Հայաստանն Ու Իրանը Կ՛աշխատին Արաքսի Վրայ Նոր Կամուրջի Նախագիծի Վրայ

Հայաստանն ու Իրանը կ՛աշխատին Արաքս գետին վրայ նոր կամուրջի կառուցման նախագիծի վրայ: Այժմ մասնագէտները թեքնիք եւ տնտեսական ուսումնասիրութիւն կը կատարեն կամուրջի հետագայ նախագծման համար: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Քրիսթինէ Ղալեչեան:

«Մենք պէտք է ճշդենք կամուրջի կառուցման թեքնիք ցուցանիշները: Հաշուի պիտի առնուին գործող կամուրջի շրջագիծերը, մասնաւորաբար` ատոր թողունակութիւնը», ըսած է Ղալեչեան:

Չի բացառուիր, որ նոր կամուրջը արդէն իսկ գործող կամուրջին զուգահեռ կառուցուի: Միեւնոյն ժամանակ փոխնախարարը կոչ ուղղած է չշտապելու եւ սպասելու թեքնիք ու տնտեսական ուսումնասիրութեան աւարտին, որ պիտի օգնէ որոշել նոր կառոյցի երկայնքը, լայնքը, թողունակութիւնը եւ այլ տուեալները:

Ինչ կը վերաբերի «Հիւսիս-հարաւ» ինքնաշարժային ճամբու ամէնէն հարաւային հատուածի կառուցման` Իրանին սահմանակից Ագարակէն մինչեւ Քաջարան քաղաք (32 քիլոմեթր), Ղալեչեան նշեց, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշխատանքներու գործնական փուլը պիտի սկսի 2024 թուականի փետրուարին:

 

Comments are closed.