջական ապագային հետ առնչուած են՝ լեզուական իմաստով.
ա) Մամուլի լեզուի ընդհանուր աղճատումն ու համահարթեցումը։
բ) Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն անհարկի խառնելու իրողութիւններ,
գ) Օտար լեզուներու (ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլք՝ ըստ շրջանի) ճնշումի բազմացում,
դ) Հայերէնի քերականութեան տարրական կանոններու իմացութեան պակաս,
ե) Ուղղագրական սխալներու աճը, ինչպէս եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ գրուած յօդուածներու հիւրընկալումը։
Եթէ կը շեշտենք այս երեւոյթները, պատճառը այն է, որ հայ մամուլը (տպագիր թէ ելեկտրոնային) տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան հաւաքական հանդիպումի գլխաւոր վայրերէն մէկը կը հանդիսանայ։ Այս իմաստով, ընկերային ցանցերը չեն փոխարինած զայն, որովհետեւ անոնց տարածքին տեղի կ՚ունենայ անհատական, թէկուզ եւ հրապարակային, հանդիպում մը (անձ մը կը հետեւի կամ կը կարդայ ուրիշ անձի մը գրածը կամ տեղադրածը), որ հաւաքական հանդիպումի տեղը չի կրնար գրաւել՝ իր ներկայ բնոյթով։ Երբ մարդիկ կ՚ըսեն, թէ իրենց լուրերը Դիմագիրքէն կ՚առնեն, պէտք է նկատի ունենալ, թէ անոնց աղբիւրը ընդամէնը լուրի մը կմախքն է, օրինակ՝ տուեալ անձի մը մահուան լուրը կամ նոյնիսկ (բացառիկ պարագաներու) քանի մը տուեալներէ բաղկացած կենսագրական մը։ Ասիկա կրնա՞յ փոխարինել թերթէ մը ակնկալելի լրատուութիւնը, տեղեկութեան (information) եւ ո՛չ թէ տուեալներու (data) հաղորդումը, տուեալ անձին արժեւորումը։
Երկրորդ պատճառը այն է, որ հայ մամուլը կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի անմիջական զարգացման առաջին աստիճանը կամ փորձաքարը՝ հայ գրականութեան հասնելէ առաջ։ Ի վերջոյ, լեզուական բնաշրջման (evolution) երեւոյթները առաջին հերթին տեղի ունեցած են եւ կ՚ունենան մամուլին մէջ, որմէ յետոյ թափանցած են ու կը թափանցեն գրական-գեղարուեստական թէ ուսումնասիրական երկերու մէջ։
Եւ քանի որ հասանք մամուլի ու գրականութեան առնչութեան, ուրեմն պէտք է շեշտել այստեղ, որ մամուլը անփոխարինելի դեր մը ունի ընդհանրապէս մեր մշակոյթի փոխանցման մէջ։ Խօսքը չի վերաբերիր պարզապէս մշակութային լրատուութեան կամ պատմական երեւոյթներու անդրադարձին (յոբելեաններ, գրական հին էջերու արտատպում, եւ այլն), այլ վճռականօրէն զարկ տալու մշակութային-մտաւորական աշխատանքին։ Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ երբ գրական հայատառ մամուլը շեշտակի վայրէջք մը կ՚ապրի այս օրերուն՝ յատկապէս քանակով (նաեւ՝ հայագիտական մամուլը), դժբախտաբար ընթացիկ մամուլի ուսերուն վրայ կը կեդրոնանայ այդ բեռը։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուի կամ ընթանայ այդ աշխատանքը, կը մնայ տարբեր խօսակցութեան նիւթ։ Կը հաւատամ, ամէն պարագայի, որ այդ աշխատանքը չի կրնար պարզապէս անցեալի կրկնութիւն մը ըլլալ, որուն տակ կը հասկնամ սովորական clicheներու կրկնութիւնը, այլ պարտի դուռ բանալ արդիական, գուցէ եւ վիճայարոյց, սակայն ազատ քննարկման մթնոլորտի մը։
