Հայաստանը Եւ Արցախը Խստիւ Կը Դատապարտեն Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Ձեռնարկին Ազրպէյճանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Մասնակցութիւնը
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Շուշիի մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկ կազմակերպած են` նուիրուած ՄԱԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, որ ՄԱԿ-ին` Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը պիտի նշուի «ազատագրուած Շուշիի մէջ, ուր պիտի ծածանի ՄԱԿ-ի դրօշը, եւ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի կառոյցներու պաշտօնական ներկայացուցիչներ»:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ՄԱԿ–ի Մնայուն Համակարգողի Պաշտօնակատարին Խիստ Բողոքագիր Ներկայացուց
Հայաստանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրս Եահիան հրաւիրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Հանդիպումի ընթացքին ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատարին յայտնուած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներգրաւումը 18 մարտին Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին եւ այդ առնչութեամբ ներկայացուած է արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիրը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջած է ՄԱԿ-էն քայլերու ձեռնարկել` վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի չէզոք դիրքորոշումը:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՄԱԿ-ին` Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը Շուշիի մէջ կազմակերպելու` Պաքուի որոշումը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտնէ, որ ասիկա Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Արցախի նկատմամբ իր յարձակողականութեան արդիւնքներու օրինականացման` փորձելով այդ հոլովոյթին մէջ ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ զանազան կառոյցներ:
«ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներէն մէկը հանդիսացող բնակավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին կը հակասէ միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներուն, գաղափարախօսութեան ու առաքելութեան եւ, անկասկած, պիտի օգտագործուի Ազրպէյճանի կողմէ իր մարդատեաց եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան օրինականացման նպատակով: Ասիկա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿ-ի հեղինակութեան, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան վրայ», յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Մինչ այդ, 18 մարտին, ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի հայերուն համարկումը Պաքուի հիմնական առաջնահերթութիւններէն է:
«Քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ անոնց (հայերուն) իրաւահաւասարութիւնը կը հանդիսանայ գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը», յայտնեց ազրպէյճանցի պաշտօնեան:
Պաքու. «Ազրպէյճանի Գերիշխան Տարածքներուն Մէջ Ձեռնարկներուն Միջազգային Կազմակերպութիւններու Մասնակցութիւնը Հայաստանի Իրաւասութեան Մէջ Չէ»
Ազրպէյճանի «գերիշխան տարածքներուն մէջ» որեւէ ձեռնարկի կազմակերպումը եւ ատոր միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը չի մտներ Հայաստանի իրաւասութեան մէջ: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա` մեկնաբանելով Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մասնակցութեան վերաբերեալ Երեւանի բողոքը:
«Հայաստանի` այլ պետութեան ներքին գործերուն միջամտութիւնը անհիմն է եւ անընդունելի», ընդգծած է Ապուլայեւա` պնդելով, թէ Շուշին «Ազրպէյճանի հնագոյն տարածքն է»: