Հաղորդագրութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ շրջանային ժողովի

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովը կայացաւ Տեսինի մէջ, 11-12-13 Սեպտեմբեր 2020-ին: Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ եւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէ ընտրուած պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորին` Նոր Սերունդին եւ ուղեկից միութիւններուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ժողովը քննարկեց Եւրոպայի տարածքին ներազգային, ընկերային, համայնքային, քաղաքական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ներկազմակերպական աշխատանքներու գծով կուսակցութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան առնչուող հիմնական հարցեր:

Պատգամաւորները ի մասնաւորի քննարկեցին Եւրոպական տարբեր երկիրներու քաղաքական իրավիճակը, Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումը եւ յարաբերութիւնները տուեալ երկիրներու իշխանութեանց եւ հիմնական կուսակցութեանց նկատմամբ, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հայ համայնքներու տակաւ կազմակերպումը, ընդ որում` յանձնառու երիտասարդութեան էական դերը: Ժողովը ողջունեց Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններուն հետ հեզասահ գործակցութիւնը, հակառակ` ընդհանրապէս կառավարութեան այս գծով վարած յոռի քաղաքականութեան: Թափանցիկ ու բազմակողմանի յետադարձ քննութիւն ը կատարուեցաւ Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութեանց ամբողջ հոլովոյթին ու այնտեղ մեր արձանագրած յաջողութիւններուն ու միաժամանակ բացթողումներուն: Ընտրական այս ծիրէն ներս, ճշդուեցան նաեւ յառաջիկային որդեգրելիք քայլերը:

Շրջանային Ժողովը քննարկեց թէ՛ հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն եւ թէ՛ Եւրոպայի դէմ ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, որ հետզհետէ կը ստանայ ակրեսիւ բնոյթ: Ընդհանրապէս պաշտօնական Անգարայի ու մասնաւորապէս նախագահ Էրտողանի սպառնական բացայայտ ելոյթները Եւրոպական Միութեան ու յատկապէս Ֆրանսայի նկատմամբ մտահոգիչ զարգացում նկատելով, ժողովականները լուսարձակի տակ առին Եւրոպայի հայկական լոպին յականէ անուանէ հարուածելու Էրտողանի յայտարարութիւնները եւ անոնց դէմ տարբեր ու լրջագոյն միջոցառումներ որդեգրելու քայլերը: Ֆրանսայի մէջ Գորշ Գայլերու սանձարձակ ներկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ Հայ Դատի Մարմինի նախաձեռնած եւ ՖՀԿԽ-ի կողմէ զօրակցութիւն ու գործակցութիւն վայելող քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի հակազդեցութիւնը շարունակելու վճռականութիւնը հանդիսացաւ ժողովի էական որոշումներէն մէկը: Շրջանային Ժողովը միաժամանակ շեշտը դրաւ կուսակցութեան կառոյցներու եւ աշխատելաոճի արդիականացման, ինչպէս նաեւ հանդիպումներու եւ նախագիծերու մշակման ճամբով` համայնքի անխտիր բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ Հ.Յ.Դ.-ի կապերու ամրապնդման վրայ:

Այս քննարկումներու լոյսին տակ, Շրջանային Ժողովը կուսակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցներուն պարտականութիւն տուաւ շարունակելու Արցախի ժողովուրդին ու բանակին, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, իրերայաջորդ տարբեր պատճառներով սուր տագնապ ապրող Սփիւռքի մայր գաղութին` լիբանանահայութեան օժանդակութեան պարտաւորութիւնը: Միաժամանակ, ժողովականները քննարկելէ ետք Ջաւախքի իրավիճակը, վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը ջաւախքահայութեան իրաւունքներուն գծով: Շրջանային Ժողովը, վերոյիշեալ քննարկումներուն ու որոշումներուն լոյսին տակ, յառաջիկայ երկու տարիներուն համար ընտրեց Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ, հետեւեալ կազմով. Մարիէթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Երուանդ Պառաւեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Շիրինեան, Նուպար Վարդանեան, Հրաչ Վարժապետեան:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Փարիզ, 13 սեպտեմբեր 2020թ.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.