․․․Թերեւս ժամանակը հասած է, որ հայ մամուլը վերաքննութիւն մը կատարէ իր խօսոյթին (discourse) եւ փոխանակ 1970-ական-1980-ական թուականներուն գտնուելու, երբ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ բոլոր յարակից հարցերը diaper-ներու մէջ փաթթուած էին (մէկ հատիկ Ուրուկուայը պաշտօնապէս ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը, այդ ալ՝ «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածելով), երբ Սփիւռքը իր վտիտ ուսերուն վրայ առանձինն կը կրէր այդ պայքարին բեռը, ուրեմն՝ ցատկ մը կատարէ 4-50 տարի դէպի յառաջ եւ հասնի 2020ի սեմին։ Այդ ցատկին արդիւնքը պէտք է ըլլայ այն անդրադարձը, որ սփիւռքահայ մամուլը լոյս կը տեսնէ Սփիւռքի մէջ եւ նախ եւ առաջ պարտաւոր է Սփի՛ւռքը եւ իր հրատարակութեան վայրի համայնքը դարձնել իր կիզակէտը։ Երկրորդ նիւթը որ պէտք է ուշադրութեան առանցքը ըլլայ՝ Հայաստանն է, բառիս լայն իմաստով (Արցախն ալ, հարկաւ, բայց Արցախը պատմական Հայաստանի տասնհինգ նահանգներէն մէկը ըլլալէ դադրած չէ, իսկ Դեկտեմբեր 1, 1989ի Հայաստանի հետ վերամիացման որոշումը երբեք չեղեալ համարուած չէ), իսկ երրորդ նիւթը՝ հայկական պահանջատիրութիւնը։ Ասիկա չի նշանակեր, կը շեշտեմ, որեւէ ձեւով հրաժարիլ որեւէ բանէ։ Կը նշանակէ, սակայն, առաջնահերթութիւն տալ մեր յիշածին։ Գիտակցիլ որ երբ գրեթէ 30ամեայ անկախ պետականութիւն մը ունինք, պարտաւոր ենք առաջին հերթին ողջերով զբաղիլ՝ անոր սահմաններէն ներս թէ դուրս։ Մեռելները արթուն են մեր հոգիներուն մէջ, իսկ հայ մամուլը, կը կարծեմ, պարտի առաջին հերթին ողջերը սնուցանել ապրող երկրի մը, ապրող հաւաքականութեան մը, ապրող մշակոյթի մը լուրերով, տեղեկատուութեամբ, վերլուծումներով, որպէսզի ո՛չ թէ հետզհետէ դառնայ լուսանցքի վրայ ապրող, միայն անցեալի «հին պատմութիւնները» արծարծող, այլ՝ ընդհակառակը՝ փնտռուած լրատուամիջոցը եւ մեր հանրութիւնը առաջնորդող դրօշակիրը, չորրորդ իշխանութիւնը 21րդ դարուն։ Որպէսզի ողջերուն ներշնչէ, նորահաս սերունդները լիցքաւորէ հայ ըլլալու դրական ու ողջմիտ, լուսաւոր ուղիներով դէպի ապագայ ընթանալու գաղափարով։
Անգլերէն բաժնի զրուցավարն էր Ռուբէն Ճանպազեանը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր), որ բեմ հրաւիրեց Ճորճի-Անն Օշականը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր), ներկայացնելու համար «Մամուլն ու երիտասարդութիւնը, լեզուական դժուարութիւնն ու այլալեզու մամուլին դերի արժեւորումը» նիւթը, ապա «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»-ի փոխ խմբագիր Արամ Արքունը՝ «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները։ Տեղեկատուական անվտանգութիւնն ու լրատուութեան հաւաստիութիւնը» նիւթերը։
Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անգլերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթերու կարեւորութեան եւ մասնաւորաբար ներկայիս անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ին։ Ան նաեւ ներկայացուց Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem.com, որ միեւնոյն նպատակին ծառայելու կոչուած է, եւ որ արդիական շունչով կը գործէ, անգլերէն լեզուով է եւ նպատակ ունի հասնիլ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան։
Անգլերէն բաժինի առաջին զեկուցաբերն էր Ճորճի-Անն Պաղրամեան, որ անդրադարձաւ թերթի կարեւորութեան, յատկապէս հայ թերթին՝ հայկական ինքնութեան պահպանման եւ արմատներուն կառչածութեան իմաստով։ Ան շատ խիզախ քայլ նկատեց անգլերէն լեզուով հայկական թերթ հրատարակելու որոշումը՝ դիտել տալով, որ անիկա նոր սերունդը գրաւելու եւ անոր կողքին կանգնելու քայլ մըն է, նաեւ կամուրջ՝ հայութեան եւ հայկական իրականութեան կապող, երիտասարդութեան նկատմամբ հաւատքը ամրապնդող։ Ըստ անոր՝ այլապէս, անգլիախօս երիտասարդութիւնը անտեսուած պիտի զգար եւ քիչ-քիչ հեռանար հայկականութենէ, իսկ այսպիսով իրենք եւս մամուլին մէջ դեր ունենալու, արտայայտուելու, տեսակէտ յայտնելու կարելիութիւն ունեցան։
