Հայրենադարձութիւնը եւ կայացած Սփիւռքը

Խ. Տէր Ղուկասեան

Միջին Արևելքի տագնապն ու անոր ժխտական անդրադարձը տեղւոյն հայ համայնքներուն վրայ կրկին սեղանի վրայ բերին հայրենադարձութեան օրակարգը բացայայտելու համար միաժամանակ անոր այժմէականութիւնը, անպատասխանատու գործածութիւնը հրապարակային ելոյթներու ընթացքին և, ընդհանրապէս, հայեցակարգի մը բացակայութիւնը: Այլ խօսքով՝ կրկին անգամ յայտնի դարձաւ թէ յղացքը որքա՛ն ներկայ է ազգային լինելութեան խօսոյթին և թերևս քաղաքական մտածողութեան մէջ, որքա՛ն թապու է անոր հրապարակային դոյզն հարցադրումը, իսկ ժխտումը՝ պարզապէս անկարելի առանց ազգադաւութեան պիտակաւորումի ռիսկին: Միաժանակ սակայն կրկին հերթականօրէն յստակ դարձաւ թէ գործնական իմաստով որքան բովանդազուրկ է այն՝ որպէս ազգային հաւաքական յանձնառութիւն կամ պետական ծրագիր, հակառակ որ, մանաւանդ Միջին Արևելքի և, ներկայ պայմաններուն մէջ, մասնաւորաբար Լիբանանի պարագաներուն, հայրենիք հաստատուելու անհատական/ընտանեկան որոշումները չեն պակսիր: Քաղաքական իր ծրագրով հայրենադարձութեան ամենէն աւելի յանձնառու կազմակերպութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի 29 Օգոստոս 2020ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ կուսակցութիւնը «նախկին իշխանութիւնների օրոք եւ նաեւ այս իշխանութեան օրոք ներկայացրել է առաջարկ, որ համազգային ճիգերով համապարփակ ռազմավարութիւն մշակուի պետական հովանավորութեամբ եւ համահայկական կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ։» Այլ խօսքով՝ ոչ նախկին իշխանութիւններու օրոք, ոչ ալ այսօր նման նախանձախնդրութիւն չէ եղած, կամ գոնէ այդ ուղղութեամբ գործընթաց չէ սկսած:

Ենթադրելով որ նման «համապարփակ ռազմավարութիւն» մը կրնայ խանդավառել հայրենի քիչ թէ շատ հեռանկարային տեսլական ունեցող որևէ իշխանութիւն, որ նախաձեռնութիւնը առնէ այդ «համապարփակ ռազմավարութիւնը» պետական քաղաքականութեան վերածելու և այն համակարգելու սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հետ, տակաւին յստակ չէ թէ այն որքանով պիտի խանդավառէ Սփիւռքը: Նման հարցադրում չ’ենթադրեր ոչ ժխտել հայրենադարձութեան կարևորութիւնը որպէս ամենէն ռէալ հայահաւաքը ազգային պատմական գործընթացին մէջ, ոչ նսեմացնել այն աշխատանքը որ պետական թէ քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով կը տարուի հայրենադարձութեան ի խնդիր, ոչ ալ, մանաւանդ, գիտակից որոշումով թէ պայմաններու բերումով անկախութենէն ի վեր Հայաստան հաստատուածներուն երևոյթը որպէս կենդանի և քաջալերելի օրինակ թերագնահատել: Սփիւռքի հայրենադարձութեան մասին հարցադրումը կ’ենթադրէ հայեցակարգի մը թէ «համապարփակ ռազմավարութեան» մը մօտենալ հասարակագիտականօրէն հաստատուած առարկայական տուեալներով՝ իրապաշտօրէն ճշդելու համար կոնկրետ նախաձեռնութիւնները և անոնց արդիւնաւէտութեան արժևորման համար ենթահող ունենալ՝ ի հարկին վերանայելու և ճշդումներ կատարելու համար ծրագրին իր տարբեր հանգրուաններուն:

Հայրենադարձութեան միտումներու և անոնց հետևումով գործընթացի հեռանկարներուն մասին առարկայական ենթահող մը անհրաժեշտ է ե՛ւ պետական, ե՛ւ քաղաքացիական հասարակութեան մակարդակով նախ իրապաշտ որոշումներ կայացնելու, ապա՝ հայրենադարձութեան որևէ ծրագիր/հայեցակարգ/ռազմավարութիւն հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ համակարգելու համար: Աւելի՛ն, հայրենադարձութեան որևէ ծրագիր/հայեցակարգ/ռազմավարութիւն հիմնուած պէտք է ըլլայ երևոյթի առարկայական ա՛յդ ենթահողին վրայ որպէս հայրենադարձութեան որևէ ծրագրի/հայեցակարգի/ռազմավարութեան կազմաւորման առաջին քայլին:

Հայրենադարձութեան միտումներու առարկայական ճշդորոշումը երկու երես ունի: Առաջինը՝ անկախութենէն յետոյ հայրենադարձածներու համապարփակ ճանաչումն -թուաքանակ, հայրենադարձութեան ժամանակային յաւելման կամ նուազումի պատկեր, հայրենադարձածներու ընկերա-տնտեսական հատուածներու ճշդում, հայրենադարձութեան որոշման հիմնական մղում… Նման ուսումնասիրութիւն, որ հաւանաբար կատարուած է տարբեր ժամանակներու և կազմալուծուած Սփիւռքի Նախարարութեան արխիւներուն մէջ կան համապատասխան փաստաթուղթերը, մեկնակէտ է պետական ոլորտին մէջ մնայուն գրասենեակի մը առաջացման համար, որպէսզի հայրենադարձութեան գործընթացի հետևումը ըլլայ հետևողական և պետութիւնը թէ հանրային կարծիքը իրազեկ մնայ անոր մասին: Երկրորդը՝ Սփիւռքի մէջ հայրենադարձութեան միտումներու մասին առարկայական ճանաչումն է և անոր հետևումի աշխատակարգի մը (մեխանիզմ) առաջացումը: Հայրենադարձութեան գործընթացի մասին կարելի եղածին չափ առարկայական ճանաչողութիւն կրնայ առաջանալ այս երկու միտումներու հիման վրայ վերլուծական ճիգով մը միայն:

Պետական մակարդակով հայրենադարձութեան դիտարանի մը առաջացումը բնականաբար ամենէն հեշտն է և իրականանալին եթէ քաղաքական որոշում ըլլայ: Պատճառը ոչ միայն պետական միջոցներու առկայութիւնն է, այլ որովհետև հայրենադարձութիւնը ի վերջոյ պիտի արժևորուի հիմնականօրէն… հայրենիքի մէջ: Սփիւռքի պարագային հարցը աւելի բարդ է աշխարհագրական տարածքի և նման գործ առաջ տանելու համար նիւթական միջոցներու թէ մարդուժի սղութեան պատճառով: Այդուհանդերձ, հայրենադարձութեան մասին առարկայական պատկերացում կարելի՛ է ունենալ փոխանակ ենթադրելու, կամ բաղձալու, որ նման միտում «բնականօրէն» առկայ է, որովհետև այլապէս Սփիւռքը «ժամանակաւոր» է, «ինքնանպատակ» չէ, և ,ամէն պարագայի, պիտի «ձուլուի», «վերջանայ», ինչպէս կը պատկերացնէ «նահանջը առանց երգի» յարացուցային խօսոյթի հետևումով գրականութիւնը, հրապարակագրութիւնը, ճառախօսութիւնը… մէկ խօսքով՝ իր հանգստավայրէն (comfort zone) դուրս գալու անկարող լճացած մտայնութիւն մը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Ֆինանսաւորումով Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկի նախաձեռնած Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը (Armenian Diaspora Survey) առաջին գաղափար մը կու տայ Սփիւռքի մէջ հայրենադարձութեան միտումներուն մասին: Լիբանանի, Ռումանիոյ, Քեպէքի և Արժանթինի մէջ կատարուած հարցախոյզին վեցերորդ բաժինը, «Հայաստանի Հանրապետութիւն և Արցախ», կը վերաբերի այն ինչ որ հանրածանօթ է որպէս Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ, ուր և տեղ գտած հարցումներուն պատասխաններէն կրնանք առարկայական առաջին գաղափար մը ունենալ Սփիւռքի մէջ հայրենադարձութեան միտումներուն: Այսպէս, մինչ հարցախոյզը յստակ կը դարձնէ որ Հայաստանը հիմնացոյց (reference) կը մնայ ինքնութեան իմաստով, այն նաև հեռու է «հայրենիք» նկատուելէ: «Հայրենիք»ը հարցախոյզին պատասխանածներու 57 տոկոսին համար իր ծննդավայրն է բառացի հասկացողութեամբ: Այդ մէկը աւելի շեշտուած է նախ աւելի երիտասարդ սերունդին մօտ (16-24 տարեկաններու 59 տոկոսը և 25-34 տարեկաններուն 62 տոկոսը), ապա նաև Արժանթինի (75 տոկոս) և Ռումանիոյ (77 տոկոս) համայքներու պարագային: Հետևաբար, եթէ այս առարկայական տուեալի հիմամբ սահմանենք հայրենադարձութիւնը, ապա և այն կ’իմաստաւորուի հիմնականօրէն Հայաստանէն Սփիւռք հաստատուածներուն պարագային և կը նշանակէ պարզապէս վերադառնալ Հայաստան: Նոյն բաժնին մէջ կայ այլ հարցում մը, որ թերևս աւելի ուղղակիօրէն կը յստակացնէ հայրենադարձութեան միտումները Սփիւռքի մէջ: Հարցախոյզին 29րդ հարցումը՝ «Մտածա՞ծ էք Հայաստանի Հանրապետութիւն մնայուն բնակութիւն հաստատելու մասին» կը բացայայտէ որ Սփիւռքի 43 տոկոսը Հայաստան հաստատուելու միտում չունի, 30 տոկոսը «կը յուսայ օր մը հոն տեղափոխուիլ» բայց «հաստատ ծրագիր չունի», այսինքն՝ Ափիւռքի 73 տոկոսը հայրենադարձութեան ծրագիր չունի: Այս բաժնին, և ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին, հարցախոյզի արդիւնքներուն աւելի հանգամային վերլուծում մը կը ներկայացնէ Հրաչ Չիլինկիրեան Հարցախոյզի ընդհանուր արդիւնքները ամփոփած փաստաթուղթին մէջ:

Հարցախոյզները բացարձակ ճշմարտութիւններ չեն: Անոնց արդիւնքները կը մեկնաբանուին և անոնց առարկայական հիման վրայ հիմնականօրէն քաղաքական կեցուածքներու, որոշումներու թէ գործի ուղղութիւններ ճշդելու նպատակով զարգացող բանավէճն է միայն, որ կ’իմաստաւորէ աշխատանքը: Ճիշդ է նաև, որ թերևս հարկ է սպասել յաջորդ երկու հարցախոյզեորուն որոնք ծրագրին մէջ ներառուած են և ապա միայն բանաձևել սփիւռքեան հանրային կարծիքին մասին յստակ պատկերացում մը: Այդուհանդերձ, առնուազն 2019ի հարցախոյզի արդիւնքները շատ կասկած չեն ձգեր կայացած սփիւռքեան գոյավիճակի մը մասին որպէս համահայկական իրականութեան մէկ երեսը: Նոյնիսկ եթէ յաջորդ սերունդներու տեսակէտն ու իրենց ինքնութեան հասկացողութիւնները փոխուին, մէկ բան յստակ է. Ցեղասպանութեան և Հայաստանի խորհրդայնացման արդիւնքով որպէս ինքնութիւն, հիմնականին մէջ՝ Արևմտահայ ինքնութիւն, ծնունդ առած Սփիւռքի կազմաւորման և զարգացման երեք իրերայաջորդ սերունդներու «Նահանջը առանց երգի» խորհրդանշական յարացոյցը իրենց գոյավիճակին համար պատմական է այլևս, յատուկ՝ 20րդ դարուն: Թերևս կանուխ է նոր յարացոյցի մը մասին մտածել, բայց 21րդ դարու Սփիւռքը կայացած և զարգացման ատակ գոյավիճակ մըն է:

Հետևաբար, հայրենադարձութիւնը ոչ թէ պիտի սահմանել որպէս փրկութիւն ձուլուող Սփիւռքին, որուն անդադար պիտի յիշեցնել իր ինքնանպատակ չըլլալը, այլ՝ հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կարելի է այն դնել սփիւռքեան օրակարգին վրայ որպէս այլընտրանք: Այդ իմաստով հայրենադարձութեան որոշումը նախ և առաջ անհատական է և բանական՝ յղացքի վնասի ու շահի հաշուարկման ամենանիւթական և ամենաազատամտական (liberal) իմաստով, այն առաւելութեամբ որ Հայաստանը, եթէ համոզիչ ըլլայ նախ որպէս աւելի լաւ կենսամակարդակ կամ լայն իմաստով երջանիկ ըլլալու կարողականութիւն ունեցող բնակավայր, որպէս ինքնութեան հիմնացոյց աւելի քաշողական է (սփիւռքա)հայուն քան ոևէ ոչ-հայու, որ նաև կրնայ այդ այլընտրանքը ի՛րը ընել: Գործնական իմաստով, և վերադառնալով հայրենադարձութեան «համապարփակ ռազմավարութեան» մշակումի գաղափար/առաջարկին, հայրենադարձութեան որևէ աշխատանք կրնայ արդիւնաւորուիլ միայն երբ նախանձախնդիր ըլլայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ անհատ համոզելու, և բացառէ ազգային փրկութեան առաքելութիւններու փաթոսը:

Առանց դեռևս «համապարփակ ռազմավարութիւն» մը ըլլալու, քաղաքացիական կազմակերպութիւններու արդէն տարիներէ ի վեր մեծ յաջողութիւն գտած նախաձեռնութիւնները կրնան մեկնակէտ մը ըլլալ հայրենաարձութեան աւելի ընդհանրական ծրագրի մը մշակման համար: Նման ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որ եթէ կեանք առնէ պետական ոլորտին մէջ և, անկախ ներ-Հայաստանեան իշխանութիւն/ընդդիմութիւն մրցակցութեան և բախումի տրամաբանութենէն, քով-քովի բերէ բոլոր կազմակերպութիւնները, ի մասնաւորի՝ տարասփիւռ հայութիւնը համախմբուած պահող և համահայկական զօրաշարժի ատակ կազմակերպութիւնները, ապա և անկասկած հայ քաղաքական մտածողութեան կարևոր առաջընթացի մը փաստը պիտի տայ: Բայց ատոր համար անհրաժեշտ է որ նախ և առաջ այդ քաղաքական մտածողութեան մէջ կայացած Սփիւռքի մը գոյավիճակն ու ռազմավարական կարևորութիւնը ամրագրուած ըլլայ, և հրապարակային ելոյթները ազգայնական բարդոյթը չունենան այդ մէկը պարզ և յստակ յայտարարելու փոխանակ կառչած մնալու զայն կիսատ-պրատ ընդունող և դեռևս համեցող հռետորականութեան մը:

Կայացած Սփիւռքի ամրագրումը հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ ունի նաև գործնական երես և միայն խօսոյթ չէ: Ընդ որում՝ համահայկական մասշտապով գործող կազմակերպութիւնները, քաղաքական թէ քաղաքացիական-հասարակական, թերևս պէտք է անհրաժեշտ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գաղափարախօսական թէ ծրագրային դրոյթները, որոնք ընդհանրապէս հայաստանակեդրոն են, դէպի հայակեդրոնութիւն, ինչ որ և բացառաբար Սփիւռքեան նախագիծերու մշակումն ու յանձնառութիւնը իրենց ծրագրային դրոյթներուն մէջ կը դարձնէ կենսականօրէն անհրաժեշտ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա և թերևս ժամանակն է որ պարզապէս իշխանութիւնները հրաժարին Սփիւռքի նախարարութիւն թէ յանձնակատարութիւն կառոյցներու ստեղծումէն ու բարեփոխումէն և կեդրոնանան արտագաղթի արգիլման և հայրենադարձութեան զիրար ամբողջացնող հրամայականներուն վրայ: Սփիւռքի անտեսում չ’ըլլար այդ մէկը, ոչ ալ Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելէ հրաժարում, այլ՝ Սփիւռքը քաղաքական շահագործումներէ զերծ պահելու յանձնառութեան պատգամ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.