Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նշանակութիւնը` Այսօր

Հրազդան ԶԷյթլեան

Ընդունուած փաստ է, որ քսաներորդ դարու ամենէն ահաւոր ոճիրը՝ մարդկութեան դէմ, նացիական Գերմանիոյ կողմէ հրեաներու Հոլոքոսթը կամ Ողջակիզումը եղած է, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին ընթացքին:

Այս ոճիրէն առաջ պատահած էր Մեծ Եղեռնը: Քաղաքական սին հաշիւներով, Թուրքիան սիրաշահելու եւ իրենց կողմը անցընելու ձախողութեան մատնուած այդ պետութիւններու քաղաքական հաշուարկներուն պատճառով, թէ՛ Արեւմուտքի երկիրները եւ թէ՛ Խորհրդային Միութիւնը 1915-էն մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը մոռցած էին Մեծ Եղեռնը՝ քսաներորդ դարու ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ: Մոռցուած էր այնքա՜ն, որ նացիներուն կողմէ հրեաներու բնաջնջումը Չըրչիլ կոչած էր «անանուն ոճիր» մը. այսինքն՝ ոճիր մը, որուն տեսակը ատկէ առաջ գոյութիւն չէր ունեցած: Չըրչիլ անշուշտ սխալ էր, Անգլիան «մոռցած էր» այդօրինակ ոճիրի ԱՌԱՋԻՆ գործադրութիւնը:

Մեծ Եղեռնը չէր մոռցած, անշուշտ, մի ոմն՝ Հիթլերը, որ նաեւ իր գործակիցներուն համար Հայութեան Ջարդը տուած էր իբրեւ ամենէն ցայտուն օրինակը՝ մասսայական բնաջնջման:

Իրօք, պատմութեան մէջ  Մեծ Եղեռնը ցարդ կատարելապէս աննախընթաց դէպք եղած էր, արդարեւ, քսաներորդ դարու նոր երեւցող մասնագիտական գիտութիւնները առաջին անգամ ի գործ դրուած էին՝ աներեւակայելի տարողութեամբ կոտորած կազմակերպելու համարՀաշուետուութեան, հաղորդակցութեան գիտութիւններու, 20-րդ դարու կառավարման արդիական տեսչական միջոցառումներու կանխամտածուած ու կազմակերպուած գործադրութիւնը, նաեւ գերարդիական ռազմամթերքն ու զինուորական միջոցները օգտագործուած էին կատարելու սպանդ՝ արհեստագիտական մակարդակով եւ սահմռկեցուցիչ հետեւանքով:

Հոլոքոսթը պէտք էր որ սահմանուէր իբրեւ նոր ոճիր մը՝ մանաւանդ որովհետեւ Մեծ Եղեռնը մոռցուած ոճիր մըն էր: Ահաւասիկ ինչո՛ւ, այսօր (ինչպէս երէկ) երբե՛ք պէտք չէ դադրի Եղեռնի ոճիրին յիշեցումը եւ այս ոճիրին դէմ անդադրում դաստիարակութիւնը:

Այլ խօսքով, եթէ Արեւմուտքը եւ Խորհրդային Միութիւնը ատենին «թաղած» չըլլային Մեծ Եղեռնի ոճիրը, շատ հաւանաբար Հոլոքոսթը տեղի չունենար. ճի՛շդ ինչպէս քիմիական ռումբերու գործածութիւնը տեղի չունեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, յետ նման զինամիջոցներու օգտագործման դէմ համաշխարհային պայմանագրութեանց տեղադրման՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, առ ի հակազդեցութիւն այդ զէնքերու կիրարման գործած անմարդկային աւերին:

Քանզի Հրէական Ողջակիզումը «անանուն ոճիր» մըն էր, աննախադէպ ոճիր մը, ուստի այս ոճիրի սահմանելու համար միջազգային դատարանները Նիւրէմպերկեան եւ յետ-Նիւրէմպէրկեան մասսայական բնաջնջման դատերուն ընթացքին գործածեցին Ռաֆայէլ Լեմքինի բառը՝ ցեղասպանութիւն կամ ժէնօսիտ: Բառ մը, որ մանաւա՛նդ իբրեւ ՈՃՐԱՅԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐէՆՍԳԻՐՔԻ ԹԵՐՄԻՆ կարեւոր է յատկապէս նկարագրելու համար նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Ցեղասպանութիւնը իբրեւ ոճիր ցեղի մը կամ կրօնքի մը պատկանողներու պետական կանխամտածուած եւ կազմակերպուած բնաջնջումն էր՝ ժէնօսիտ միջազգային օրէնքի բառին բնորոշումով:

Հարցը ա՛յն է, որ Մեծ Եղեռնը գործադրուած էր ոճրային այնպիսի մակարդակով մը, որ ամբողջ հարթութիւն մը աւե՛լի ոճրային էր՝ քան ողջակիզումը, եւ որուն յաւելեալ սահմանումը տակաւին այսօ՛ր իսկ կը կարօտի յաւելեալ միջազգային օրէնսդրական աշխատանքի:

Որքան ալ ահաւոր էր Հրէական Ողջակիզումի ոճիրը, դժբախտաբար, հայութիւնը ենթակայ եղած էր ժէնօսիտէն աներեւակալիօրէն աւելի ծանրակշիռ ոճիրի մը: Ոճիրը ոճիր է, բայց օրէնքները` օրինական ամենայն մանրամասնութիւններով4 կը սահմանեն տարբեր ոճիրները, իրենց ծանրութեան տարբեր մակարդակներով:

Հրէական Ողջակիզումը ցեղասպանութիւն էր անշուշտ, բայց ցեղասպանութիւն բառը բաւարար չէ ընդգրկելու եւ օրէնքով սահմանելու ամբողջ ծանրութիւնը թրքական պետական ոճիրին՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան. Մեծ Եղեռնի ոճիրը սահմանելու համար պէտք է ստեղծել նոր բառ մը՝ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄ կամ nationcide:

Հայկական Ցեղասպանութիւնը աւելի ոճրային է, քան ցեղի մը կամ կրօնական խումբի մը բնաջնջումը: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛՝ առաւե՛լ՝ հայազգի բնօրրանի անդառնալի գողութիւն թշնամի ազգի մը կողմէ:

Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ հողատարածքի ազգային իրաւունքի ջնջում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ կոտրումը ազգին, «ազգ»-ը հասկնալով իբրեւ պատմութեան մէջ հողատարածքի մը վրայ պետութիւն կերտած ժողովուրդ: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ ազգակոտրում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ ազգային կայքի սեփականազրկում: Մեծ Եղեռնը ցեղասպանութիւն է՛, առաւե՛լ՝ պատմական հայրենիքի խլում, վերջնական հայրենազրկում:

Առ այդ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հայութեան ազգաջնջումը արդի դարաշրջանի աշխարհի ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՈՃԻ՛ՐՆ Է ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ, ԱՆԵՐԿԲԱՅՕՐԷ՛Ն:

ԱԶԳԱՋՆՋՄԱՆ ԱՄԵՆԱԾԱՆՐ այս ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ոճիրը այսօ՛ր, ամէն օրէ աւելի, կը սպասէ Միջազգային համայնքի միահամուռ ճանաչման, յատուկ դատապարտման, ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու հատուցման գործադրութեան եւ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄՈՎ բռնագրաւուած հողերու վերադարձին Հայաստանի մնացորդացին՝ իբրեւ միակ ընդունելի եւ արդա՛ր լուծումը ցեղասպանութեան եւ հայրենագողութեան ԿՐԿՆԱԿԻ հակամարդկային ոճիրներուն:

Ահաւասիկ ինչո՛ւ կը պայքարինք՝ արդարօրէն:

Որովհետեւ այսօր, ի տարբերութիւն Հոլոքոսթին, հայութեան ազգաջնջումը կը շարունակուի անդադար:

Հայութեան ազգաջնջումը կը շարունակուի այսօր ցեղասպան ՆՈ՛ՅՆ թրքական պետութեան օրինական ժառանգորդ այսօրուան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, ուղղակի եւ անուղղակի տարբեր միջոցներով ու Թուրքիոյ պետական քաջալերանքով՝ Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանի, թրքական պետութեան եւ թրքական հակակշռի տակ գործող այլ ահաբեկչական ուժերու կողմէ:

Կը պայքարինք, որովհետեւ, ի բացակայութիւն Մեծ Եղեռնի ոճիրին միջազգային ամբողջական ճանաչումին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի անդադրում զանազան ամէնէն անգութ միջոցներով, ներառեալ՝ հայութիւնը կը շարունակուի խողխողուիլ իր Արցախեան բնօրրանին մէջ, եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ջնջումը կը շարունակուի գրաւեալ Նախիջեւանէն մինչեւ գրաւեալ Արեւմտահայաստան:

Հայութեան Եղեռնը պատմական անցած փուլ չէ, այլ թրքական պետութեան շարունակական քաղաքականութիւնը՝ մինչեւ մեր վերջանալը իբրեւ պետական ազգ:

Արցախի վերջին մարտերու միանշանա՛կ ուսանելի դասը այն է, որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրելէ՝ Եղեռնի շարունակութիւնը:

Ահա, թէ ինչո՛ւ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Արցախը թրքական Ատրպէյճանէն ազատագրելու դատը «իրարմէ անկախ» ՉԵ՛Ն… ՆՈ՜ՅՆ պայքարն է՝ կասեցնելու այսօ՛ր ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈ՛Ղ ԵՂԵՌՆԸ:

Հայութեան այս պայքարը ամբողջ մարդկութեան անշեղ պայքարն է, մինչեւ ցեղասպանութեան ոճիրի եւ այդ ոճիրի անդրադարձներու վերացումը, մինչեւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑԸ եւ ա՛յս ոճիրի արդարահատոյցին ընդմէջէն՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԱԶԳԱՋՆՋՈՒՄԻ ՀԱԿԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՃԻՐԷՆ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.