Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արաբական երկիրներու մէջ

Արաբական մամուլը տեղեկութիւններ կը շրջանառէ այն մասին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կրնայ ճանչնալ 1915 թուականին Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կը մեծցնէ Ապու Տապիի եւ Անգարայի միջեւ լարուածութիւնը: Մամուլը կը գրէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ յայտարարել 24 Ապրիլին: Այս տեղեկութիւններուն լոյսին տակ «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեանի հետ: Երբ հարց տուինք տոքթ. Գէորգեանին, որ արաբական նման երկիրներ գործնական քայլերու կը դիմե՞ն այս ուղղութեամբ, թէ այս խաղաքարտը կ’օգտագործեն պարզապէս ճնշում բանեցնելու իրենց հետ քաղաքական տարակարծութիւններ ունեցող Թուրքիոյ վրայ, ան պատասխանելով ըսաւ.

«Նախ եւ առաջ պէտք է հաստատել, որ «Ալախպար» ի մէջ հրատարակուած յօդուածը մնաց անարձագանգ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտօնական շրջանակներէն, սակայն այս մէկը չի բացառեր, որ այդ յօդուածը թելադրուած էր նոյն շրջանակներուն կողմէ:
Թէ ինչո՞ւ այս ժամկէտին նմանօրինակ մօտեցում տեղի կ’ունենայ, այդ մէկը պէտք չէ սահմանափակել սոսկ Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ քաղաքական վատ յարաբերութիւններով, այլ անհրաժեշտ է շրջանի մէջ տիրող քաղաքական մրցակցութիւններու ընդհանուր իրավիճակին եւ զարգացումներուն մէջ տեղադրել զայն:

Յստակ է, որ Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւնը կը բնութագրուի նորօսմանիզմով եւ նորփանթուրանիզմով, որոնց իրագործման համար Թուրքիա կ’օգտագործէ փանիսլամիզմը՝ յաւակնելով իսլամական աշխարհին ղեկը ստանձնել ու այս ճամբուն վրայ նախկին Օսմանական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ գըտնուող ու այսօր անկախ պետութիւններուն վրայ տարածել իր քաղաքական հեղինակութիւնը եւ անոնց սահմաններուն վրայ հաստատել իր ռազմական ներկայութիւնը: Սակայն այս ճամբուն վրայ կան այլ ուժեր, որոնց համար անթոյլատրելի է նման քաղաքական ծրագրերու իրագործումը, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլն: Չմոռնանք, որ Սէուտական Արաբիան իր կարգին ինքզինք կը նկատէ Իսլամական աշխարհին ղեկավարը եւ ունի իւրայատուկ ծրագրեր ու վերոյիշեալներուն հետ յառաջացուցած է հակաթուրք ճակատ :
Այսպիսով նաեւ կը բացատրուի վերջերս Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ ալ Սիսիի կատարած յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ այս հարցին աշխոյժ արծարծումը յատկապէս եգիպտական մամուլին եւ մետիային ընդմէջէն, ուր նաեւ բարձրաձայն կը խօսուի Եգիպտոսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:

Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրուած կեցուածքները տարակարծութիւններ չեն, այլ հակամարտութիւն՝ ռազմավարական արժէք ունեցող ծրագրերու բախումի որպէս արդիւնք, հակամարտութիւն որ առաւել սաստկացաւ Սուրիոյ տագնապի մօտալուտ հանգուցալուծման հաւանականութեան մեծացումով:
Անկասկած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցին արծարծումը Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց է իւրաքանչիւր կողմի համար, եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ մէկ անգամ օգտագործելով այս պարագային ցեղասպանութեան ճանաչումով ու դատապարտումով այդ խաղաքարտէն չեն հրաժարիր, այլ կը շարունակեն շահագործել զայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը մերթ ընդ մերթ արծարծելով, առանց ուղղակի ճանաչումի:
Ցարդ կատարուածը չ’անցնիր վերոյիշեալ սահմանները:

Նաեւ բացառուած չէ ցեղասպանութեան ճանաչման տարբերակը, որ կը նշանակէ, թէ յառաջիկային այդ երկիրները կրնան դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք կ’անցնին ճանաչումի ու դատապարտումի բարոյական արժէքէն դէպի քաղաքական կիրարկումի աշխարհ, ինչպէս օրինակ՝ միջազգային քաղաքական ատեաններու մօտ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութեան եւ ոճրային այլ արարքներուն արծարծումն ու համապատասխան որոշումներու գոյացումը»:
Պատասխանելով այն հարցումներուն, թէ ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը արաբական երկրի մը կողմէ ընդունուելու պարագային, ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ արաբ հանրային կարծիքին եւ Թուրքիոյ վրայ, իսկ այսօր արաբ հասարակութիւնը որքանո՞վ իրազեկ է ցեղասպանութեան իրողութեան կամ պատրաստ է ձայն բարձրացնել յանուն արդարութեան, Գէորգեան ըսաւ.«Անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը նետել անցեալ դարու յատկապէս 80-ականներուն վրայ, երբ մեծ թափ ստացան Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հայ եւ արաբ մտաւորականներու արաբերէն մեծաթիւ ուսումնասիրութիւններն ու թարգմանութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ, լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ, երբ այս երկիրներու արաբական հանրային կարծիքը իրազեկ դարձաւ ցեղասպանութեան, ապա պատկերասփիւռներու վրայ սկսան մերթ ընդ մերթ երեւիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հաղորդումներ, ֆիլմաշարեր եւ այլն : Այս բոլորը արաբական հանրային կարծիքը որոշ չափով իրազեկ դարձուց կատարուածին: Իսկ Թրքական կողմը, ընդհանրապէս, այս զարգացումը չկրցաւ կասեցնել:

Իրավիճակը փոփոխութիւն կրեց յատկապէս այն ատեն, երբ Թուրքիոյ իշխանութեան հասան նորօսմանիզմի ներկայացուցիչները եւ թիրախ դարձուցին արաբական հանրային կարծիքը՝ զանազան միջոցներով տարածելու փրօթրքական մթնոլորտը, օգտագործելով քաղաքական դրական յարաբերութիւնները արաբական աշխարհին հետ: Քաղաքական հսկայական իրադարձութիւններով լեցուն մօտ երկու տասնամեակի վրայ երկարող ժամանակաշրջանը յանգեցաւ Թուրքիոյ հանդէպ արաբական աշխարհի հանրային կարծիքին երկփեղկումին: Հակաթրքական տրամադրութիւններ կան արաբական աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Այս իրավիճակէն մեկնած արաբական որեւէ պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի ունենայ իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները եւ դէպի ճանաչում տանող ճանապարհին պիտի յառաջանայ բախում, ինչ որ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ հայութեան համար Հայոց Ցեղասպանութեան ծանօթացման, իրաւացիութեան պարզաբանման, եւ պատմութեան նենգափոխման դէմ պայքարելու իմաստով:
Այսօր հակաթուրք կողմերը ունին պետական, լրատուական եւ նիւթական հսկայ կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ գաղափարակից հետեւորդներ, որոնք իրենց սեփական երկիրներու գոյութեան մեծագոյն վտանգը կը նկատէն թրքական ծաւալապաշտական միտումները եւ կրնան ձայն բարձրացնել յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան, եթէ հայկական գաղութները տուեալ երկիրներուն մէջ կարենան պահը բռնել եւ տրամադրելի կարելիութիւնները օգտագործել՝ անոնց մատուցելով, պատմական նիւթեր, փաստաթուղթեր որպէսզի ներկայացուին արաբական միջավայրի համապատասխան տրամաբանութեամբ, լեզուով ու անոր առօրեային ընդմէջէն»
:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.