Հայրենահանուածի եւ ցեղասպանութեան ժառանգներու մարդու եւ ազգային իրաւունքի մասին

Յ. Պալեան

Կրկին ԱՄԵԱԿ: Միշտ մտածել եւ կրկնել՝ ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ:

Պիտի խօսինք, պիտի գրենք, ցաւի յուշակոթողներ այցի պիտի երթանք:

Աւանդութիւնը պիտի յարգուի: Ճանաչումները գոհունակութեամբ պիտի յիշուին:

Ծէսերէն անդին քայլ մը առնելով, պիտի ըսե՞նք, թէ մէկ ԱՄԵԱԿէ միւսը, մէկ ՃԱՆԱՉՈՒՄէ միւսը, անոնց բազմապատկումներէն ետք, ի՞նչ փոխուեցաւ Հայ Ազգի իրաւունքի վերականգնումին, անոր հանդէպ արդարութիւն վճռելու եւ ճանչնալու անոր հայրենատիրական իրաւունքը:

Հայրեհանուածները գեղագիտական դարմանումի ենթարկուած են եւ կը կոչուին ՍՓԻՒՌՔ, ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ:

Կրկին ԱՄԵԱԿ: Ամլացնող մորմոքի աղմո՞ւկ, թէ՞լինելիութեան ուխտի օր եւ ցասումի պահ:

Իրատեսութեամբ կը դիմաւորե՞նք ԱԶԳԻ կացութիւնը, թէ՞ աւանդութիւն կրկնելով, պարտականութիւն կատարածի գոհունակութիւն կ’ունենանք: Օրը կ’անցնի, կ’աւարտի: Նոյն յանկերգները, որոնք կարծէք նախորդ տարիներու ձայնագրութիւններն են: Չենք դժգոհիր անգամ: Ժամանակը ընդարմացում յառաջացուցած է, դարձած է կանոն, նոյնիսկ երբ չենք ուզեր այդ խոստովանիլ:

Հայրենահանուածներէն, ցեղասպանութեան ենթարկուածներու յաջորդներէն, զորս միգամածային բանաձեւումով կոչեցինք ՍՓԻՒՌՔ, ի՞նչ մնացած է այսօր, ի՞նչ պիտի մնայ, երբ դար մըն ալ անցնի: Ընդարմացումը չանհանգստացնող սովորութիւն է, ինչպէս ըսած է Արիստոտէլ յոյն իմաստունը, ան դարձած է երկրորդ բնութիւն:

Ժողովրդական ողջախոհութեամբ, տասնեակ տարիներ առաջ, կը խօսուէր «ճերմակ ջարդ»ի մասին: Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանք կորուստներուն համեմատած, ի՞նչ պիտի ըլլայ ընթացքի մէջ եղող անարիւն այդ ջարդին արդիւնքը: Ինչպէ՞ս պիտի կասի այդ իր անունը չըսող ջարդը: Այնքան նահանջած ենք, որ այդ մասին խօսիլ յետադիմութիւն կը համարուի:

Միամիտ չըլլանք: Ազգը որպէս մարդկային ինքնուրոյն կառոյց կը հիմնուի կարգ մը առարկայական եւ ենթակայական տուեալներու վրայ: Կը պահուի՞ն անոնք: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կը պահէ զանոնք:

Առանց հող հայրենիքի ժողովուրդը կը դադրի ազգ ըլլալէ: Ժամանակ մըն ալ կը մնան զանազան պիտակներով համայնքներ, որոնք վաղ թէ ուշ, յաջորդական պատշաճեցումներով, կ’այլանան, սովորական դարձած իմաստութեամբ կ’ըսենք՝ կը համարկուին, ժամանակ մըն ալ արձանագրուած մնալով որպէս ethnic group, բան չնշանակող ինքնահաստատման խաբկանք, մխիթարական պարգեւ մը:

Պարզ է, գիտենք, որ ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում որպէս նպատակ ունէին աշխարհագրական տարածքներու դատարկումը եւ անոնց իւրացումը, ներխուժած ժողովուրդի մը կողմէ, ստեղծելու եւ ընդլայնելու համար նոր բնակութեան կենսատարածք, անհրաժեշտ՝ իշխողի ծաւալապաշտութեան:

Հայութիւնը, որպէս այդ ճանչցուած եւ ինքզինք այդ համարող ժողովուրդ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը, Իրաւատիրութեան վերականգնումի առաջադրանք ունի՞ այսօր: Հարկ է գիտնալ, թէ ի՞նչ կը դնենք այդ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ տարազին մէջ: Միայն Հանրապետութի՞ւնը՝ իր բնակչութեամբ, տնտեսութեամբ, լեզուով, մշակոյթով, կառոյցներով, թէ՝ նաեւ բազմանուն անհող ՍՓԻՒՌՔ(ներ) կոչուած հաւաքականութիւնները, համատեղ, որոնք եկած են նոյն արմատներէն: Եթէ զգացական միամտութենէ հեռանանք, պիտի տեսնենք եւ հասկնանք, որ ՆՈՅՆը այնքա՜ն տժգունած է, յաճախ չքացած, որ ան աւելի ենթադրութիւն է, գրականութիւն, ճառ, քան՝ ԻՐԱՒ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ:

Յանդգնութեամբ պէտք է մտածել ՀԱՅՐԵՆԻՔ հասկացողութեան մասին: Ի՞նչ է ան հայ անհատին եւ հայ հաւաքականութեան համար, Հանրապետութիւն եւ բազմաշերտ Սփիւռք(ներ):

Մեծ տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ գիտնալու համար, որ Հայրենիքը նախահայրերու հողն է, ուր անոնք ապրած են, ուրկէ եկած ենք, ազգի բնօրրանը, ուր զարգացուցած ենք մշակոյթ, ընկերային կեանք, քաղաքակրթութիւն, աւանդութիւններ, կենցաղ, ուր կողք կողքի թաղուած են հայր, որդի, թոռ ու ծոռ:

Ո՞ւր է հայուն այդ հայրենիքը: Պատմութեան նենգութիւններու վճիռով, Անին, Վանը, Մուշը, Սասունը վերջնականապէս դադրա՞ծ են նախահայրերու կտակ ըլլալէ, Հայը ինքզինք դրժելով, հրաժարա՞ծ է իր ինքնութեան պատուանդան հայրենիքէն: Այդ հրաժարման ուղիղ գիծին վրայ կը գտնուի նաեւ լայն առումով մշակութային խորթացումը, որուն անմիջական տեսանելի արտայայտութիւնը սեփական լեզուի կորուստն է, անցնելով զանազան աղճատումներու եւ բառագանձի փոխարինումներու բովէն:

Ո՛չ ոք կը մտածէ եւ կը նախաձեռնէ, գէթ այս աղճատումներուն եւ փոխարինումներուն դէմ ճշմարիտ ինքնապաշտպանութեան իրաւ պայքար մղել, որպէսզի հայը ինք իր դէմ չխորթանայ: Տեսական-տեսաբանական մանուածապատ վերլուծումներու կարիք կա՞յ, տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ եթէ այս պայքարին մասնակից չդարձնենք ինքզինք որպէս ՀԱՅ ԱԶԳի մաս համարող իւրաքանչիւր անհատը, կը դատապարտուինք վերջնական անհետացման: Այս իրաւ յեղափոխական պայքար է, գիտակից եւ հարազատ հայրենատէր մնալու համար, տարբեր՝ խօսափողողային հայրենասիրութենէ: Այս պայքարը եթէ յաջողութեամբ հետապնդենք, կը զօրացնենք հայրենատէրի գիտակցութիւնը եւ պայքարը, նախահայրերու ապրած տարածքներու կորուստը չենք արձանագրեր պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, եւ պատրաստ կ’ըլլանք, որ երբ Պատմութիւնը օղակ փոխէ՝բացակայ չըլլանք:

Ի՛նչ ալ ըլլան ներկայ պատմական պահու առարկայական պայմանները, զորս պէտք չէ անգիտանալ, երբ դեռ ունինք, մնացած է, հողակտոր հայրենիք մը, ուր կայ պետութիւն, մենք մեզի կրնա՞նք թոյլ տալ ուրացումը նախահայրերու պատմութեան եւ անոնց պահած եւ կտակած, նոյնիսկ հողակտոր հայրենիքին, ուր դեռ կայ հանդուրժուող քաղաքական կարգ, զոր կը կոչեն Պետութիւն: Դեռ ընդունուած է այդ Հողակտորը կոչել Հայաստան, երբ Հայաստան եղած եւ կոչուած տարածութիւնները հայ տէրեր չունին, ունին անոնց հետ պատմութիւն չունեցած նոր տէրեր ուր անցեալի յիշողութիւնը փոխարինուած է նորով, յիշողութեան այլացում տեղի կ’ունենայ: Եթէ ջնջման պարտադրանքը շարունակուի, պիտի ընդունի՞նք ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՄԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵՆԷն: Եթէ այլ պահանջներու շարքին, ըսուի նաեւ, որ պէտք չէ ըսել Հայաստանի Հանրապետութիւն, այլ պարզապէս ըսել ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, քանի որ անկէ դուրս է Հայաստանի մեծ մասը, զոր կրաւորականութեամբ արդէն վարժուած ենք կոչէլ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Մինչ այդ, ներազգային ճակատի վրայ, մեր հասողութեան սահմաններուն մէջ է ՄԻԱՑՄԱՆ աշխատանք կրնանք իրականացնել եւ սկսիլ ԼԵԶՈՒՈՎ, անոր հարազատութիւնը վերականգնելով, ընելով այնպէս, որ խօսինք եւ գրենք նոյն հայերէնը, եւ գրել՝ հայատառ:

Ազգային աղէտ կը յառաջացնենք երբ հայերէն կը կարծենք գրել լատինական տառերով, դառնալով մեր ինքնութեան թշնամի: Այս Միացման քաղաքականութիւնը ներհայաստանեան մրցակցութիւնները եւ ընդհանրապէս բաժանումները յաղթահարելու վարժանք կ’ըլլայ, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միացման, որպէսզի չըլլանք բաժնուած եւ տարբեր միլիոններ, այլ երեքի փոխարէն՝ տասը, քսան, երեսուն, թերեւս աւելի միլիոն ժողովուրդ, որ կ’ըլլայ ուժ, կը գծէ իր ինքնութեան եւ յաջողութեան ճամբան:

Դար մը եւ տասնամեակ մը ետք մեր հայրենահանումէն, ո՞ւր կը խօսուի եւ ո՞վ կը խօսի բռնագրաւուած հայրենիքը կրկին հայու հայրենիք դարձնելու մասին, այդ տեղ մը օրակա՞րգ է, նոյնիսկ որպէս հեռաւոր նպատակ, գէթ ըսելու համար, որ նախահայրերու ժառանգէն չենք հրաժարած, տէր ենք, որ Անին, Վանը, Սասունը, Մուշը, Կարսը, Բերկրին, Արածանին, միայն պատկեր եւ երգ չեն: ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՆ :

Յաջողութիւնները նախ կ’ըլլան երազ, ապա կը ծրագրուին, կը պատրաստուին, կը կազմակերպուին: Պէտք է միշտ գիտնալ, թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդենք եւ որոնց հետ այդ կրնանք ընել: Այսինքն՝ ունենալ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆի ճիշդ ըմբռնում եւ պատկերացում եւ ստեղծել գործակցութեան ճակատ:

Այս մարդու իրաւունքի հաւատարմութեան ազնուական պայքար է: Աշխարհի այդ շրջանին մէջ միակ անիրաւուած ժողովուրդը հայութիւնը չէ: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ, արժանացած են նոյն ճակատագրին, նոյն անիրաւող ուժին կողմէ:

Փոխանակ սգալու, մորմոքելու, ինչո՞ւ չմիացնել շրջանի անիրաւուածները, անոնց միացումով արդարութեան միտող ճակատ չստեղծել, գերանցելով ժամանակավրէպ մցակրցութիւնները, սխալները, նայիլ նոյն ուղղութեամբ, կազմակերպուիլ եւ միջազգային հրապարակի վրայ ըլլալ սկզբունքային ներկայութիւն:

Եւ Միջազգային Ընտանիքը, արդարութեան մասին խօսողները ճամարտակողները, հարկ է կանգնեցնել ջատագովուած արդարութիւնը հիմնող ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ առջեւ: Այլապէս, մեծ ու պզտիկ, ընդունած կ’ըլլանք անտառի օրէնքը, ուր կը գերիշխէ այն վարքը, որ զօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է, ինչպէս այդ բանաձեւած է ֆրանսացի առակագիրը: Եթէ այդ է կարգը, ո՛չ բարոյական կը մնայ, ո՛չ արժէք, ո՛չ փիլիսոփայութիւն, ո՛չ կրօն, ո՛չ ալ օրէնքներ:

Անիրաւուածները ինչո՞ւ, յանուն ԻՐԱՒՈՒՔԻ, պատմութեան աստեղային պահը իրենք ստեղծելով, պիտի չմիանան, որպէսզի յոյնը, ասորին, քիւրտը հայը, սուրիացին վերստին տէր ըլլան իրենց նախահայրերու ժառանգութեան:

