Համահայկական Խաղերու Ջահը Վառած է Մուսա Լերան Գագաթին (տեսանիւթ)

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ ժամանած է Կիլիկիայ:

Մուսա Լերան ստորոտը՝ Վագըֆ գիւղի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուած է պատարագ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուած է խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպեռ Պոյաճեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Համահայկական խաղերու կազկոմիտէն։

ՀԽՀԿ փոխնախագահ Ռոլանտ Շառոյեանի կարծիքով՝ այս արարողութիւնը մէկ անգամ եւս կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլայ, իր հաւաքական միտքը ուղղուած պիտի ըլլայ հայրենիքը միասնութեան միջոցով պահելուն, պահպանելուն ու զարգացնելուն:

«Կեանքը ցոյց տուած է, որ երբ կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք պառակտուածութեան իբրեւ արդիւնք, եւ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի գոնէ վերագտնենք մեզի եւ ըլլանք իսկապէս պահանջատէր ու հասնինք գոնէ կորուստի նուազագոյն վերականգնման գործընթացին»,- նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

Վառած կրակը Մուսա Լերան գագաթ հասցնելու իւրատեսակ յաղթարշաւի բոլոր այլ մանրամասնութիւնները պիտի ցուցադրուին Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ: ՀԽՀԿ գործկոմի անդամ Պերճ Հալաճեան ջահի վառման եւ տեղի ունեցած իրադարձութեան վերաբերեալ ըսած է. «Բախտ ունեցանք այսօր, այս սերունդի մարդիկ, որ տեսանք ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս սերունդը տէրն է այս գործին եւ հայապահպանման այս պահուն»:

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ պատմական Կիլիկիոյ բերդեր` Լեւոն Երկրորդ թագաւորի բերդ եւ մայրաքաղաք Սիսի միջնաբերդ:

Համահայկական 7-րդ խաղերը այս տարի պիտի կայանան Օգոստոսին: Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ` Օգոստոս 6-ին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.