Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ ամեակը ոգեկոչուեցաւ Վանգուվըրի մէջ

24 Ապրիլ 2022ին ժամը 2:00-ին Վանգուվըրի Միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Վանգուվըրահայութիւնը մեծ շուքով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 107րդ ամեակը:

Հաւաքը տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի նահատակաց յուշակոթողին մօտ: Հոգեւոր հովիւներու, եւ դպրաց դասի անդամներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ աղօթք նահատակներուն յիշատակին։ Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էին նաեւ կառավարական դէմքեր Գանատայի խորհրդարանի անդամ Թէրի Պիչ եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրիան Տիքս:

Միացեալ յանձնաումբի կողմէ կազմակերպուած օրուան յայտագիրը կը պարփակկէր օրուայ խորհուրդը ներկայացնող փունջ մը երգեր եւ ասմունք, եւ զոյգ լեզուներով վկայութիւններ: Կառավարական հիւր ներկայացուցիչները օրոայ աւարտին խօսք առին եւ ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Սիմոն Վրացեան Կոմիտէութեան՝ Լրատուական Յանձնախումբ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.