Ճորճի-Անն Պաղրամեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ պարագան այն երիտասարդներու, որոնք, թէեւ հայերէն կը խօսին, սակայն անոնք կը նախընտրեն անգլերէն կարդալ ու գրել, ուստի նման թերթ մը այդ իմաստով լաւ առիթ ու կարելիութիւն եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ։ Անոր համաձայն՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ն նաեւ համախմբողի դերակատարութիւն ունեցաւ, կապ եղաւ օտարախօս երիտասարդութեան եւ հայկական համայնքին, Հայաստանին եւ Հայ դատին միջեւ, հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցող աղբիւր հանդիսացաւ, մանաւանդ որ անգլերէնով բազմաթիւ ապատեղեկատուութիւն կրնայ տարածուած ըլլալ համացանցին վրայ։
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Արամ Արքուն, որ լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք նաեւ իրենց հետ կը բերեն տարբեր մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ՝ պատճառ դառնալով նոյնիսկ թերթերու փակման, որովհետեւ տնտեսական ծանր կացութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուին անոնք։ Ան անդրադարձաւ ամերիկահայ իրականութեան մէջ ապրողներուն համար ստեղծուած նոր ակնկալութիւններուն եւ կացութիւններուն, որոնց կարգին է անգլերէն լեզուով հայկական թերթի հրատարակութիւնը, որով կապ պիտի հաստատուի հայութեան, հայկական մշակոյթին եւ զարգացումներուն հետ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ թերթերը կարելի եղած է հրատարակել, գոհացնել նոր սերունդին ակնկալութիւնները։
Արամ Արքուն խօսեցաւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի կողմէ ստեղծուած լայն հորիզոններուն, նիւթերու բազմազանութեան, հայկական իրականութեան հետ կամրջումի դերակատարութեան մասին։ Ան նաեւ անդրադարձաւ անգլերէն լեզուով լոյս տեսնող հայկական թերթերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յատկապէս թարգմանական առումով, որովհետեւ բազմաթիւ լուրերու բնագիրը հայերէնով է, մարդուժի բացակայութիւն կայ եւ այլն։ Բայց եւ այնպէս ան շատ մեծ նկատեց այս թերթերուն դերակատարութիւնը՝ հայութեան ինքնութիւնը նոր սերունդին մէջ վառ պահելու, զանոնք հայկական համայնքին կապուած պահելու իմաստով։ Արամ Արքուն խօսեցաւ նաեւ համացանցային եւ ընկերային հարթակներու ներկայ զարգացումներուն մասին, որոնց լոյսին տակ եւս թերթերը մեծ աշխատանք ունին կատարելիք, հակառակ սահմանափակ կարելիութիւններուն, նիւթական ոչ այդքան դիւրին վիճակներուն։
Արամ Արքուն իր խօսքը եզրափակեց՝ շեշտելով, որ այս թերթերը, որոնց կարգին «Արմինիըն Ուիքլի»-ն, որ արդէն բաւական երկար ուղի կտրած է, պէտք է շարունակեն իրենց երթը, որովհետեւ ժամանակի թաւալումին հետ անոնց առաքելութիւնը աւելի քան երբեք կարեւոր կը դառնայ։
Հայերէն բաժնի զրուցավարն էր Վահագն Գարագաշեանը («Հայրենիք»-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Գանատայի ,Հորիզոնե-ի խմբագիր)։ Իսկ խօսք առնողներն էին տոքթ, Արա Սանճեան (Միշիկըն համալսարանի դասախօս), տոքթ․ Խաչիկ Մուրատեան («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր եւ այժմ Քոլումպիա համալսարանի դասախօս) եւ Վրէժ Արմէն Արթինեան (Գանատայի «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր)։
