Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նոր Նախապայման. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Սահմանները Յստակացուին Եւ Փոխադարձաբար Ճանչցուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ Ազրպէյճան մեկնած էր Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ օդակայանի բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով, խօսած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին` դարձեալ նախապայման ներկայացնելով:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան ըսած է. «Ազրպէյճանի նկատմամբ անկեղծ կամք դրսեւորելու պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ այլեւս որեւէ խոչընդոտ պիտի չըլլայ: Շատ կարեւոր է, որ սահմանները յստակացուին եւ փոխադարձաբար ճանչցուին: Այս ըմբռնումը կը կազմէ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն հիմը»:

Թուրքիոյ ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ իրենք պիտի շարունակեն աջակցիլ «եղբայրական Ազրպէյճանին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.