«Հայաստան» Դաշինքի Բազմահազարնոց Ամփոփիչ Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

18 յունիսին` քարոզարշաւի վերջին օրը, «Հայաստան» դաշինքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբեց մեծաթիւ ժողովուրդ, որ եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու դաշինքին` այն հաւատքով եւ յոյսով, որ դաշինքին ճամբով կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը դուրս բերել ներկայ մղձաւանջային վիճակէն, վերականգնել հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը եւ գործել` կերտելու լաւ ու խոստմնալից ապագայ:

Հայաստանի բոլոր մարզերն ու քաղաքները այցելելէ, հաւաքներու եւ հանդիպումներու ճամբով բնակիչներուն կարիքներուն ծանօթանալէ ու դաշինքի նախընտրական ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, «Հայաստան» դաշինքի անդամները Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարեցին, որ իրենք պիտի գործեն Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերուն ի խնդիր:

Դաշինքի անդամ Գեղամ Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 20 յունիսին հայրենադաւ  կառավարութիւնն ու վարչապետի աթոռը գրաւած անձը պաշտօնապէս դուրս պիտի դրուին կառավարութեան շէնքէն` թիւ 24-ի յաղթանակով: «Այս շէնքէն պիտի վտարենք զիրենք, բայց տէր հայրը պիտի հրաւիրենք, որ աղօթքով այս շէնքը մաքրէ ազգամիջեան հակամարտութեան, դաւաճանութեան, մեր ազգային արժէքներու ոտնահարման այն դաւաճանական ոջիլներէն, որոնք երեք տարի շարունակ աճեցան: Անկէ ետք Հայաստանի կառավարութեան շէնքը պիտի վերածուի մեղուի փեթակի, 24 ժամ աշխատանքը կանգ պիտի չառնէ, լոյսերը պիտի չմարին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը կրկին ոտքի հանել», շեշտեց Մանուկեան:

Ըստ անոր, դաշինքը տասնեակ հազարաւորներու հետ անպայմանօրէն պիտի ընէ այդ բոլորը, նաեւ Արցախին ըսելու, որ ինք մինակ չէ, իսկ զինուած ուժերը պէտք է համոզուած ըլլան, որ իրենց թիկունքին կայ քաջ, խիզախ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն:

«Զինուորը պէտք է գիտնայ, որ ունի տէր, ամէն մարտական յենակէտի մէջ կանգնածը պէտք է գիտնայ, որ իր դիրքը համապատասխան կերպով պատրաստուած է, մեր քաղաքացին պէտք է իմանայ, որ անվտանգ կ՛ապրի` պաշտպանուած դուրսի թշնամիէն, ներքին անօրինականութիւններէն ու քաոսէն», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

«Հայաստան» դաշինքի այլ անդամ` Աննա Գրիգորեան ըսաւ, որ հրապարակին վրայ կանգնած են մարդիկ, որոնք կը միտին Հայաստանին  վերադարձնել յաղթանակները, հայուն` յաղթողի հոգեբանութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիին` արժանապատուութիւնն ու արդարութիւնը:

Ան շեշտեց, որ հոն կանգնած են մարդիկ, որոնք պատրաստ են իրենց հետ միասին կառուցելու ուժեղ Հայաստան:

«Ամբողջ քարոզարշաւին ընթացքին մենք խօսեցանք ուժեղ Հայաստան կառուցելու մեր տեսլականին եւ ծրագիրներուն մասին, եւ թոյլ տուէք անգամ մը եւս  ընդգծել, որ «Հայաստան» դաշինքը կու գայ` բերելու արժանապատիւ խաղաղութիւն, կայունութիւն, տնտեսական զարգացում եւ ներքին համերաշխութիւն: Կու գանք, որպէսզի թշնամին չկարողանայ իր ուզած պահուն մտնել մեր երկիրը, մեր տունը, որպէսզի մեր զինուորը կարողանայ ցոյց տալ իր բազուկի ուժը, կու գանք, որպէսզի մեր երեխաները դպրոցին մէջ ստանան որակեալ, ժամանակակից եւ ազգային արժէքներու վրայ խարսխուած կրթութիւն: Կու գանք, որպէսզի հայը, աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ գտնուի, այլեւս գլխահակ չքալէ, ինչպէս կը քալէ այսօր, այլ նորէն դառնայ յաղթանակներ կերտած ժողովուրդի զաւակ», նշեց Աննա Գրիգորեան` խոստանալով, որ 20 յունիսէն ետք սկսի ազգային վերելքը:

«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ օր մը առաջ հրապարակ բերուած էին քանի մը հազար քաղաքացիներ` իրենց կամքին հակառակ: «Այսօր անոնցմէ շատեր կրկին հոս են, սակայն այս անգամ իրենց ազատ կամքով, եկած են յանուն ուժեղ ու կայուն Հայաստանի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մեր հայրենակիցները դաշինքը կը տեսնեն իբրեւ իշխանութիւն, որ 21 յունիսին պիտի ստանձնէ պետութիւնը կառավարելու ղեկը եւ երկիրը դուրս բերէ այդ վիճակէն:

«Յունիս 20-ին պիտի մերժենք ամբոխավարութիւնը, դաւաճանութիւնը, սուտը, կեղծիքը: Նիկոլը գիշերը ապաստանարանին մէջ պիտի անցընէ:

«Առաջին օրերէն գիտակցեցանք, որ «Հայաստան» դաշինքը չ՛ընկալուիր որպէս ընդդիմութիւն, մենք ի՞նչ ընդդիմութիւն, մեր դաշինքը կը տեսնենք իբրեւ ուժ, քաղաքական միաւոր, որ պետութեան կառավարման ղեկը իր ձեռքը առնելով` Հայաստանը դուրս պիտի բերէ այս անել վիճակէն: Մենք պէտք է 24 ժամ շարունակ աշխատինք, որ ուղղենք մեր երկրի ողնաշարը», նշեց Վահէ Յակոբեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ  նախորդող 12 օրերուն ընթացքին «Հայաստան» դաշինքը այցելեց հանրապետութեան բոլոր մարզերը, ներկայացուց երկրին մէջ  ստեղծուած իրավիճակը, անկէ դուրս գալու  ուղիները, ինչպէս նաեւ` իր ծրագիրները:

«Անցնող օրերուն մենք առաւելագոյնս անտեսեցինք հակառակ կողմի զրպարտութիւնները, վայրագութիւնները, գոռգոռոցները: Մենք յիմարութիւններու վրայ ժամանակ չվատնեցինք: Մենք խօսեցանք Հայաստանի զարգացման եւ Հայաստանի երաշխաւորուած ապագային մասին: «Հայաստան» դաշինքն է այն քաղաքական ուժը եւ խումբը, որ կրնայ երկիրը դուրս բերել այս իրավիճակէն», շեշտեց ան:

Այս օրերուն մենք ունինք մէկ հիմնական խնդիր, ըսաւ Սաղաթէլեան` Հայաստանի քաղաքացիին բացատրել, որ այս պայքարը միայն մեր պայքարը չէ, ասիկա իւրաքանչիւր հայ մարդու կռիւն է, եւ այսօր մենք փաստեցինք, որ յաջողած ենք: Ան խոստացաւ, որ ամբողջ նախընտրական փուլին ներկայացուած ծրագիրները 20 յունիսէն ետք քիչ-քիչ իրականութիւն պիտի դառնան: «Մենք կը խոստանանք, որ մեր իւրաքանչիւր բառին եւ տառին համար պատասխան պիտի տանք եւ ձեր թիկունքէն գործարք պիտի չկատարենք, ձեզի եւ մեր պետականութեան պիտի չդաւաճանենք», հաստատեց Իշխան Սաղաթէլեան` յայտարարելով, որ 20 յունիսը իրենց կատարած աշխատանքները ամփոփելու եւ մեր յաղթանակը արձանագրելու օրն է:

«Այդ նպատակով ալ կը դիմեմ մեր սահմանապահ մարտիկներուն` մեր յանձնաժողովի անդամներուն եւ վստահուած անձերուն, ընտրական կեդրոններուն մէջ ըլլալու խիզախ եւ վճռական, եւ մինչեւ վերջ կռուելու ժողովուրդին քուէին համար, թոյլ չտալու որեւէ ընտրախախտում, պահպանելու օրէնքի տառը, իսկ անոնք, որոնք կը փորձեն խախտում ընել, տեղւոյն վրայ անոնց ձեռքը պիտի կոտրուի», յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը: Ան նաեւ դիմեց դաշնակցական այն ընկերներուն, որոնք 8 ամիս առաջ Արցախ կը գտնուէին: «Դուք այդ գործը կատարեցիք պատուով եւ նուիրումով: Հիմա մարտական առաջադրանքը փոխուած է, պայքարը տեղափոխուած է ընտրատեղամաս, ուստի ձեզմէ կը պահանջեմ, մեր միւս քաղաքացիներուն հետ թեւ-թեւի տուած, պայքարիլ ժողովուրդի քուէներուն համար: 20 յունիսին ընտրատեղամասերուն մէջ պիտի որոշուի  Հայաստանի ու Արցախի ապագան` յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի, յանուն ձեր ընկերներու յիշատակին, պարտաւոր էք մինչեւ վերջ պայքարելու, յունիս 20-ը Սարդարապատ է», շեշտեց Սաղաթէլեան:

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ քարոզարշաւի ընթացքին այցելած են հարիւրաւոր բնակավայրեր եւ հիմա արդէն շատ աւելի լաւ գիտեն մարդոց խնդիրները:

«Մենք սկսանք քարոզարշաւով եւ կ՛աւարտենք յաղթարշաւով: Ասիկա պայքար չէ իշխանութեան համար: Ասիկա պայքար է պետականութիւնը մեր ժողովուրդին վերադարձնելու համար:

«Երկրին առջեւ ցցուած են չորս հիմնական խնդիրներ` պաշտպանութիւն, սահմաններու անվտանգութիւն, Ղարաբաղի ապագան, տնտեսական վիճակ, անգործութիւն, արտագաղթ, ներքաղաքական գերլարուած մթնոլորտն ու ատելութիւնը, զորս երեք տարի շարունակ սերմանեց այս իշխանութիւնը: Այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ լուծում տալ այս խնդիրներուն, որովհետեւ իրենք են այս հարցերը ստեղծողը, օրական դրութեամբ տարածողն ու անկէ սնունդ ստացողը: Մենք եկած ենք վերջ տալու ամէն ինչին: Այսօրուան քաղաքական վերնախաւը պիտանի է մէկ բանի համար` իրենք կրնան վատ օրինակ ծառայել», յայտարարեց Քոչարեան:

«Մեր դաշինքը եկած է վերջ տալու այս բոլորին. 20 յունիսին ընտրութիւն է արժանապատիւ խաղաղութեան եւ ծնրադիր խայտառակութեան միջեւ, ասիկա ընտրութիւն է տնտեսական վերելք ունենալու եւ տնտեսական ճգնաժամը խորացնելու միջեւ, ասիկա ընտրութիւն է համերաշխութեան եւ թշնամանքի միջեւ: Մենք կը մերժենք այն բոլոր երեւոյթները, որոնք մեզ հասցուցին այս տխուր իրավիճակին», յայտնեց Քոչարեան:

Նախկին նախագահը ընդգծեց` բացի քուէարկելէ, պէտք է հերթապահութիւն կատարուի ողջ գիշերը, որպէսզի չգողնան ձայները:

«Կարելիութիւն տուէք ստանձնել պատասխանատուութիւնը` երկրի ապագային համար, յառաջ մղել երկիրը բոլոր ուղղութիւններով, վերակառուցել հզօր բանակ, հզօր տնտեսութիւն եւ ըլլալ կառավարութիւն ամբողջ ժողովուրդին համար, ոչ թէ իւրայիններուն համար. ա՛յս է մեր նպատակը», շեշտեց Ռոպերթ Քոչարեան:

«Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքի աւարտին Ռոպերթ Քոչարեան բեմ հրաւիրեց որդին` Լեւոն Քոչարեանն եւ կինը` Սիրուշոն, որ իր երկու երգերէն հատուածներ մեկնաբանեց եւ խանդավառեց ժողովուրդը:

Բազմահազարանոց հանրահաւաքի աւարտէն ետք «Հայաստան» դաշինքի անդամները երթով ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.