ՀԱՄԱ-Հ.Մ.ԸՄ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ Բ.» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը։

Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի։

Մամլոյ ասուլիսին խօսքերով հանդէս եկան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա), մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսիլեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան)։

Տիրան Վահրատեան այս առիթով ամփոփ գիծերով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 104-ամեայ պատմութիւնը, կառոյցը եւ նպատակը, նշելով թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակը եղած է ու կը մնայ սկաուտութեան եւ մարզական գործունէութեան ճամբով միտքով ու մարմինով առողջ, հայեցի դիմագիծով, հայրենասէր եւ ազգասէր հայեր պատրաստել։

Սանտրա Վարդանեան ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի կառոյցը, որ արդէն ունի 33 տարուան պատմութիւն եւ կը գործէ Երեւանի մէջ 7 եւ Երեւանէն դուրս 5 աշխոյժ մասնաճիւղերով։

Ապա, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսիլեան խօսեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն մասնակից պատուիրակութիւններուն եւ կիրարկուած մարզախաղերուն մասին։ Ան ըսաւ, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 19 շրջաններէն, առաւել՝ Թեհրանի «Արարատ» միութենէն 645 մարզիկներ։ Իբրեւ նորութիւն, առաջին անգամ ըլլալով, մարզախաղերուն կը մասնակցին նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ 184 պատանիներ եւ երիտասարդներ, 12-22 տարեկան։Երկու օրուան վրայ երկարելիք անոնց մարզախաղերը կը կոչուին «Հրաշք» մարզախաղեր։

Մամլոյ ասուլիսին արտասանուած խօսքերէն ետք, մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ թղթակիցներու հարցումներուն։

Յայտնենք, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը կը սկսին Հինգշաբթի, 21 Յուլիսին, իսկ մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի «Հայ մարզիկի օրը»՝ 22 Յուլիսի երեկոյեան, «Ազատութեան» հրապարակին վրայ կատարուած մեծաշուք հանդիսութեամբ։ Հանդիսութեան կը նախորդէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ մարզախաղերու ջահին ջահավառութիւնը եւ մասնակից պատուիրակութիւններու տողանցքը՝ Մատենադարանի մօտէն մինչեւ «Ազատութեան» հրապարակ։

Նախքան մարզախաղերու մեկնարկը, Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 9.30-ին (Երեւանի տեղական ժամանակացոյցով), մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ յարգանքի իրենց տուրքը կու տան Արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներուն ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12 նահատակներուն յատկապէս։

Եռաբլուր այցելութիւնը, ինչպէս մարզախաղերու գլխաւոր բոլոր հանդիսութիւնները, ուղղակիօրէին կը սփռուին «Երկիր Մեդիա»յի (Երկիր Մեդիա – Yerkir Media TV) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի (Homenetmen- ՀՄԸՄ) պաշտօնական էջերէն։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.