ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւններու ԺԲ. Եռակողմանի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ին, կ.ե. ժամը 1:00-4:30, առցանց դրութեամբ։ Ժողովին կը մասնակցէին Կեդրոնական վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի չորս ընկերները, Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն՝ հինգ, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն՝ ութ եւ Գանատայի Շրջանային վարչութենէն հինգ ընկեր-ընկերուհիներ։
Առաջին հերթին, երեք շրջանային վարչութիւնները զեկուցեցին վերջին տասներկու ամիսներուն իրենց նախաձեռնած նոր ծրագիրներուն մասին, որոնք համավարակի պայմաններուն մէջ ներկայացուած են առցանց դրութեամբ։ Այդ ծրագիրներէն յատկապէս նշելի են Արեւմտեան Ամերիկայի Հարթակ հաղորդումները, Արեւելեան Ամերիկայի Փեթակ աշխատանոցները եւ Գանատայի խօսակցական հայերէնի ուսուցման ծրագիրը։
Օրակարգի յաջորդ հարցն էր երեք Շրջանային վարչութիւններու միատեղ կազմակերպութեամբ վեց տարիներէ ի վեր գործող ArtLinks երիտասարդական հաւաքը, որ 2020-ին կայացաւ առցանց ձեւաչափով։ Քննուեցան այս հաւաքի շարունակականութիւնը ապահովելու շարք մը կազմակերպական եւ տնտեսական խնդիրներ։ Ժողովը որոշեց ըստ կարելիութեան՝ 2021-ի հաւաքը կազմակերպել ֆիզիքական ներկայութեամբ Գալիֆորնիոյ մէջ, 2022-ին՝ Արեւելեան Ամերիկայի, իսկ 2023-ին Գանատայի մէջ։
Ապա ժողովը քննեց երեք շրջաններու միջեւ ձեռնարկներու փոխանակումի, հաղորդակցական կապերու ուժեղացման եւ կառավարական կամ հանրային հաստատութիւններէ նպաստներ ստանալու կարելիութիւններու հարցերը։ Այս խնդիրներուն բարւոք լուծումներ տալու առաջադրութեամբ ժողովը յանգեցաւ համապատասխան որոշումներու։
Վերջապէս, ժողովը անդրադարձաւ Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող Արցախի մանուկներ ծրագրին, որ կը միտի հոգալ պատերազմի արհաւիրքը ապրած Արցախի մանուկներուն կրթական, մշակութային եւ հոգեբանական կարիքները, այդպիսով նպաստելու համար անոնց հոգեկան ու մտաւոր առղջութեան։ Երեք Շրջանային վարչութիւնները յանձնառու եղան յաջորդ մի քանի ամիսներուն ապահովելու այդ ծրագրի իրականացման հարկաւոր նիւթական միջոցները։
Վերջապէս, ժողովը վերահաստատեց ԱՄՆի եւ Գանատայի տարածքին Համազգայինի գործունէութիւնը աշխոյժ պահելու՝ այլեւ տարածելու կարեւորութիւնը, ու ճշդեց այդ գծով Շրջանային վարչութիւններու առաջնահերթութիւնները։
9 Դեկտեմբեր 2020
ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութիւն
ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւն
Գանատայի Շրջանային վարչութիւն