Հայաստան Կրնար Աւելի Լաւ Գործարք Կնքել Ատրպէյճանի Հետ Գերիներու Փոխանակման Հարցով
Յարութ Սասունեան
Պաքուի բանտերուն մէջ երկար ժամանակէ ի վեր տառապող երեսուներկու հայ ռազմագերիները վերջապէս ազատ արձակուեցան եւ վերադարձան իրենց երջանիկ ընտանիքներուն գիրկը։ Ես կը վերլուծեմ անոնց ազատման նախապատմութիւնն ու հանգամանքները՝ մատնանշելով, թէ ինչո՛ւ Հայաստան պէտք է շատ աւելի լաւ գործարք կնքէր։
1) 2020 թուականի պատերազմի աւարտին կնքուած համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, կը ներառէր դրոյթ մը, որ կը պարտաւորեցնէր «իրականացնել ռազմագերիներու եւ պահ դրուած այլ մարդոց ու զոհուածներու մարմիններու փոխանակում»։ Փաշինեանի սխալը այն էր, որ այս դրոյթի կատարման համար վերջնական թուական մը չորոշեց՝ ատով իսկ թոյլ տալով Ատրպէյճանի՝ հայ գերիները պահել այնքան, որքան որ կ՛ուզէ։
2) Փաշինեանի երկրորդ սխալը այն էր, որ 2020ի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, Հայաստան ազատ արձակեց ատրպէյճանցի բոլոր գերիները, իսկ Ատրպէյճան` հայ գերիներէն միայն քանի մը հատը։ Տեղի չունեցաւ «բոլորը բոլորին դիմաց» փոխանակում:
3) Թէեւ 2020ի համաձայնագիրով որեւէ նախապայման չէր դրուած հայ եւ ատրպէյճանցի գերիներու ազատ արձակման համար, Փաշինեան գործեց իր երրորդ սխալը՝ Ատրպէյճանի յանձնելով անոր կողմէ բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայկական ականներու տեղադրման քարտէսներ՝ Ատրպէյճանի կողմէ յաւելեալ քանի մը հայ գերիներու ազատ արձակման դիմաց։ Ալիեւ կարեւոր դաս մը քաղեց, թէ՝ կրնայ աւելի շատ զիջումներ կորզել Հայաստանէն՝ հայ գերիներու դանդաղ եւ աստիճանական ազատ արձակմամբ։ Այլ կերպ ըսած, Ալիեւ պարզեց, որ հայ բանտարկեալները իրեն համար աւելի արժէքաւոր են, եթէ զանոնք պահէ Պաքուի բանտին մէջ եւ ժամանակ առ ժամանակ քանի մը հատը ազատ արձակէ՝ Հայաստանէն յաւելեալ զիջումներու դիմաց:
4) Փաշինեանի յարատեւ մտասեւեռումը՝ Ատրպէյճանի հետ անտեղի «Խաղաղութեան պայմանագիր» կնքելու նկատմամբ, հնարաւորութիւն մը եւս կ՛ընձեռէ Ալիեւի՝ Հայաստանէն յաւելեալ զիջումներ կորզելու, որոնց շարքին՝ սահմանի կարգաւորման բանակցութիւններու ընթացքին հայկական տարածքներու նորանոր պահանջներ, ատրպէյճանցիներու վերադարձը Հայաստանի ներսը նախապէս բնակեցուած իրենց գիւղերը եւ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» ընդունումը, որ Արեւելեան Ատրպէյճանը կը կապէ Նախիջեւանի հետ՝ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող ճամբուն փոխարէն, ինչպէս նշուած է 2020ի համաձայնագիրին մէջ։
5) Փաշինեան պէտք է հրաժարէր Ատրպէյճանի հետ բոլոր հանդիպումներէն եւ բանակցութիւններէն՝ մինչեւ անոր զինուած ուժերու դուրս հանումը Հայաստանի ներքին գրաւեալ տարածքներէն եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու վերադարձը։
6) Ատրպէյճան համաձայնեցաւ երկու ատրպէյճանցի զինուորները փոխանակել 32 հայ ռազմագերիներու հետ, քանի որ Հայաստան հանեց իր թեկնածութիւնը եւ ջնջեց իր վեթոն Ատրպէյճանի դէմ, որ յաջորդ տարի Պաքուի մէջ պիտի հիւրընկալէ կլիմայի փոփոխութեան միջազգային հեղինակաւոր համաժողովը (COP29): Այս է միակ պատճառը, որ Ալիեւ համաձայնած է իրականացնել գերիներու այսպիսի անհամաչափ փոխանակում։ Հրապարակայնօրէն նշուած միւս պատճառներէն ոչ մէկը ճիշդ է։ Հակառակ անհիմն շահարկումներու՝ ԱՄՆ, ԵՄ, ՆԱԹՕ, Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան որեւէ դեր չեն խաղացած այս գերիներու փոխանակման կազմակերպման գործին մէջ։ Ալիեւի մեծ ցանկութիւնն էր օգտագործել համաժողովը իբրեւ միջոց՝ ցոյց տալու Պաքուն իբրեւ միջազգային նշանակալի մայրաքաղաք՝ ուշադրութիւնը շեղելու համար Ատրպէյճանի գործած մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներէն եւ ռազմական յանցագործութիւններէն: Ալիեւ մեծ ջանքեր գործադրած է, որպէսզի Պաքուի մէջ այլ մեծ իրադարձութիւններ տեղի ունենան, օրինակ՝ «Ֆորմուլա 1» մրցաշարը, «Չմիաւորուած երկիրներու շարժում»ի խորհրդաժողովը, «Եւրոտեսիլը», «Եւրոպական խաղերը» եւ այլն:
7) Հաշուի առնելով Ալիեւի բուռն ցանկութիւնը Պաքուի մէջ կլիմայի Վեհաժողովը ամէն գնով գումարելու մասին, Հայաստան պէտք է ձգտէր բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման, այլ ոչ միայն անոնցմէ 32ին: Աւելին, Փաշինեան պէտք է պահանջէր ազատ արձակել Սեպտեմբեր 2023ի վերջը Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ բանտարկուած Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները։
8) Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ կը տառապին աւելի քան 100 հազար տարագիր արցախահայեր՝ զրկուած ամէնէն նախնական անհրաժեշտութիւններէն՝ բնակարանէ, սնունդէ եւ դեղորայքէ։ Արցախահայերը ձգած են իրենց ամբողջ ունեցուածքը Արցախի մէջ։ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է հայց ներկայացնէ Համաշխարհային դատարան՝ պահանջելով Ատրպէյճանէն փոխ հատուցում վճարել արցախահայերու բռնագրաւուած ունեցուածքին համար։
9) Վերոյիշեալ հարցերը լուրջ հարցադրումներ կ՛առաջացնեն Փաշինեանի հասցէին՝ անոր համախոհներուն կողմէ հնչած բարձր գովասանքին կապուած. անոնք կը հպարտանան, որ ան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է 32 հայ գերիներու ազատ արձակմամբ։ Անոնք չեն գիտեր, որ աւելի հմուտ հայ ղեկավարը կրնար շատ աւելի զիջումներ ստանալ Ատրպէյճանէն, քան քանի մը հայ գերիներու վերադարձը:
10) Փաշինեանի կողմնակիցները նաեւ հիացած են, որ օտարերկրացի տարբեր ղեկավարներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են գերիներու փոխանակման կապակցութեամբ՝ յուսալով, որ այդ մէկը երկու երկիրները կ՛առաջնորդէ «Խաղաղութեան պայմանագիր»ի ստորագրման։ Փաշինեանի կողմնակիցները չեն հասկնար, որ «Խաղաղութեան պայմանագիրը» իրականութեան մէջ խաղաղութիւն չի բերեր երկու երկիրներուն, քանի որ Ալիեւ արդէն խախտած է 2020ի համաձայնագիրի պայմաններուն մեծ մասը։ Ինչպիսի՞ երաշխիքներ կրնայ մէկը տալ, թէ կը յարգէ ապագայ համաձայնագիրները: Այս արտաքին ուժերը կը մտածեն միայն մէկ բանի մասին՝ իրենց շահերուն, այլ ոչ թէ Հայաստանի ազգային շահերուն։ Անոնք գոհ են, որ Փաշինեան բազմաթիւ զիջումներ ըրած է Ատրպէյճանի, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը օգուտ քաղէ Ատրպէյճանի նաւթէն եւ կազէն՝ անտեսելով հայկական շահերը եւ աչք փակելով Ալիեւի կողմէ սեփական ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն վրայ։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.