“Հայաստան” Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մարմինին Կողմէ Արցախի Ուղտասար Գիւղին Մէջ Դպրոց Կառուցուած է

Նոյեմբեր 5-ին, Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ կառուցուած դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, կը հաղորդէ “Արցախփրես”-ը։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյի տեղական մարմինին եւ Արցախի կառավարութեան` ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: «Կը կարծեմ` Թորոնթոյի մեր գործընկերները ունին մարդակեդրոն սկզբունք, քանի որ մէկ մարդու մասին մտածելու իրենց գաղափարախօսութեամբ՝ անոնք տարբերութիւն չեն դրած Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միջեւ: Թորոնթոյի համայնքի համերաշխութեան շնորհիւ է, որ այսօր ունինք նորակառոյց դպրոց: Կատարուած աշխատանքները կը գնահատեմ բարձր», աւելցուց ան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է ներկայ գտնուիլ հերթական դպրոցի բացման արարողութեան:

«2016 թուականի Մայիսին, երբ առաջին aնգամ այցելեցի Ուղտասար, եկած էի տեսնելու համայնքային կեդրոնի շէնքը եւ նորը կառուցելու գաղափարին մասին յայտնելու: Սակայն, տեսնելով դպրոցի անմխիթար վիճակը, մենք որոշեցինք կառուցել նոր դպրոց: Այսօր աշակերտներուն իր ողջոյնը ուղարկած է Մոնթէ Մելքոնեանի այրին` Սեդա Մելքոնեանը, որ ցանկութիւն յայտնած է, որ Աւոյի անունը կրող դպրոցին մէջ անոր նուիրումն ու ոգեւորութիւնը ուղեկցի բոլորին: Շուտով ան եւս պիտի այցելէ այստեղ», յայտնեց Մկրտիչեան:

Ի դէպ, բարերարը նշած է նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի տեղական մարմինը դպրոցի բոլոր երեխաներուն համար ուղարկած է գրենական պիտոյքներով լի պայուսակներ:

«Գիւղին մէջ պէտք է լուծուի նաեւ ջրամատակարարման խնդիրը: Մօտ երկու շաբաթ առաջ Թորոնտոյի մէջ կազմակերպուած բարեգործական ընթրիքին մեր կողմէ քննարկուած է այդ հարցը, եւ յառաջիկային պիտի սկսինք նախագծային աշխատանքներուն»,- ըսաւ ան:

Գիւղապետ Մանուէլ Պետրոսեանի կողմէ Ուղտասար համայնքի զարգացման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար Թորոնթոյի տեղական մարմնի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանին շնորհուեցաւ Ուղտասարի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, իսկ դպրոցի յարակից տարածքէն անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով նուիրուած 4000 մեթր հողատարածք:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան ըսաւ, որ այս ուսումնական տարին Արցախի մէջ բացուած է երեք դպրոց, որոնցմէ երկուքը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ:

«Այդ շարքի մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Ուղտասարի միջնակարգ դպրոցը, քանի որ անիկա կոչուած է ամրացնելու Արցախի սահմանը: Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Թորոնթոյի տեղական մարմինին եւ մեզի համար հարազատ դարձած Մկտիչ Մկրտիչեանին, որ բոլոր այս տարիներուն եղած է մեր կողքին եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի օր առաջ թեթեւցնէ Արցախի հոգերը»:

Իսկ դպրոցի տնօրէն Վլադիմիր Յակոբջանեան ըսած է, որ 2002 թուականի Սեպտեմբեր 1էն գործող այս դպրոցը կը յաճախէ 39 աշակերտ:

«Այսօր հպարտ ենք, որ Արցախի եւ Սփիւռքի բարեկամութեան շնորհիւ ունինք յարմարաւէտ ու գեղեցիկ դպրոց: Մենք` ուղտասարցիներս, կը վստաեցնենք, որ անմասն պիտի չմնանք աւելի հզօր ու զարգացած Արցախ կերտելու վեհ գաղափարէն․․․»:

Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացան ասմունքով, երգով եւ երաժշտութեամբ:

Հանդիսաւոր բացումին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնութեան արարողութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.