Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած «Ոգեկոչում Արուեստի Շունչով» Ձեռնարկը՝ «Նարեկացի» Կեդրոնէն Ներս

Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

Միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Բաղինեան կարդաց Սիամանթոյի ստեղծագործութիւնները, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ «Փարոս» սենեկային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Միքայէլեանի, խմբավարութեամբ Ռուբէն Կարասեֆերեանի, «Նուպար» հայ աւանդական երգի-պարի խումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լուսինէ Նազարեանի, «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի երաժիշտները` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յովիկ Սահակեանի, «Նարեկացի» նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արտեմ Խաչատուրի:

«Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մանրանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Անի Գէորգեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Աննա Վանեսեանի, Ինեսսա Պօղոսեանի աշխատանքները, իսկ մանրանկարները պիտի ցուցադրուին մինչեւ Ապրիլ 29-ը:

2003-էն ի վեր ամէն տարուան Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր արուեստագէտ բարեկամներուն հետ կը նշէ յիշատակի եւ ոգեկոչման համահայկական օրը` կոչ ուղղելով աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եւ ճանաչելու միջոցով այլեւս թոյլ  չտալ նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.