Հայոց բանակի երկրորդ զօրասիւնը՝ Զօրընտիր Հայ Դատի յանձնախումբերը

Տասնամեակներու վրայ երկարող ճանապարհ ունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը արտաքին ճակատի վրայ, որուն մղիչ ներուժը կը հանդիսանան աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները։

Այս օրերուն Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուող Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը պարտաւորութիւնը ունի մշակելու քարոզչական-մարտավարական մօտեցումները, համադրել շրջաններու մէջ իրականացուող գրասենեակներու աշխատանքները, օգտագործել հիմնական թիրախներու ուղղութեամբ քարոզչական ողջ ներուժը եւ նոր որակի բարձրացնել թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը սանձելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը։

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդման առաքելութեան մէջ արդէն իսկ վիթխարի ու պատմակշիռ ձեռքբերումներ արձանագրած Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Հայ Դատի ռազմավարութիւնը հիմք ընդունելով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչակից ու լծակից կը նկատէ հայոց հողային պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերը կ՚իրագործէ քարոզչական եւ մարտավարական համապատասխան լոպպիական ուղեգիծով։

Զուգահեռաբար, Յանձնախումբերը անցնող երեք տասնամեակներուն գօրծունէութեանց իրենց ուղեծիրը ընդլայնելով, Հայ Դատի մարտավարութեան մէջ ներառած են Արցախի եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ ծաւալուն դաշտ՝ որուն արգասիքն են վերջին տարիներու Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման ուղղուած միջազգային պետական եւ նահանգային ճանաչման քայլերն ու նախաձեռնութիւնները։

Այս բոլորը համադրելու եւ իրագործելու համար, Ամերիկեան, Եւրոպական, Ասիական եւ Ովկիանիոյ ցամաքամասերուն վրայ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ կը կայանան հանդիպումներ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորներու հետ, գործադիր իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հետ, քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, ցեղասպանութեան հարցերով զբաղող միջազգային ուսումնակեդրոններու հետ եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու սփիռքեան համայնքներու ղեկավարութեանց հետ։

Դաշնակցութեան համար, սկզբունք է, սատարել հայկական պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման եւ Սփիւռքի Դաշնակցութեան կառոյցներու քաղաքական կարողոկանութիւններու անսպառ ներուժը ի սպաս դնել Արցախի եւ Հայաստանի համար, այն համոզումով` որ Սփիւռքի հզօրացումը կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց գոյատեւման, յարատեւման եւ զարգացման:

1981 թուականին, Փարիզի մէջ կայացած ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր Ժողովը կ՚ամրագրէր Հայ Դատի յստակ ռազմավարական բանաձեւ՝ ուր կը շեշտադրուէր, որ աշխարհի մեծ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետութիւնները, բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւններ ունին հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ ցարդ պարտական կը մնան Հայ Դատին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Թրքական պետութեան անժամանցելի պատասխանատուութիւնը քննարկման ենթակայ չեն կրնար ըլլալ և ամբողջական ու արդար հատուցման հարցը այսօր, աւելի քան երբեք, սեղանի վրայ անխուսափելի օրակարգ է։

Միաժամանակ, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն համար անյետաձգելի հիմնախնդիրներ են Հայաստանի և Արցախի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան ու զարգացման հետեւողական ապահովումը: Հայ Դատի յանձնախումբերը մերօրեայ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, կը հետեւին Դաշնակցութեան «Զարգանալ՝ չզիջելով» սկզբունքին, սկզբունք՝ որ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանուածութեան անփոխարինելի զրահանդերձն է և Արցախի հարցի լուծման հիմնական առանցքը:

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ քաղաքական քարոզչութեան հարթակի վրայ այդ անվտանգութեան ընթերակայ երաշխաւորը՝ աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են։

 «Հորիզոն»ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.