Հայաստան աշխատանք կը տանի անխոչընդոտ արագընթաց երթուղիի մը կառուցման, ինչպէս նաեւ միջոցներու տնօրինման (logistics) նոր ուղիներու եւ հանգոյցներու գործարկման ուղղութեամբ:
«Սփիւթնիք Արմէնիա» կը տեղեկացնէ, թէ շուտով Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եռակողմ հանդիպում մը Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի միջեւ՝ առեւտրական երթուղիի մը գործարկման վերաբերեալ:
Երեք երկիրներու երթեւեկի հաղորդակցութեան ոլորտներու ներկայացուցիչները պիտի ծանօթանան Չաբահար նաւահանգիստի ենթակառուցուածքներուն, պիտի քննարկեն նաւահանգիստին մէջ Հայաստանի գործունէութիւնը եւ երթուղիին շուտափոյթ գործարկման վերաբերող հարցեր:
Աւելի կանուխ, տնտեսութեան նախարարութենէն «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնեցին, որ ներկայիս Հայաստանի մասնակցութեան ձեւաչափը յայտնի չէ:
Նախարարութենէն ընդգծեցին, որ նոր երթուղիներու գործարկումը պիտի բարձրացնէ Հայաստանի առեւտրական ներուժը: Երեւան յուսալի կերպով մուտք պիտի ունենայ Հնդկաստան, ինչպէս նաեւ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երկիրներու հեռանկարային շուկաները:
Թերթը կը տեղեկացնէ, որ այս երթուղիով նախատեսուած է Պարսից Ծոցի երկիրներէն եւ Հնդկաստանէն ապրանքներու տեղափոխում դէպի Եւրոպական Միութիւն եւ ԵԱՏՄ: «Այսպէս, հնդկական Մումբայի նաւահանգստից բեռները կարող են առաքուել Չաբահար նաւահանգիստ (Իրանի հարաւ-արեւելքը), այնուհետեւ ցամաքային եղանակով` Հայաստան (կա՛մ աւտոմոբիլային ճանապարհով, կա՛մ երկաթուղով), այնուհետեւ` Վրաստան եւ արդէն այնտեղից` Բուլղարիայի կամ Յունաստանի նաւահանգիստներ, կամ էլ Ռուսաստան (ծովային նաւահանգիստներով կամ Վերին Լարս անցակէտով)», կը նշէ աղբիւրը։
Հայաստանի տարածքով անցնող ճամբան կարեւոր է Իրանի եւ Հնդկաստանի համար, որոնք կը ձգտին բազմաճիւղաւորել իրենց ապրանքներու մատակարարումները: Ներկայի ծովային անցումը բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։
Իրանի եւ Հայաստանի տարածքով երթուղին Հնդկաստանին եւ Պարսից Ծոցի երկիրներուն կարելիութիւն պիտի տայ 25 տոկոսով նուազեցնելու միջոցներու տնօրինման ծախսերը, ինչպէս նաեւ, գրեթէ կրկնակի, փոխադրութեան տեւողութիւնը (ներկայ դրութեամբ Սուէզի ջրանցքով անհրաժեշտ 40 օրեր ժամկէտը նուազեցնելով մինչեւ 18 օրերու): Հայաստան այդ պարագային պիտի դառնայ կարեւոր տարանցիկ հանգոյց մը:
Այսպիսով, Երեւանը Սեւ Ծովու վրացական նաւահանգիստներով Հնդկաստանը եւ Իրանը պիտի կապէ Եւրոպային եւ հակառակը` Եւրոպական Միութիւնը Հնդկաստանի հետ, իսկ Հայաստանի տարածքով միջանցքը Հնդկաստանին թոյլ պիտի տայ մուտք գործել Սեւ Ծովու նաւահանգիստները, ինչպէս նաեւ, աւելի կարճ երթուղիով` ԵԱՏՄի շուկայ:
Comments are closed.