Վահագն Գարագաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին, որ այս գիտաժողովը համախմբած է սփիւռքահայ 10 խմբագիրներ, որոնք եկած են քննարկելու հայ մամուլին վերաբերող տարաբնոյթ հարցեր։ Անցեալին «Հայրենիք»-ի եւ ներկայիս «Հորիզոն»-ի իբրեւ խմբագիր իր ունեցած հետաքրքրական փորձառութեան մասին պատմելէ ետք, Վահագն Գարագաշեան դիտել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ հայ մամուլին կը դիմագրաւէ տեղեկատուական պատերազմ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ ունի բազում վտանգներ, զորս դիմագրաւելու կոչուած են հայկական զոյգ հանրապետութիւններն ու սփիւռքը։
Ապա ան ներկայացուց գիտաժողովի հայերէն բաժինի հիւրերը՝ դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեան։
Առաջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Արա Սանճեանը, իսկ նիւթը՝ «Սփիւռքահայ մամուլը՝ հրատարակիչի, ընթերցողի եւ պատմաբան-հետազօտողի դիտանկիւնէն»։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին 225 տարուան ընթացքին տարբեր պայմաններու մէջ, տարբեր թուականներու եւ տարբեր նպատակներով լոյս տեսած են հազարաւոր հայերէն, հայատառ թրքերէն եւ հայապատկան օտար լեզուով թերթեր ու պարբերականներ, որոնց ուսումնասիրութիւնը ըստ արժանւոյն չէ կատարուած, բայց եւ այնպէս անոնք, յատկապէս յետեղեռնեան սփիւռքահայ մամուլը, սկզբնական կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մամուլի արխիւները հասանելի են կարգ մը կարեւոր գրադարաններուն մէջ, նաեւ դիտել տուաւ, թէ վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի Ազգային գրադարանը մեծ աշխատանք կը տանի՝ հայատառ մամուլի թուայնացման։
Դոկտ. Սանճեան իր խօսքը կեդրոնացուց յետեղեռնեան շրջանին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն դուրս լոյս տեսած, քաղաքական եւ հասարակական լուրեր տպագրող թերթերուն վրայ, որոնցմէ է նաեւ «Հայրենիք»-ը։ Անոր համաձայն՝ այս թերթերէն բոլոր երկարակեացները, քանի մը բացառութիւններով, ուղղակի կապուած են սփիւռքի մէջ գործող երեք ազգային դասական կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին տասնամեակներ կրցած են դիմանալ միայն կրօնական հաստատութիւններուն կապուածները։ «Միայն կուսակցական, յարանուանական թերթերու երկար գոյատեւումը ուղղակի ապացոյց է, թէ սփիւռքահայ թերթ մը կամ պարբերական մը՝ համայքի թուաքանակի ու կրթական մակարդակի անբաւարարութեան իբրեւ հետեւանք, սոսկ պարագաներու ներքոյ պահանջարկ կրնայ ունենալ իբրեւ անկախ հաստատութիւն դիմանալու եւ կը փորձէ լիուլի բաւարարել իր ընթերցողներուն բազմապիսի հետաքրքրութիւնները», նշեց ան։ Զեկուցաբերը անդրադարձաւ կուսակցութիւններու կողմէ հրատարակուող սփիւռքահայ օրաթերթերուն ծնունդի դրդապատճառներուն` հայ զանգուածներուն մէջ քարոզչութիւն կատարել եւ հասարակական դաստիարակութիւն փոխանցել, կապ ըլլալ արտաքին աշխարհին եւ նոր կազմաւորուող սփիւռքահայ գաղութներուն միջեւ։ Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այդ թերթերուն զարգացման ուղին, իւրաքանչիւր փուլի անոնց միջեւ եղած կապը, հրապարակային տարակարծութիւններն ու վէճերը, որոնք այսօր սովորաբար կը բացակային, որովհետեւ, ըստ Սանճեանի, իւրաքանչիւր թերթ իր շրջանակին արձագանգողը սկսած է ըլլալ միայն` յաճախ լռութիւն պահելով տարբեր երեւոյթներու նկատմամբ։ Իր խօսքը եզրափակելով` Արա Սանճեան դիտել տուաւ, որ այս գործելաոճը կրնայ բաց մը ստեղծել ապագայ պատմաբանին եւ ուսումնասիրողին համար։
Երկրորդ զեկուցաբերին` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանին նիւթն էր «Խօսքի ազատութի՞ւն, թէ՞ անիշխանական բեւեռացում. լրատուական դաշտէն ներս մրցակցութեան եւ շահութաբերութեան պայմաններուն մէջ անոնց պատասխանատուութիւններու շրջագիծը»։ Ան իր խօսքը ներկայացուց` հիմնուելով «Արմինիըն Ուիքլի»-ի տարիներու խմբագիրի իր փորձառութեան վրայ եւ հիմնականօրէն անդրադառնալով հայ մամուլի նպատակին, յատկապէս` հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Ըստ Խ. Մուրատեանի` Միջին Արելեքէն եկած երիտասարդի համար իրեն համար խորթ էր տեսնել, թէ այդ ցամաքամասին վրայ հայերէնով արտայայտուելու դժուարութիւն գոյութիւն ունէր, բայց եւ այնպէս որոշ շրջան մը դիտորդի դեր կատարելէ ետք, պէտք էր ճշդել, թէ ի՛նչ նիւթեր պէտք էր հրապարակել՝ երիտասարդութեան հետ կամրջում ապահովելու։ Ան հաստատեց, որ պէտք է հեռու մնալ հայկական նեղ շրջագիծի մէջ սեղուելէ, որովհետեւ` «երբ կը սահմանափակենք, մենք ալ կը սահմանափակուինք»` աւելցնելով, որ այսօրուան դրութեամբ կարելի չէ հայութեան, հայկականութեան սահմանումներ տալ, թերթին մէջ լոյս տեսնելիք նիւթերու շրջագիծ ճշդել եւ ակնկալել, որ նոր սերունդը ընդունի այդ բոլորը։ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան դիտել տուաւ, որ եթէ մենք առաջնորդուինք 19-20-րդ դարերու գործելաոճով եւ մօտեցումներով, նոյն ձեւով ալ լուծումներ առաջադրենք, բնական է, որ երիտասարդութիւնը պիտի վանենք մեզմէ, սակայն եթէ չթափանցենք հարցին իսկութեան խորը, անոնց ակնկալութիւններուն ու կարիքներուն ականջ չտանք, պիտի ըսենք, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները անտարբեր են, թերթ չեն կարդար։
Խաչիկ Մուրատեան յայտնեց, որ յանցանքը այլ տեղ փնտռելու սովորութենէն դուրս գալով, պէտք է գիտակցինք, որ երիտասարդութիւնն ալ ունի ներուժ, կարողութիւններ, մօտեցումներ, որոնց հետ պէտք է առնչութիւն ունենալ, գիտնալ անոնց հետաքրքրութիւնները եւ գոհացնել զանոնք։ «Մենք պէտք է փորձենք առնուազն մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ արծարծել մեր թուլութիւնները, մեր դիմագրաւած հարցերը, եւ ասիկա հսկայական տարբերութիւն ընելու դուռ կը բանայ, որովհետեւ մենք երբեմն կը յայտնուինք այնպիսի տեղ, որ մեր կեցուածքներով խոտոր կը համեմատինք գետնի վրայ տիրող կացութեան, մեր շրջապատի իրականութեան», յայտնեց Մուրատեան։ Այս ծիրին մէջ ան թուեց այս նպատակը հետապնդող, հայկական սեղմ նիւթերէ դուրս տարբեր ծրագիրներ, որոնք իրենց արդիւնքը սկսած են տալ արդէն։ «Եթէ հայ լեզուն, հայկական միտքը, հայ մամուլը` հայերէն եւ անգլերէն, պիտի գոյատեւէ, պիտի գոյատեւէ նաեւ, յատկապէս սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, այն գիտակցութեամբ, որ այսօրուան խմբագիրը երէկուան խմբագիրէն տարբեր պէտք է ըլլայ, տարբեր աշխարհահայեացք ունենայ, որովհետեւ երէկուան խմբագիրին աշխարհահայեացքը արդէն նախորդ դարուն կը պատկանի։ Եթէ այս գիտակցութիւնը չզարգացնենք, պիտի շարունակենք մնալ այս նեղ շրջանակին մէջ, որ օրէ օր աւելի կը սեղմուի եւ կը նեղնայ», եզրափակեց Խ. Մուրատեան։
