«Հայոց Ցեղասպանութեան փոքրիկ վերապրողները․ դրուագներ» խորագրով ցուցադրութիւն

Յունիս 1-ին, ժամը 14:00-ին, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի գիտաժողովներու նախասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի «Հայոց Ցեղասպանութեան փոքրիկ վերապրողները․ դրուագներ» խորագրով ցուցադրութիւն, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած երեխաներուն, որոնց մէկ մասը բռնի իսլամացան, իսկ տասնեակ հազարաւոներ ապաստան գտան որբանոցներու մէջ։

Ցուցադրութեան նպատակը ցեղասպանութիւններու ժամանակ երեխաներու իրաւունքների ոտնահարման դատապարտումն ու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի բարձրացումն է։

Երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ցուցադրութեան մէջ ներառուած են Ազգերու Լիկայի արխիւի հայ երեխաներու որոշ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաև թանգարանի արխիւին ու մէջ պահուող անձնական իրեր, լուսանկարներ, բացիկներ, նամականիշներ ևայլն:

Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչև Յունիսի 4-ը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.