Անպայման արի՞ւն պէտք է հոսի, որպէսզի միջազգային համայնքը, իր գեղեցիկ անուններով կառոյցներով բարբառի, իրաւարարութիւն խաղայ, երբեմն ալ միջամտէ:

Ո՞վ կրնայ արդարացնել այն, որ Այա Սոֆիան, Աղթամարի Ս. Խաչը, Անին իր պարիսպներով եւ եկեղեցիներով, չպատկանին իրենց իրաւ տէրերուն:

Ընկեցիկը անզօրութեամբ կը սպասէ, որ հրաշքը երկինքէն գայ…

Միշտ յուզումով կը յիշեմ պատերազմի մէջ պարտուած եւ հայրենի տարածքներ կորսնցուցած ֆրանսացիներու զգացական յամառ հայրենասիրական կամքը եւ երազը, անոնք ապրած են իրենց հայեացքը յառած հորիզոնի վրայ ուրուագծուող Վոժ լեռներու կապոյտ գիծին… չեն մոռցած, եւ հայրենի լեռները ետ բերած են: Անոնք մինչեւ այսօր կոպիտ կերպով կը յիշեն թշնամիին հետ գործակցածները, որպէս արհամարհանք կը գործածեն դասական դարձած collaborationste եզրը:

Ինչո՞ւ հայը իր հայեացքը պիտի չյառէ Ախուրեանի ափէն քարընկեց մը հեռու Անիին, եւ անկէ անդին՝ Վանայ Ծովակին… Աղթամարին, Կարսին, Արածանիին, նախահայրերու աշխարհներ… եւ չհրաժարիլ Ազգի հայրենատիրական իրաւունքէն:

Ամեակ մըն ալ երբ անցած ըլլայ…

Յետոյ ի՞նչ…

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ’ըսէ, որ շագանակները կրակէն ո՛չ ոք մեր փոխարէն պիտի հանէ կրակէն, եւ մենք դիտենք առանց մեր մատները այրելու:

Այս հասկնալ իրաւ քաղաքական ՓՐԱՔՍԻՍի իմաստութիւնն է:

Ազգը, հանրապետութիւն եւ հին ու նոր անուններով սփիւռք(ներ), հրաժարա՞ծ են իրենց արմատներէն եւ ազգային իրաւունքէն եւ իրաւութենէն, չվարանելով, ի հարկին, իրենց մատները այրել: Այս՝ յարգելի ըլլալու համար եւ ոչ գութի առարկայ:

Եթէ ՀԱՅՈՒՆ վաղը, վաղայաջորդը օրը, այսօրուան պէս պիտի ըլլան, ո՞ւր կը կարծէք որ պիտի հասնին Ազգը, Հանրապետութիւնը եւ «լաւ ապրելու իրաւունք» խօսքը եւ բազմապատկուող բազմանուններով աճող Սփիւռքը:

Ամեակ մըն ալ: Յետոյ ի՞նչ :

Կը փնտռուի իր ժողովուրդը Կարմիր Ծովէն անցուցած Աստուածաշնչական Մովսէսի պատկերով հայ զարմէ սերած ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ: Կրկնենք Աւետիս Ահարոնեանի խօսքը, որ դեռ կայ հրաշքը:

Մեր ժողովուրդը ունեցած է յարգելի նպարավաճառներ, դրամատէրեր, վարժապետներ արուեստագէտներ, փառասէրներ եւ իշխանատենչիկներ, բայց ունեցած է նաեւ Խրիման, Անդրանիկ, Բաղրամեան, Արամ, Միկոյեան…

Պատմութեան օղակ փոխելու պահուն պէտք է լսել զանոնք եւ հետեւիլ, քաջութեամբ կրկնելով աւանդական բայց մոռցուած եւ մոռցուող՝ վասն հայրենեացը…

Մի՛շտ մտածել՝ ԱՄԵԱԿՆԵՐԷՆ ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ…

Հարցում. ԱԶԳԸ ՈՒՆԻ՞ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, որուն հիմնական առաջադրանքը ըլլայ չհրաժարիլ իրաւունքի վերականգնումի պայքարէն, եւ ճակատ յարդարէ արտաքին եւ ներքին ամէն բնոյթի չարիքներու դէմ:

Դադրեցնել պայքարը կը նշանակէ Ազգի թշնամիներուն առարկայական դաշնակիցը ըլլալ:

Անվարան պայքարիլ իրաւազրկողին եւ ներքին թշնամիին դէմ:

Comments are closed.