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Վրէժ-Արմէն Արթինեան, որ ներկայացուց «Առնչութիւններ հայրենիքի հետ. հայ մամուլի, դաշնակցական մամուլի եւ կուսակցական մամուլի մարտահրաւէրները» նիւթը։ Ան նախ յիշեց, որ «Հայրենիք»-ին հետ իր առնչութիւնը կու գայ 1922 թուականէն, երբ սկսած է հրատարակուիլ «Հայրենիք»-ը, եւ իր մեծ հայրը, իսկ անկէ ետք ինք բաժանորդագրուած են, մնայուն կերպով ստացած են ամբողջական հաւաքածոն, իսկ իր ննջասենեակին մէջ տեղադրուած թերթի հաւաքածոները մեծ ազդերութիւն ունեցած են իր վրայ։ Իսկ յաջորդ առնչութիւնը եղած է, երբ սկսած է աշխատակցիլ թերթին՝ երկար տարիներ, հանդիսանալով թէ՛ աշխատակիցը, եւ թէ ջատագովը։ «Հայրենիք»-ը միայն թերթ մը չէ, այլ մեզի համար հայ մամուլի խորհրդանիշ մըն է», վկայեն ան։
Ապա Վրէժ-Արմէն Արթինեան անդրադարձաւ հայ մամուլին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ունեցած դերակատարութեան, որոնց առաջինը տեղեկատուական բաժինն է, որովհետեւ ինչ ալ ըլլայ մերօրեայ մրցավազքը՝ արագ լուր հաղորդելու, մամուլը կոչուած է ճշգրիտ լուրի աղբիւր ըլլալու, սուտ լուրերը ջրելու եւ հայ ընթերցողներուն հասցնելու իրականութիւնը։ Անոր համաձայն՝ մենք պէտք չէ տեղեկատուութիւնը ընենք միայն հայկական հարցերու, այլ նաեւ աշխարհի իրադարձութիւններու, որովհետեւ ամէն ինչ փոխկապակցուած է իրարու եւ պէտք է դուրս գալ նեղ շրջագիծէն։ Զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ մեր մամուլը ունի նաեւ դաստիարակչական, առաջնորդողի դերակատարութիւն՝ հինէն ի վեր, որպէսզի գիտնանք ինչ պէտք է ընել, ինչ կ՛ակնկալուի մեզմէ՝ այս բոլորին մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար։
Վրէժ-Արմէն լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայիս կայ այնպիսի կացութիւնը, որ մամուլին մէջ ամէն ինչ վարդագոյն ներկայացնելու փորձ կը կատարուի, մինչ այդ մամուլը պարտի ներքին ամէն տեսակ հարցի վրայ լուսարձակ բանալ, իրականութիւնները մատնանշել եւ անոնց գծով տեսակէտ փոխանակել, նաեւ կուսակցութիւնները իւրաքանչիւրը իր պատեանին մէջ քաշուած ըլլալու եւ միւսին հետ առնչութիւն չունենալու վիճակի մէջ է, ինչ որ կը պակսեցնէ թերթին որակը, արժէքը եւ ստեղծելիք հետաքրքրութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ լեզուի հարցին եւ նշեց, որ պէտք է տարբեր նիւթերու մասին խօսիլ մեր մայրենիով, որպէսզի նոր սերունդը սորվի եւ իր բառամթերքը հարստանցէ։ Այս առումով եւ լեզուի ծաղկումին սատարելու իմաստով Վրէժ Արմէն նկատել տուաւ, որ մեր թերթերը նահանջի մէջ են՝ կոչ ուղղելով՝ այս իմաստով նախաձեռնող ըլլալէ չդադրելու։
Վրէժ-Արմէն Արթինեան հայ մամուլի պարտականութիւններէն նկատեց նաեւ մշակել հայ ըլլալու հպարտութիւն, որուն պատճառները պէտք է լուսարձակի տակ առնուին, որպէսզի նոր սերունդը գիտակցի եւ համոզուի։ Ան այս հպարտութեան առանցքը նկատեց մեր նորօրեայ աստղերը, յաղթակաները, յաջողութիւնները՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնց վրայ պէտք է լուսարձակ բանալ եւ անոնց տեղ տալ թերթին առաջին էջերուն վրայ։
Տեցի ունեցան հարց-պատասխաններ։
Աւարտին, խօսք առաւ արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը, որ ներկայացուց «Հայրենիք»-ի շէնքի վերանորոգման աշխատանքները եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց թերթերու թուայնացման աշխատանքներուն առնչութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.