Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Հարցը Կայ. Փաշինեան

Մեր օրակարգին վրայ կա՞յ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման հարցը. ԱԺ յատուկ նիստին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հարցուց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը։

ՀՀ վարչապետը նշեց՝ ինչպէս միշտ, այսօր ալ օրակարգին վրայ այդ հարցը կայ, բայց արդէն պէտք է օրակարգէն տեղափոխել քննարկումներու սեղան։

«Այո՛, ինչպէս մեր օրակարգին վրայ եղած է, այդպէս ալ կայ։ Մենք կ՝երթա՞նք դէպի այդ, թէ՞ ոչ, մենք նաեւ ձեր հարցէն ետք հրապարակային պէտք է շատ լրջօրէն քննարկենք, եւ գործնականօրէն հիմա հաւանաբար հանրային քննարկում ալ սկսի։ Մենք հիմա կը քննարկենք բոլոր հնարաւորութիւնները, իրադարձութիւններու զարգացման բոլոր սենարները, եւ դուք ձեւակերպեցիք հարցերու շրջանակ»,- նշեց վարչապետը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.