«Հայաստան» Դաշինքը Բազմամարդ Հաւաքներ Կ՛ունենայ Արտաշատ, Մասիս, Աւշար, Արարատ Եւ Վեդի Շրջաններուն Մէջ
15 յունիս 2021-ին, Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքը: Մինչ այս` դաշինքը եղած է Մասիս, Աւշար, Արարատ եւ Վեդի համայնքներուն մէջ:
Մասիսի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, թէ` «ակնյայտ է, որ այս ընտրութիւններուն հիմնական պայքարը տեղի կ՛ունենայ «Հայաստան» դաշինքի եւ իշխող քաղաքական ուժին միջեւ», աւելցնելով, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար զգացական բաժինը պէտք է մէկ կողմ դնել եւ փորձել հասկնալ իրավիճակը:
«Ինչո՞վ կը յատկանշուի ներկայ իշխանութիւնը. բացարձակ դատարկութիւն արհեստավարժութեան տեսանկիւնէն, կազմակերպչական ընդունակութիւններէ եւ բարոյական տեսանկիւնէ: Այս մարդիկը կը խոստանային խաղաղութիւն, բայց բերին պատերազմ, ունեցանք տարածքային կորուստներ, զոհեր: Սիրոյ եւ համերաշխութեան մասին խօսող մարդը հիմա կը շրջի մուրճը ձեռքը:
«Հայաստան» դաշինքը հանդէս կու գայ հաւասարակշռուած դիրքերէ եւ չ՛ըսեր, որ կու գայ մուրճով գլուխ ջարդելու: Մենք ունինք փորձառութիւն, ունինք գիտելիքներ, ունինք կենսագրութիւն եւ կու գանք երկիրը շէնացնելու», աւելցուց Քոչարեան:
Նոյնպէս Մասիսի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մենք կ՛աշխատինք ո՛չ զայրանալ, ո՛չ ալ զարմանալ վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի գործողութիւններուն վրայ, որովհետեւ գիտենք, թէ որո՛ւն հետ գործ ունինք»:
Իշխան Սաղաթէլեան աւելցուց. «Մենք անընդհատ կ՛ամչնանք եւ կ՛ափսոսանք, որ Նարեկացի, Նժդեհ ու Դրօ, Վարդան Դուշման ու Թաթուլ ծնած ազգը, ժողովուրդը կը ղեկավարէ ծաղրածու, խեղկատակ մը, որ երկիրը հասցուցած է անդունդի եզրին ու կը շարունակէ քաջ Նազարի բախտով արշաւը մեր գիւղերուն մէջ: Կը շարունակէ սպառնալ համայնքներու եւ հիմնարկներու ղեկավարներուն, Հայաստանի արժանապատիւ ու գիտակից քաղաքացիներուն վրայ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան: