Համահայկական Կրթական Խորհրդաժողովը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

16-էն 21 օգոստոս 2022-ին մասնակցեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան (այսուհետեւ` ԿԳՄՄ) կազմակերպած «Համահայկական կրթական 10-րդ խորհրդաժողով»-ին: Այս խորհրդաժողովները 2004-էն ի վեր կը գումարուին երկու տարին անգամ մը եւ կը համախմբեն աշխարհի չորս ծագերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Արցախէն ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ կրթական պատասխանատուներ, նախորդը` 9-րդը կատարուած էր առցանց, 2020-ին, համաճարակին պատճառով:

Թէեւ յայտարարուեցաւ, որ խորհրդաժողովին ներկայ եղած են 21 երկիրներու կրթական կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներ, պէտք է ըսել սակայն, որ շատ մը շրջաններ լրիւ կը բացակայէին, մինչ ուրիշներ խորհրդանշական մասնակցութիւն ունէին: Ինչպէս Լիբանանը, որուն միակ մասնակիցը… ես էի: Սուրիան եւս ներկայացուած էր հայաստանաբնակ նախկին ուսուցիչներով, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներկայ էր միայն Եգիպտոսը` մէկ ներկայացուցիչով:  Եւրոպա ու Ամերիկաներ` բացակայ: Այս պայմաններուն տակ, ներկաներուն ստուար մեծամասնութիւնը եկած էր Վրաստան-Ջաւախքէն եւ Ռուսիայէն:

Բացակայութիւններու մեծ թիւը կը բացատրուի խորհրդաժողովի ուշ կազմակերպութեամբ: Պետական անհրաժեշտ որոշումը կայացած էր յունիսի վերջին, երբ փակուած կ՛ըլլան արդէն դպրոցները: Պետական նման անփոյթ վերաբերումը, գումարած ԿԳՄՄ նախարարին բացակայութիւնը բացման նիստին, իսկ նախարարի տեղակալի միայն փակման նիստին մասնակցութիւնը, առիթ հանդիսացան խորհրդաժողովի մասնակիցներուն արդարացի դժգոհութեան:

Խորհրդաժողովի գործնական կազմակերպիչ` սփիւռքի հետ կապերու վարչութիւնը զանց առած էր պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ սովորաբար տեղի կ՛ունենար Երեւանի մէջ: Պատճառը` «Սուրմալու» տօնավաճառի աղէտալի պայթումն ու հրդեհն էր. խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Աղվերանի մէջ, ուր գործնապէս չորս օրերու վրայ գումարեց 8 լիագումար եւ մասնախումբերու 11 նիստեր: Օրակարգը կ՛ընդգրկէր հիմնական երեք ուղղութիւններ. Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, արեւմտահայերէնի ուսումնասիրման ուղղութեամբ կատարուող գիտական աշխատանքները եւ ԿԳՄՄ նախարարութեան սփիւռքի համար իրականացուող  ծրագիրները:

Շնորհիւ Հայաստանի համալսարանական որոշ մասնագէտներու (յատկապէս` Մանկավարժական համալսարանէն), Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկի աշխատակիցներու եւ սփիւռքէն մասնակիցներու, խորհրդաժողովը յաջողեցաւ բազմակողմանի ու խոր քննութեան ենթարկել օրակարգի հարցերը:

Կարիքները շատ են, բայց աւելի շատ են արգելքներն ու դժուարութիւնները: Յիշենք անոնցմէ ոմանք: Արցախի մէջ վիճակը, մերձաւորարեւելեան երկիրներու տագնապները, որոշ երկիրներու մէջ (օրինակ` Վրաստան) ոչ բարենպաստ պայմանները, թէ՛ ամէնօրեայ եւ թէ՛ միօրեայ դպրոցներուն մէջ միասնական կրթական քաղաքականութիւն կիրարկելու անհնարինութիւնը, ուսումնամեթոտական միջոցներու բացակայութիւնը, հայերէնագիտական նիւթերու ծրագիրներու բացակայութիւնը, մանկավարժական անձնակազմերու բացակայութիւնը… շարքը կարելի է երկարել: Նման ժխտական պայմաններու առկայութիւնը, վտանգաւոր` եկող սերունդներու ազգային դաստիարակութեան տեսակէտէն, կը  պահանջէ լուրջ սերտողութիւն եւ անմիջական միջոցառումներու ձեռնարկում: Բան մը, որուն գիտակցումը չենք տեսներ, ուր մնաց` նաեւ սրբագրութեան համար նախաձեռնութիւնները:

Խորհրդաժողովը մշակեց յանձնարարութիւններ, որոնք որդեգրուած բանաձեւի ճամբով շուտով կը դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:

Այս յանձնարարութիւնները ուղղուած են Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական պատասխանատու մարմիններուն ու յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնցմէ կ՛ակնկալուի կրթական ասպարէզին վերաբերող հարցերու լուրջ ու արմատական վերանայում ու նպատակաուղղուած աշխատանք` կրթական համակարգը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:

Խորհրդաժողովները քաղաքականութիւն մշակող համախմբումներ չեն: Զանազան միջավայրերէ եկած կրթական մշակներու փոխադարձ ծանօթութիւնը, իւրաքանչիւրին դժուարութիւններուն իրազեկումը, փորձառութիւններու փոխանակումը կը հարստացնեն ազգային կեանքի այս կենսական բաղադրիչի բազմակողմանի քննութիւնը: Յանձնարարութիւնները կարեւոր են, առարկայական ու գործնապաշտ: Հարկ է գործադրել զանոնք անյապաղ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.