«Հայկական Քաղաքական Հարթակ» Քաղաքական Դպրոցը՝ Գորիսի Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հետ միատեղ, «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը Գորիս քաղաքին մէջ նախաձեռնած է «Հայկական Քաղաքական Հարթակ» քաղաքական դպրոց 17-25 տարեկան երիտասարդներու համար։ Կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի հանարպետութեան հասարակական եւ քաղաքական ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները դպրոցի մասնակիցներուն պիտի փոխանցեն գիտելիքներ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ․

-Հայոց պետականութեան ծագումն ու զարգացումը։

-Պետական կառավարման բնորդները եւ ՀՀ պետական կառավարման կարգը:

-Իշխանութեան թեւերը, անոնց գործառոյթները եւ ձեւաչափերը:

-Քաղաքական գաղափարախօսութիւնները եւ անոնց տարբերութիւնները, ՀՀ գործող կուսակցութիւններու դիրքաւորումը:

-Իրաւագիտակցութիւն, քաղհասարակութիւն:

-Հարցաբանութիւն։

-Զանգուածային շարժումները եւ անոնց արդիւնքները։

-Վերազգային կազմակերպութիւններ։

-Տարածաշրջանային քաղաքականութիւն։

-ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակ, առկայ մարտահրաւէրներ։

-Հայ Դատ եւ Արցախեան հիմնահարցը։

-Սփիւռքը եւ անոր կարելիութիւնները։

-Սիւնիքի հիմնախնդիրը եւ նշանակութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.