Համահայկական Առեւտուրի Ցանցը կոչ կ՚ուղղէ սփիւռքահայ գործարարներուն ներդրում կատարելու հայրենիքի մէջ

Համահայկական Առեւտուրի Պալատը, որ նաեւ ծանօթ է որպէս Հայկական Առեւտրային Ցանց (ATN-ՀԱՑ), վերջերս կոչ ուղղած է ափիւռքահայ գործարար համայնքներուն՝ աւելի աշխոյժ ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ եւ օժանդակելու Հայաստանի հետ համաշխարհային կապերու զարգացման գործին: Արմենփրեսի փոխանցմամբ՝ կազմակերպութիւնը նաեւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու ափիւռք-Հայաստան, ինչպէս նաեւ միջազգային գործարարական կապերու զարգացման։ Կոչը լոյս տեսած է ATN-ի լրաբերին մէջ:

«Այս օրերին, մեր հայրենիքի նորօրեայ պատմութեան ամենափայլուն էջերից մէկն է կերտւում», ըսուած էր անցեալ տարուան Ապրիլին հրապարակուած ATN-ի գործադիր խորհուրդի յայտատարութեան մէջ (կարդալ), ուր նաեւ կազմակերպութիւնը յոյս յայտնած էր, որ յառաջիկային կառավարութեան բարեփոխումներու ծրագիրը՝ միտուած գործարար արդար մրցակցութեան եւ ներդրումային դաշտի բարելաւման, պիտի ըլլայ խորքային, համարձակ ու համապարփակ։

ATN-ի կոչը կ՚անդրադառնայ վերջերս հրապարակուած Կառավարութեան Տնտեսական Յեղափոխութեան հնգամեայ ծրագրին, որ կ՚ենթադրէ խորքային բարեփոխումներ։ «Մենք ողջունում ենք Նոր Հայաստանի կառավարութեան լուրջ մտադրութիւնները, յատկապէս շուկայական անազնիւ յարաբերութիւնները եւ աչառութիւնները արմատախիլ անելու հարցում», ըսուած է կոչին մէջ։

Ինչպէս կը նշուի, յեղափոխութենէն ետք ATN-ի ներկայացուցիչները հանդիպած են պետական պաշտօնեաներու հետ եւ ներկայացուցած՝ իրենց տեսակէտներն ու կառոյցը՝ միջազգային հայկական գործարար նոր հարթակը, որ էական հեռանկարային արժէք կը ներկայացնէ Հայաստանի համար։

2018-ին ATN-ի անդամ կազմակերպութիւնները հիւրընկալած են փոխ վարչապետ Տիգրան Աուինեանի գլխաւորութեամբ Թորոնթօ եւ Լոս Անճըլըս մեկնած առաջին տնտեսական պատուիրակութիւնը։ Աշնան 6 անդամ կազմակերպութիւններէն մօտ երկու տասնեակ ներկայացուցիչներ մասնակցած էն Ֆրանսախօսութեան տնտեսական ֆորումին։ Յունուարին Ցիւրիխի մէջ ՀՀ վարչապետին պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ տեղի հայկական առեւտրային պալատին կողմէ։ Այլ փոխգործակցութիւններ կը շարունակուին տեղի ունենալ։

Կոչին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ ATN-ը սկսած է հրապարակել շաբաթական գործարար լուրերու ամփոփում Հայաստանի մասին իր համընդհանուր գործարար համայնքին համար եւ պատրաստ է օժանդակելու այդ գործին: ATN-ի կոչը ուղղուած է իր անդամ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ ափիւռքի բոլոր գործարարներուն՝ ներգրաւուելու եւ օժանդակելու Հայաստանի հետ համաշխարհային կապերու զարգացման գործին։

ՀԱՑ-ը միակ միջոլորտային համահայկական գործարար կազմակերպութիւնն է, որ կը ներառէ 18 ընկերութիւններ 13 երկիրներէ։ Կազմակերպութեան նպատակն է վերակառուցել հայկական դարաւոր առեւտրային ցանցերը՝ նպաստելով նոր կապերու առաջացման եւ նոր հարթակ ստեղծելով ափիւռքի եւ Հայաստանի առեւտրարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարար միութիւններու համար գիտելիքի եւ փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ նպաստել Հայաստանի տնտեսական զարգացման օրակարգին։ Համաշխարհային հայկական գործարար ցանցը կրնայ նշանակալի արժէք ներկայացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ափիւռքի գործարար համայնքներուն համար։

Հայերը անցեալին վճռական դեր խաղացած են միջազգային առեւտրային յարաբերութիւններուն մէջ համաշխարհային ազդու համամասնակցութեամբ։ ՀԱՑ-ը կը ձգտի վերահաստատել այդ համաշխարհային կապերը եւ միաժամանակ օժտել Հայաստանը եզակի ցանցային հարթակով ապագային։ Այսօր մենք միակ միջհամայնքային գործարար հարթակն ենք, որ կը միաւորէ ափիւռքի գրեթէ բոլոր առեւտրային պալատները եւ գործարար խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երկու մեծագոյն գործարար ՀԿ-ները (Հասարակական Կազմակերպութիւններ)։ Մեր միասնական նպատակն է զարգացնել համաշխարհային կապերը մեր գործարար համայնքներուն միջեւ եւ խթանել առեւտուրն ու ներդրումները Հայաստանի մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.